Հնչեցնելով Զիջումը

FotorCreatedՀայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր վերջին հրապարակային ելոյթին մէջ, Արցախի հարցով կատարեց հետեւեալ հաստատումը.

«Կրկնում եմ՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման ճանապարհին միակողմանի զիջումներ չեն լինելու: Բացառւո՛ւմ է: Լեռնային Ղարաբաղը երբեք չի լինելու Ադրբեջանի կազմում: Բացառւո՛ւմ է: Մէկ անգամ եւս կրկնում եմ՝ բացառւո՛ւմ է: Ես իմ ողջ գիտակցական կեանքը իրականում նուիրել եմ այս խնդրին: Եւ իմ ժողովրդի համար ընդունելի տարբերակի հասնելու համար, միշտ պատրաստ եմ եղել զոհաբերել ոչ միայն ցանկացած պաշտօն, այլեւ՝ կեանքս: Դա այդպէս է եղել երէկ, այդպէս է այսօր, այդպէս է լինելու վաղը»:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ուրեմն՝ միակողմանի զիջում պիտի չըլլայ, Ղարաբաղը Ատրպէյճանին մաս պիտի չկազմէ եւ մեր ժողովուրդին համար ընդունելի տարբերակ ապահովելու համար զոհաբերուելու պատրաստ է նախագահը:

Արցախի նախագահը, Ֆրանսայի խորհրդարանի պաշտօնաթերթին՝ Le Journal du Parlement-ի թղթակից Օլիվիէ տէ Թիլիէրի հետ հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ որեւէ հակամարտութեան կարգաւորում, «յատկապէս երբ խօսքը Ադրբեջանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ընթացող նման բարդ հակամարտութեան մասին է, պէտք է լուծուի համապարփակ կերպով, ողջամիտ եւ համարժէք փոխզիջումների միջոցով: Մենք պատրաստ ենք փոխզիջումների, եթէ դրանք չեն սպառնում մեր անվտանգութեանը եւ եթէ դրանք հակառակորդին նոր ագրեսիա (յարձակում-Խմբ.) սկսելու հնարաւորութիւն չեն տալիս»:

Ողջամիտ, համարժէք փոխզիջումներ, որոնք պէտք չէ սպառնան Արցախի անվտանգութեան:

Երկու հանրապետութիւններու առաջին դէմքերու փոխզիջումներուն մասին յայտարարութիւններէն ետք հանդէս կու գայ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, որ կը յայտարարէ, թէ իր կարծիքով՝ «փոխզիջումների, նմանատիպ հարցերի շուրջ խօսելը պարտուողականութի՛ւն է, որովհետեւ առ այսօր ես Բաքուից չեմ լսել որեւէ յայտարարութիւն զիջման մասին: Երբ որ Բաքուն խօսի զիջումների մասին, այն ժամանակ կարելի է խօսել փոխզիջումների մասին: Քանի դեռ այնտեղ չեն խօսում, ապա ինքնին նոյնիսկ այդպիսի հարցեր բարձրացնելը, կարծում եմ, կոռեկտ (ճիշդ-Խմբ.) չէ, առնուազն՝ կոռեկտ չէ՛»:

Քոչարեանի այս համարձակութիւնը իսկապէ՛ս նշանակալի է: Եթէ այդ յայտարարութենէն անմիջապէս ետք նախագահը զայն պաշտօնանկ չէ ըրած, ուրեմն՝ համաձայնեցուած արտայայտութիւն մըն է, պատգամ մը փոխանցելու՝ նախ Ատրպէյճանի իշխանութեանց, ապա նաեւ միջազգային շրջանակներուն:

Կարելի է ենթադրել, որ նախագահ Սարգսեան ինչ որ պարտաւորութեան տակ կը հնչեցնէ զիջում կամ փոխադարձ զիջում բառը։

Կարելի է նաեւ ենթադրել, որ նախագահ Սահակեան ինչ որ ճնշման տակ, որ շատ հաւանաբար կու գայ նախագահ Սարգսեանէն, ինք եւս կը հնչեցնէ զիջումը՝ «համարժէք»ով ու «փոխադարձով» պայմանաւորուած: Նոր պատերազմէն դուրս եկած Արցախի նախագահէն, սակայն, պիտի ակնկալուէր, որ կարենար մերժել ամէն տեսակի ճնշում, եւ իր բերնէն զիջումներու մասին խօսք չ՛արտաբերէր, առնուազն՝ թէ՛ Արցախի ժողովուրդին եւ թէ սահմանը պաշտպանող զինուորներու բարոյական կորովը չտկարացնելու նկատառումով:

Բանակցութիւններու ընթացքին, երբ խօսք կ՛ըլլայ երկու կողմերու ժողովուրդները «լուծման» մը պատրաստելու կարեւորութեան եւ պարտաւորութեան մասին, պարզապէս զիջումի գաղափարը ընկալելի դարձնելու նպատակն է որ կը հետապնդուի:

Մենք պէտք չէ մեղսակից ըլլանք այդ քարոզչական դաւադրութեան, ու այս գործընթացին մէջ ամուր, անզիջող կանգնելու կեցուածքին տիրութիւն պէտք է ընենք՝ բոլորո՛վ:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել