Բանակցային Գործընթացի Թեման Հողերը Չեն

karoԱրցախի հարցի կարգաւորման բանակցութիւններու կապակցութեամբ վերջերս շրջանառուող տարաձայնութիւնները գլխաւորաբար կը վերաբերին ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահող երկիրներու կողմէ առաջարկուած լուծման այն կերպարին (model), որ յայտնի է Մատրիտեան սկզբունքներ յորջորջումով եւ որ Կազանի գագաթաժողովի վերատեսութիւններէն անցնելէ ետք, այժմ ի նորոյ կը հրամցուի հայկական կողմին՝ իր վերջին (Լաւրովեան, իմա՛ ռուսական) տարբերակով:

Այս փաստաթուղթը պաշտօնապէս չէ հրապարակուած: Եւ սակայն բոլոր քաջատեղեակ աղբիւրներու վկայութեամբ՝ ան պայման կը դնէ, որ 1994ի Պիշքեքեան Զինադադարի պայմանագրով հայկական ուժերու իրաւասութեան տակ գտնուող եօթը ազատագրուած շրջաններէն հինգը անմիջապէս վերադարձուի Ատրպէյճանի իրաւասութեան, ի դիմաց անորոշ եւ անբովանդակ խոստումներու…

Առաջարկուող այս անհեթեթութիւնը գլխիվայր կը շրջէ բանակցային գործընթացի ցարդ նուիրագործուած սկզբունքները եւ կ՛աղաւաղէ գործընթացի տառն ու ոգին: ՀՀ եւ ԼՂՀ նախագահներու յստակ հաւաստիացումները արդէն իսկ կը խօսին այն մասին, որ հայկական կողմը կը մերժէ առաջարկուող այս իրողական անձնատուութիւնը՝ վերջ դնելով Ատրպէյճանի յաւակնութիւններուն:

Պէտք է յիշեցնել բոլորին, որ 1993ին Ատրպէյճանի նախայարձակումով ստեղծուած այն պատերազմական պայմանները, որոնք անհրաժեշտ դարձուցին հայկական ուժերու մուտքը եօթը շրջաններէն ներս, այսօր եւս կը մնան անփոփոխ: Անոնք կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ շատ աւելի մեծ ատրպէյճանական սպառազինումով: Ատրպէյճանական սպառնալիքը շատ աւելի յստակ եւ անմիջական (clear and present) բնոյթ ունի այսօր: Ատրպէյճան իր յարձակողական քաղաքականութեամբ չէ դադրած ապացուցելէ, որ յիշեալ եօթը շրջանները բանալի՛ն իսկ են Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան: Եւ անոնց վերադարձը Ատրպէյճանի՝ բացարձակապէս անպաշտպանելի կը դարձնէ Արցախն ու Հայաստանը եւ հետեւաբար կ՛ապակայունացնէ ամբողջ տարածաշրջանը: Այդ տարածքները չեն պատկանիր Ատրպէյճանին: Անոնք կը պատկանին Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան:

Բանակցային գործընթացի օրակարգը հողերը չեն: Բանակցային գործընթացի թեման Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութիւնն է եւ Ատրպէյճանի պարտաւորութիւնը՝ իր յարձակողական քաղաքականութեան վերջ տալու:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել