«Ազդակ»ի Խմբագրական. Դէպի Նոր Սահմանադրութեան Կենսագործում

fotorcreatedՊետական բարձրագոյն օղակներէն հնչած յայտարարութիւններուն եւ առնուած քայլերուն միջեւ կայ, կ՛երեւի հետեւողականութիւն: Չէ բացառուած, որ փոփոխութիւններու միտող որոշումներու կայացումն ու անոնց գործնականացման ուղղութեամբ առնուած քայլերը արագացան յատկապէս յուլիսեան դէպքերէն ետք: Չմոռնանք սակայն, որ յուլիսեան դէպքերուն նախորդած քառօրեայ պատերազմը եւս ընթացքի արագացման մէջ իր դերը ունէր:

Ի վերջոյ համատարած համոզում էր եւ է տակաւին, որ արմատական փոփոխութիւններ պէտք են մեր երկրին` նոր որակ, նոր շունչ, նոր համակարգ եւ նոր աշխատակարգ ապահովելու համար:

Թէ՛ յուլիսեան դէպքերուն յաջորդած նախագահի խօսքին եւ թէ՛ վարչապետի իր հրաժարականին մասին կատարած յայտարարութեան մէջ կարմիր թելի նման կ՛երկարէր հասարակութեան մէջ երեւցած բեւեռացումը, անջրպետը չէզոքացնելու, կամրջումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Այս խիստ անհրաժեշտ հրամայականը գործնական քայլերու եւ օրինակներու կարիքը ունէր: Հասկնալի է նաեւ, որ ժողովրդային մակարդակի վրայ անմիջականութիւնն է պահանջուածը, Հիմա՛-ի ամբոխավարական ակնկալութիւնը տիրական է եւ երկարաշունչ ու հետեւողական ծրագիրները այնքան ալ ժողովրդականութիւն չեն գտներ:

Սակայն արտակարգ դէպքերը նաեւ արտակարգ միջոցառումներ կը պահանջեն, եւ Հիմա-ն դուրս կու գայ ամբոխային ակնկալութեան սահմաններէն եւ կը վերածուի պետական քաղաքականութեան:

Կառավարութեան փոփոխութիւնը Հիմա-ի տրամաբանութեան մէջ կ՛ընկալուի այս առումով: Նախագահը իր խօսքին մէջ ակնարկութիւն կ՛ընէր համակարգի եւ կառավարման աշխատակարգի փոփոխութեան` ընդգծելով, որ առաջադրուած է կազմել ազգային համաձայնական կառավարութիւն: Քաղաքագիտական հասկացողութեամբ համաձայնական կառավարութիւնը երկու պայմաններու մէջ ինքզինք զգալի կը դարձնէ. նախ այն, որ ընտրուած խորհրդարանը չի կրնար մեծամասնութիւն գոյացնել քանի մը ուժերու միջեւ կայացած ընտրական կամ քաղաքական դաշինքով եւ կը հարկադրուի համակողմանի համաձայնական կառավարութիւն կազմելու անշրջանցելի ընտրանքին, եւ երկրորդ, երբ երկիրը կը դիմագրաւէ սուր ճգնաժամ, արտակարգ իրավիճակ, առ այդ` գործող մեծամասնութիւնը պատասխանատուութիւնը կ՛ուզէ բաժնեկցիլ այլ կարեւոր ուժերու հետ, որոնց ընդառաջումով միայն կը գոյանայ ազգային համաձայնական կառավարութիւնը:

Նոր սահմանադրութեամբ եւ նոր ընտրակարգով մեծ էր հաւանականութիւնը` յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, որոնք պիտի կայանան հարիւր առ հարիւր համամասնական դրութեամբ, համաձայնական կառավարութիւն կազմելու: Նախագահին նախանշային իմաստ ունեցող խօսքին մէջ կար սակայն նրբութիւն մը: Նոր կառավարութեան ձեւաւորումը ամիսներու խնդիր է. այդ կը նշանակէր, որ խորհրդարանական ընտրութիւներէն առաջ միջանկեալ առնուելիք քայլ կար. այդպէս ալ կ՛ընթանայ ըստ երեւոյթին:

Եղածը սակայն, այս պահուն, ըստ էութեան ազգային համաձայնական կառավարութեան ձեւաւորումը չէ, այլ դէպի առաջադրուած կառավարման համակարգ կարեւոր նախաքայլ առնելն է: Հիմա-ի քաղաքականութեան առաջին հանգրուանն է, գործնապէս:

Այս բոլորը, այլ հրամայականներու կողքին, ի վերջոյ կապուած են նոր սահմանադրութեամբ ձեւաւորուելիք միանձնեայ դրութենէ եւ միակուսակցական գերակայութենէ հեռու մեր երկրի յաւելեալ ժողովրդավարացման, համակողմանի քաղաքական համակեցութեան եւ ատով իսկ համակարգային փոփոխութիւններ յառաջացնելու:

Զանգերը հնչած են արդէն, նախաքայլերը կ՛առնուին, եւ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի բարեփոխուած սահմանադրութեան կենսագործում: Եւ այս ընթացքը սկսած է այո. Հիմա՛:

aztagdaily.com

Տպել Տպել