Թուրքիոյ մէջ Պայտըն աճուրդի հանեց ժողովրդավարութիւնը

FotorCreatedԱմերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ Նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Անգարա։ Հազիւ ոտքը թրքական հողին դրած, Անգարայի մէջ ԱՄՆի դեսպանատան կայքէջին վրայ լոյս տեսաւ Պայտընի կողմէ գրուած խմբագրական մը՝ «Թուրքիոյ անթեք յանձնառութիւնը ժողովրդավարութեան» խորագրով։ Որքան տարօրինակ էր այս խորագիրը, նոյնքան զայրացուցիչ էր անոր բովանդակութիւնը ամերիկացի քաղաքացիին եւ մանաւա՛նդ ամերիկահայութեան, որուն երկարատեւ բարեկամը եղած է Պայտըն։

Թուրքիոյ ժողովրդավարական սայթաքումներու եւ մենատիրական ձգտումներու մասին արդէն համատարած համամտութիւն գոյութիւն ունի միջազգային հասարակութեան, մամուլի, ակադեմիական շրջանակներու եւ քաղաքական ղեկավարութեան մօտ։ Այս համամտութիւնը գրեթէ համատարած է։ Հակառակ այս գերակշռող իրականութեան, ԱՄՆի փոխ նախագահը 5500 մղոն կը ճամբորդէ հիւսելու համար գովքը մենատիրական երկրի մը «ժողովրդավար» դիմագիծին։

Տասնամեակներէ ի վեր ժողովրդավարութեան շղարշի տակ Թուրքիա զինուորական աշխարհիկ հանրապետութիւն մըն էր։ Այս շղարշը սկսաւ պատռիլ երբ 2002ին Րեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ իր Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը տիրացան իշխանութեան։ Ներկայիս ժողովրդավարութեան շղարշը վերացած է եւ կրօնական գունաւորումով մենատիրութեան հաստատումի գործընթացը հասած է իր ամբողջացուցիչ հանգրուանին։

Սեդօ Պոյաճեան

Սեդօ Պոյաճեան

Արդ, նոյնիսկ Ամերիկեան գերակայ շահերու դիտանկիւնէն, Պայտըն չէր կրնար անտեսել Թուրքիոյ մէջ բռնատիրութեան ամրացման ընթացքը։ Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակը յստակօրէն կը պարզէ թէ ժողովրդավարութիւնն ու Էրտողանը անհամատեղելի դարձած են։ Թուրքիա սկսած է վերածուիլ միակուսակցական դրութեան ճիշդ այնպէս ինչպէս երբեմնի Պոլշեւիկեան Սովետական Միութիւնը եւ Նացիական Գերմանիան։ Այսուհանդերձ, Պայտըն յանդգնութիւնը կը ցուցաբերէ լորձնաշուրթն գովաբանանքը կատարելու Թուրքիոյ դիմակաւոր ժողովրդավարութեան։

Իր գրութեան մէջ Պայտըն կը դրուատէ «Թուրքիոյ արի քաղաքացիները», որոնք վերջին պետական հարուածի փորձի ընթացքին «իրենց կեանքը վտանգելու գնով պաշտպանեցին իրենց ժողովրդավարութիւնը։» Ասիկա, ըստ իրեն, «անհաւատալի ապացուցումն էր թուրք ժողովուրդի քաջութեան եւ սրտոտ կազմուածքին, ինչպէս նաեւ իրենց անթեք յանձնառութեան ժողովրդավարութեան նկատմամբ։»

Իբրեւ ԱՄՆի քաղաքացի, կը նկատեմ թէ իմ պետութեան փոխ նախագահը ինքնախաբէութեան մէջ ինկած է կամ գիտակցաբար կը մեղանչէ մեր երկրի ժողովրդավար աւանդութիւններուն դէմ։ Իսկապէս միտք չարչրկող անամօթ փառաբանանք է «ժողովրդավարութեան հանդէպ Թուրքիոյ անթեք յանձնառութեան» մասին Պայտընի կատարած անտեղի դրուատանքը։

Սակայն Պայտըն այսքանով չի բաւարարուիր։ Ան աւելի անդին կ՚երթայ փորձելով զուգահեռներ գծել եւ նմանութեան եզրեր հաստատել ԱՄՆի եւ Թուրքիոյ ժողովրդավար փորձառութեանց միջեւ։ Մեղմ ըսած, սահմռկեցուցիչ է այս փորձը։ Պայտըն կը գրէ անհաւատալին եւ անընդունելին.-

«Բարեկամութիւնը եւ մօտիկութիւնը մեր երկու ժողովուրդներու միջեւ կ՚երթայ մեր պաշտօնական կապերէն անդին։ Անոնք արմատաւորուած են խորապէս ընկալուած այն արժէքներուն մէջ, որոնք կը հիմնաւորեն մեր ժողովրդավարութիւնները։ Այսինքն՝ տարրական յարգում մարդկային իրաւունքներու եւ հիմնական ազատութիւններու, յանձնառութիւն ի խնդիր հանդուրժողութեան եւ հաւասարութեան…», եւ այլն։

ԱՄՆի ժողովրդավարական արժէքներու նոյնացումը թրքական բռնատիրական մշակոյթին հետ մեծագոյն նախատինքն է Ամերիկացի ժողովուրդին ու անոր ժողովրդավարական արժէքներու համակարգին դէմ։ Պայտընի այս փորձը դրժումն իսկ է ԱՄՆի հիմներգի այն հաստատումին, թէ Ամերիկա «ազատագրուած մարդու հողն է եւ քաջ մարդու հայրենիքը»։

Քաղաքական յարաբերութիւններու մէջ երբեմն կը պատահին պահեր, ուր երկրի մը ներկայացուցիչը գիտակցաբար որոշ կքում կը կատարէ, որպէսզի որոշ շահ ապահովէ իր ժողովուրդին։ Սակայն քաղաքական նման կքումներ ունին իրենց սահմանները, որոնցմէ անդին կարելի չէ անցնիլ։ ԱՄՆի համար ռազմավարական որոշ արժէք կը ներկայացնէ Թուրքիա, որու նկատմամբ որոշ կքումներ ընդունելի կըլլան Ամերիկացի ժողովուրդին համար։ Սակայն Պայտընի գրութիւնը կտրելով անցաւ արտօնուած կքումներու սահմանը։ Պայտըն մոռցաւ որ Ամերիկան տակաւին ազատագրուած եւ քաջ մարդուն հայրենիքն է։ Ափսոս որ Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին ան թերացաւ քաջութիւն ցուցաբերելու իր պարտականութեան մէջ։ Ան պարզապէս կքեցաւ եւ կքելով նուաստացուց իր ներկայացուցած Ամերիկացի ժողովուրդը։

Արդարացնելու համար Թուրքիոյ առջեւ իր կքումը, Օպամայի վարչութիւնը Պայտընի ճամբով ապաւինեցաւ ԱՄՆի ժողովրդավարական արժէքներուն եւ այդ արժէքներուն համարժէք գտաւ Թուրքիոյ մէջ շարունակուող բռնատիրական գործընթացը։ ԱՄՆի այս լկտիութիւնը, այսինքն ժողովրդավարութեան շահագործումը, մեզի պէտք է յուշէ ԱՄՆի քաղաքականութեան միւս երեսը, ուր ԱՄՆը ջատագովը եւ ֆինանսաւորող ուժը կը հանդիսանայ այլ երկիրներու մէջ ժողովրդավարութեան կայացման համար իշխանափոխութեան առաջադրութեան։

ԱՄՆը Պայտընի ճամբով Թուրքիան կը նկատէ ժողովրդավար պետութիւն։ Եթէ ԱՄՆի չափանիշերով ճիշդ է այս արժեւորումը, այդ պարագային Հայաստան, հակառակ իր իշխանաւորներու սայթաքումներուն, ԱՄՆի կողմէ պէտք է արժեւորուի ժողովրդավարութեան տիպար օրինակ։ Բացատրելի ու բացայայտելի շատ բան կայ այն իրողութեան մէջ, որ ԱՄՆ Թուրքիա կը գործուղէ իր փոխ նախագահը՝ ջատագովելու համար անգոյ ժողովրդավարութիւնը, իսկ այլ երկիրներուն կ՚առաքէ լաւապէս ֆինանսաւորուած իր ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները, որպէսզի յանուն ժողովրդավարութեան քաղաքական անկայունութիւն առաջացնեն։

Ասիկա թզենիի այն տերեւն է, որու ետին ԱՄՆի իշխանութիւնները կը փորձեն ծածկել իրենց քաղաքական մերկութիւնը։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Տպել Տպել