Հայաստան Նոր Փոփոխութիւններու Սեմին

(ԱՐԴԵՕ՞Ք)

fotorcreatedՉ’ըսինք բարեփոխում, այլ ըսինք փոփոխութիւն։ Էապէս տարբեր բաներ են։ Որովհետեւ ամէն փոփոխութիւն անպայման բարեկարգում, կամ բարեփոխութիւն կրնայ չնշանակել։

Այս յօդուածը գրուելու պահուն, արդէն յստակ էր ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականը եւ այդ պաշտօնի նոր թեկնածուն՝ Կարէն Կարապետեան։

Ան եղած է Հայաստանի մէջ ռուսական կազի ընկերութեան նախագահ, ապա կարճ ատենի համար՝ Երեւանի քաղաքապետ։

Իր մասին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան շրջանակներէն լսուող գովասանական արտայայտութիւններուն մէջ անխուսափելիօրէն կան «մարքեթինկ»ի տարրեր (ծախու ապրանք մը գովաբանելու տրամաբանութեամբ)։ Սակայն եթէ մէկդի դնենք այդ տարրը, տակը կը մնայ անվիճելի մէկ բան, որ նորանշանակ վարչապետը տնտեսական ասպարէզի մէջ ունի կառավարման փորձառութիւն եւ համապատասխան շրջանակ՝ առաւելաբար ռուսական միջավայրէն ներս։

Վաչէ Բրուտեան

Վաչէ Բրուտեան

Ասոնք անհրաժեշտ յատկանիշներ են Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը վարելու համար։ Անհրաժեշտ, սակայն՝ ոչ բաւարար։ Կայ նաեւ այս պաշտօնավարման միւս երեսը, որ կ’առնչուի քաղաքական կամքին։ Կամ՝ առհասարակ կամքին։
Բացատրենք մեր միտքը։

Հայաստանի տնտեսութեան հիմնական խնդիրը մենաշնորհային անպաշտօն համակարգն է, որ պարանի նման փաթթուած է երկրին եւ հետեւաբար նաեւ՝ ամբողջ բնակչութեան վիզին։ Այս համակարգը թոյլ չի տար, որ միջին ու փոքր գործարար, նախաձեռնող մարդը շունչ քաշէ. Թպյլ չի տար որ նոյն այս խաւը արժանապատիւ կեանքի իր իրաւունքը բնական ու արդար ձեւով վայելէ։ Տնտեսական մենաշնորհները կ’արգելակեն ամէն ձեւի յառաջխաղացք, կ’արգելակեն միջին խաւին բնական աճը ու այդ ձեւով ալ՝ դուռ կը բանան ընկերային ու տնտեսական անբարենպաստ մթնոլորտի։ Տիեզերական ճշմարտութիւն է, որ երկրի մը կայունութեան հիմնական երաշխիքը իր ուժեղ եւ տոկոսային տրամաբանութեամբ՝ մեծ միջին խաւն է։ Տոկոսային առումով ինչքան մեծնայ այդ խաւը, այդքան կը նպաստէ երկրի թէ՛ կայունութեան եւ թէ՛ զարգացումին։ Եւ հակառակը, երբ այդ խաւը կը սկսի փոքրանալ, կը սկսի բարձրանալ վտանգին տարողութիւնը։

Այս ժխտական մթնոլորտին մէջն է, որ կը հասուննան ժողովրդային դժգոհութիւնները (բազմատեսակ ու բազմաշերտ), որոնք իրենց կարգին դուռ կը բանան պայթումի վտանգին։ Իսկ նման «պայթումներու» պահուն, դուրսի ուժերը միշտ ալ հաճոյքով կը սկսին շփելու իրենց ձեռքերը…

Կայ նաեւ հարցին միւս երեսը. երբ երկիրը կը տուայտի տնտեսական թերի կամ արատաւոր համակարգի պարտադրած կապանքներուն մէջ, այլեւս քաղաքացին կը խորթանայ պետական համակարգէն, ժողովրդավարութիւնը կը պարպուի իր էութենէն եւ նոյն քաղաքացին այլեւս ազատ չի զգար իր իսկ սեփական հայրենիքէն ներս։ Տնտեսական կաշկանդումներու մթնոլորտին մէջ, ի՞նչ «ազատ զգալու» մասին խօսիլ։ Իսկ իսկական ժողովրդավար համակարգի մը մէջ, միմիայն ազա՛տ քաղաքացին է, որ ատակ է մաս կազմելու իշխանութիւն ստեղծելու գործընթացին, որ ի դէպ՝ չի նշանակեր միայն քանի մը տարին անգամ մը քուէարկել։

Մէկ խօսքով, Հայաստանի տնտեսութեան բնագաւառը միմիայն չ’առնչուիր քաղաքացիին կենսամակարդակին՝ բառին նեղ իմաստով։ Սակայն տրուած ըլլալով, որ տնտեսական մենաշնորհներէ ձերբազատուիլը օրինական բարեկարգում կ’ենթադրէ, այսինքն՝ օրէնքի գերիշխանութիւն, ուր բոլորը հաւասար են նոյն այդ օրէնքներուն առջեւ, հոս կը ծագի նոյն այս օրէնսդրական համակարգի բարեկարգումի խնդիրը։

Կայ ուրիշ հարց մը, նոյնքան կարեւոր։

Անցնող Յուլիսի կէսերուն, ոստիկանական կեդրոնի մը գրաւումը, 3 զոհերը եւ այս գրաւումին յաջորդած հանրային արձագանգները ստեղծեցին ներքին անխուսափելի եւ սուր լարուածութիւն մը։ Առանց դրական կամ ժխտական գնահատականներու, պէտք է հաստատել այն ցաւագին փաստը, որ Հայաստանի ու հայութեան «մարմինին» վրայ վէրք մը բացուեցաւ։ Այս վէրքը դարմանելու խնդիր կայ. որովհետեւ կարելի չէ վիրաւոր վիճակի մէջ ընտրութիւններու երթալ։ Շատ ժխտականութիւն կայ կուտակուած եւ այս ժխտականութենէն պէտք է լիցքաթափուի Հայաստանը։Եւ գաղտնիք ալ չէ, որ յառաջիկայ տարի Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք իրականութեան մէջ ազդանշանը պիտի հանդիսանան երկրին մէջ «ընկերային նոր պայմանագրի» մը ստեղծումին։ Այդ ընտրութիւնները միմիայն քուէատուփին մէջ քուէ նետելու պարզունակութենէն դուրս հանելու, հանրային առողջ քննարկումներու ճամբով քաղաքացիին ընտրանքներ հրամցնելու խնդիր կայ, որպէսզի կազմուելիք իշխանութիւնը վայելէ կարելի եղածին չափ լայն ժողովրդային խարիսխ եւ քաղաքացին ինք զգայ, որ իր կամքով է, որ նոր իշխանութիւնը պիտի կազմուի՝ բառին ամէնէն բովանդակային առումով։

Այնպէս որ, նորանշանակ վարչապետը հիմնականին մէջ այս խնդիրները պէտք է կարենայ լուծել, կամ առնուազն՝ լուծման ընթացքի մէջ դնել։

Եւ ճիշդ հոս է, որ դեր պիտի խաղայ նորանշանակ վարչապետին ցուցաբերելիք քաղաքական կամքը՝ իր վարչական կարողութիւններուն եւ տնտեսական կառավարման փորձառութեան կողքին։

Մեր երկրին մէջ թերահաւատութիւնը լայնածաւալ է, հասկնալի եւ շատ յաճախ հիմնաւոր պատճառներով։ Եթէ Կարէն Կարապետեան ցուցաբերէ այս քաղաքական կամքը, մեծ է հաւանականութիւնը, որ իրեն գործակցողներու ծիրը կրնայ աստիճանաբար ընդլայնիլ ժողովրդային մակարդակի վրայ եւ երկիրը կրնայ աստիճանաբար մտնել համընդհանուր զարգացման նոր փուլ։

Եւ այս մեծ «Եթէ»էն կախեալ պիտի ըլլայ այն, որ Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարումով Կարէն Կարապետեանի նշանակումը պարզ փոփոխութի՞ւն էր, թէ իսկական բարեփոխում։

Այս յօդուածագիրը, բոլոր սրտցաւ հայորդիներու նման, պիտի ուզէ երկրորդը տեսնել։

8 Սեպտեմբեր 2016
Լոս Անճելըս

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Տպել Տպել