«Ազդակ»ի Խմբագրական. Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարութեան Օրինակով

FotorCreatedԵրիտասարդներու հաւաքին իր տուած այցելութեան առիթով նախագահ Սարգսեան անդրադառնալով երիտասարդութեան խնդիրներուն կարծիք յայտնած է, որ այսօր անոնց կը պակսի արեւմտեան ձեւի կրթութիւնը, սակայն ատիկա երիտասարդներուն մեղքը չէ: Այդպիսի մրցունակ համակարգ ունենալու համար երկար ժամանակ պէտք է, որուն որեւէ երկիր չէ կրցած կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ հասնիլ: Նախագահ Սարգսեան վստահեցուցած է, որ Հայաստանի մէջ այդ ուղղութեամբ յառաջ ընթանալու համար աշխատանք պիտի կատարուի:

Այդ ուղղութեամբ աշխատանքները Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ գրեթէ առօրեայ հերթականութեամբ առնուող նախաձեռնութիւններով, ծրագիրներու մշակումով եւ գործնականի անցնելու անցնցում քայլերով կը տարուին: Թէ՛ աւագ դպրոցներու եւ թէ՛ բարձրագոյն ուսման ոլորտներու վերաբերեալ կամ դպրոցներու տնօրէններու վերահաստատման գործընթացի բարեփոխումները կը յուշեն, որ իրաւամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթակարգը արագ քայլերով միջազգային համակարգին համընթաց քալելու ուղղութեամբ ռազմավարութիւն մշակած է եւ հետեւողականութեամբ կ՛իրականացնէ բարեփոխումները փուլ առ փուլ:

Էապէս խորքային եւ յատկանշական բովանդակութիւն ունի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին կատարած յայտարարութիւնը այն մասին, որ «կրթական համակարգի գլխաւոր առաքելութիւնը հայ տեսակի շարունակութեան ապահովումն է»:

Եւ եթէ միջազգային կամ արեւմտեան կրթակարգերուն յարմարուելու, մեթոտաբանական պատշաճութիւններ որդեգրելու արդարացի մօտեցումները որոշ մտահոգութիւններ կրնան յառաջացնել այն առումով, որ ազդեցութիւններու դաշտի կտրուկ տեղափոխման գործընթացներու կրնան տեղի տալ նոր առաջադրանքները, այսինքն` խորհրդային ժառանգութենէն կամ ռուսական կրթակարգի ազդեցութիւններէն դէպի այլ ծայրայեղութիւն, ապա նախարարին այս բանաձեւը կը հանգստացնէ այդ մտահոգութիւնը եւ կը համոզէ, որ կրթական քաղաքականութեան փիլիսոփայութեան ճիշդ բանալին գտնուած է` բարեփոխումնային ռազմավարութիւնը իրականացնելու համար:

Կրթական համակարգը պետականութեան կարեւորագոյն հիմնասիւներէն է անառարկելիօրէն: Կրթութիւնը այն ոլորտն է, որ պետականն ու հասարակականը ամենամիաձոյլ եւ անտարանջատելի գաղափարներով կը բացատրէ: Պետութիւնը քաղաքացիական առողջ հասարակարգի ձեւաւորման աշխատանքի սկիզբին, ընթացքին եւ շարունակութեան գլխաւոր երաշխաւոր կը նկատէ կրթութիւնը: Հայու տեսակը սակայն ոչ միայն գիտական ոլորտին կը վերաբերի, այլ ամբողջ նկարագիրի, կենսակերպի, բարոյականութեան արժեհամակարգի: Այդ արժեհամակարգէն կատարուած շեղումները այս կամ այն ձեւով կը վնասեն հայու տեսակի շարունակութեան գործին:

Ամփոփ այս բանաձեւը այնքան խոր է իբրեւ ազգային, պետական, քաղաքացիական եւ համայն հայկական աշխարհին վերաբերող, որ կոչուած է սահմանափակուած չմնալու միայն Հայաստանի Հանրապետութեան ուսումնական հիմնարկներուն համար:

Այս բանաձեւը իբրեւ կրթական փիլիսոփայութիւն կրնայ համախմբել հայկական աշխարհի տարածքին գործող բոլոր ուսումնարանները, որոնց հիմնական նպատակն ու առաքելութիւնը կրնայ յայտարարուիլ այս առաջադրանքը: Ասիկա կը ներառէ թէ՛ հայապահպանումը, թէ՛ տեղեկացուածութիւնը, թէ՛ գիտական պատրաստուածութիւնը, թէ՛ առողջ քաղաքացի կազմաւորելը, թէ՛ իր իրաւունքներուն, արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն տէր մնացող անհատը, թէ՛ հայրենիքի պաշտպանութեան համար արհեստավարժ, մարտունակ զինուորը, թէ՛ համայնքի գործիչը եւ թէ՛ պետականամէտ դիւանագէտը` նշելու համար կարեւորագոյն ոլորտները:

Ցանցային աշխատանք ահաւասիկ ա՛յս տեսակ համահայկական առաջադրանքներու իրականացման համար հրամայական է բոլոր ժամանակներէն աւելի եւ հիմնովին կը նպաստէ համահայկական հասարակութեան կայացման աշխատանքին: Բովանդակային խնդիրներ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ քննարկելու անհրաժեշտութիւնը կայ անշուշտ: Հայկական կրթական աշխարհը հայաստանակեդրոն դրութեամբ համախմբուելու եւ նպատակաուղղուած աշխատանք իրականացնելու անյետաձգելիութեան առջեւ է:

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ձեռնարկած բարեփոխումներու գործողութիւններու շարքը իւրայատուկ է. ծրագիրը երկարաժամկէտ կտրուածքով կ՛ապահովէ արդիւնքներ, որոնք կապուած են մեր պետութեան եւ հասարակութեան զարգացման հետ եւ ունին պայմանային իմաստ: Մինչ, քայլերն ու գործողութիւնները արագ են եւ իբրեւ դրութիւն իրենք զիրենք զգալի կը դարձնեն գործնապէս: Ահա եւ նպատակի յստակութեան նմանողութեամբ աշխատանքի եղանակի բանաձեւը:

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան որդեգրած բարեփոխումներու այս ռազմավարութիւնը, որ ոչ միայն զուտ հռչակագրային չէ, այլեւ` գործնական քայլերով եւ գործողութիւններով յատկանշուած, պէտք է տարածուի իբրեւ հայեցակարգ, ռազմավարութիւն եւ փուլային բարեփոխումներու գործնական գործողութիւններու շարք ամբողջ հանրապետութեան կառավարման մնացեալ ոլորտներուն վրայ: Այս մոտելն է, որ համատարածուելով ամբողջ հանրապետութեան կրնայ ապահովել իսկական փոփոխութիւններ: Համակարգային փոփոխութիւններ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել