Անդրադարձ. Դրակա՞ն, Թէ՞ Ժխտական Յայտարարութիւն

FotorCreatedԹուրքիա կ՛արգիլէ գերմանացի երեսփոխաններուն այցելել Ինճիրլիքի մէջ տեղակայուած գերմանացի 250 զինուորներուն` պահանջելով, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ինքզինք հեռացնէ Պունտեսթակի որդեգրած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւէն:

Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» պարբերաթերթը ուրբաթ, 2 սեպտեմբերին հաղորդեց, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու վարչապետի գրասենեակը համաձայնած են, որ կառավարութեան բանբեր Շթեֆըն Զայպերթ մամլոյ ասուլիս մը տայ եւ յայտարարէ, թէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ինքզինք հեռու կը պահէ նշեալ բանաձեւէն: Այդ տեղեկութիւնը հերքուեցաւ նոյնինքն Զայպերթի կողմէ, որ յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը չի պատրաստուիր ինքզինք հեռացնելու Պունտեսթակի որդեգրած բանաձեւէն` աւելցնելով. «Գերմանիոյ Պունտեսթակը իրաւունք եւ կարելիութիւն ունի մեկնաբանելու որեւէ նիւթ ամէն անգամ, որ կը տեսնէ ատոր անհրաժեշտութիւնը: Դաշնակցային կառավարութիւնը կը պաշտպանէ Գերմանիոյ խորհրդարանին գերիշխանութեան իրաւունքը»: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւս յայտարարեց, որ չի պատրաստուիր այդպիսի քայլ մը կատարելու եւ վերահաստատեց բանաձեւին իր զօրակցութիւնը:

Թրքական իշխանամէտ «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը լուրը հաղորդեց «Գերմանիոյ կառավարութիւնը կը մերժէ ինքզինք հեռացնել «1915-ի դէպքերուն» վերաբերեալ Պունտեսթակի քուէարկութենէն» խորագիրին տակ, սակայն «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ը, ինչպէս նաեւ միջազգային կարգ մը լրատուամիջոցներ նախընտրեցին շեշտը դնել Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի նոյն օր կատարած, Պունտեսթակի որոշումը ոչ պարտադիր նկատող յայտարարութեան վրայ եւ զայն ներկայացնել իբրեւ Գերմանիոյ կողմէ ետքայլ մը եւ Թուրքիոյ նկատմամբ ժեսթ մը:

Շթայնմայերի յայտարարութիւնը հետեւեալն էր. «Գերմանական Պունտեսթակը բնականաբար ամէն իրաւունք եւ ազատութիւն ունի քաղաքական հարցերու շուրջ արտայայտուելու: Սակայն ինքնին Պունտեսթակը յայտնեց, որ ամէն որոշում իրաւաբանական պարտադիր բնոյթ չունի»: Անոր խօսքին երկրորդ բաժինը, հակառակ կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ իբրեւ Թուրքիոյ ուղղութեամբ կատարուած ժեսթ մը կամ զիջում մը շեփորահարուելուն, նորութիւն մը չէր, այլ պարզապէս իրողական ու ծանօթ փաստի մը վերյիշեցումը: Իսկ կատարուած յայտարարութեան առաջին բաժինը կառավարութեան բանբերի` Գերմանիոյ Պունտեսթակի որեւէ նիւթ մեկնաբանելու իրաւունք եւ կարելիութիւն ունենալուն մասին յայտարարութեան աւելի ուժեղ տարբերակն է, որովհետեւ ի տարբերութիւն Զայպերթի, այստեղ խօսքը «որեւէ նիւթ»-ի մեկնաբանման իրաւունքին մասին չէ, այլ` «քաղաքական հարցերու» մեկնաբանման իրաւունքին, ինչ որ հայկական կողմին համար առաւել մը եւս կ՛ապահովէ:

Գերմանական դիւանագիտութեան պետը իր կատարած յայտարարութեամբ անուղղակի կերպով ընդգծեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը քաղաքական հարց մըն է եւ ոչ թէ Թուրքիոյ պնդածին նման պատմաբաններու վերաբերող վիճելի հարց մը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

aztagdaily.com

Տպել Տպել