Հայ Դատը Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Դիմագրաւած Մարտահրաւէրներուն Գծով Գործնական Քայլեր Կը Պահանջէ Ուաշինկթընէն

fotorcreatedՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Սեպտեմբեր 7ին ընթացք առած քրիստոնեաներու պաշտպանութեան նուիրուած համաժողովի բացման մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան «կարճատես եւ անպատասխանատու» որակեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը, քրիստոնեաներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու համար ազդու եւ գործնական քայլեր պահանջելով Ուաշինկթընէն։

Նշենք, որ «Ցեղասպանութենէն անդին. Քրիստոնէութեան պահպանում Միջին Արեւելքի մէջ» խորագրուած համաժողովին գլխաւոր հովանաւորներէն մէկը կը հանդիսանայ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։ Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ սկսած համաժողովը պիտի աւարտի Սեպտեմբեր 9ին։

«Դժբախտաբար, յաջորդական ամերիկեան կառավարութիւններ որդեգրած են այնպիսի քաղաքականութիւններ, որոնք պարտադրուած են օտար ուժերու կողմէ, ինչ որ բնականաբար անոնց շահերուն ծառայած է՝ լռեցնելով Ամերիկայի բարոյականութեան ձայնը», ըսաւ Համբարեան եւ իբրեւ ամերիկեան ձախողած քաղաքականութեան օրինակներ տուաւ հետեւեալ երեքը.

– Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով Անգարայի բանեցուցած ճնշումներուն տեղի տալ.

– Արտօնութիւն տալ, որ Թուրքիան Սուրիա ներխուժէ, ինչ որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կացութիւնը աւելի եւս ապակայունացուցած է.

– Նեցուկ կանգնիլ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան ծրագիրին», որ մենատիրական Ատրպէյճանի իշխանութեան տակ պիտի դնէ Արցախի քրիստոնեայ բնակչութիւնը։

Համբարեան, միաժամանակ, դրուատեց քոնկրեսականներ Ճեֆ Ֆորթընպերիի եւ Աննա Իշուի կողմէ առաջադրուած թիւ 75 բանաձեւը, որ Մարտ 14ին վաւերացուած էր Ներկայացուցիչներու տան կողմէ, եւ որուն մէջ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ու այլ փոքրամասնութեանց դէմ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան ոճիրները ցեղասպանութիւն կ՛որակուին։ Բանաձեւին մէջ ներառնուած են նաեւ հայերու դէմ ոճիրներուն եւ հալածանքի պարագաները:

Արամ Համբարեան

Արամ Համբարեան

Ապա Համբարեան ներկայացուց հետեւեալ առաջարկները, որոնց նեցուկ կը կանգնի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը.

– Ցարդ, անպատիժ մնացող եւ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած հայոց, ասորիներու, յոյներու եւ այլ քրիստոնեաներու ցեղասպանութիւնները դատապարտող թիւ 154 բանաձեւի վաւերացում.

– Նինուէի (Իրաք) մէջ բնիկ քրիստոնեաներու յատուկ նահանգի մը հաստատում.

– Ամերիկեան աջակցութեան ապահովում Լիբանանի մէջ ապահովութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն, նաեւ օժանդակութիւն՝ սուրիացի գաղթականներու հոսքին պատճառով այդ երկրին դիմագրաւած դժուարութեանց դիմաց.

– Աջակցութիւն Եգիպտոսի մէջ եկեղեցիներու կառուցման եւ նորոգութեան համար հարկաւոր օրինական բարեկարգումներուն։

Համբարեանի ելոյթը կարելի է դիտել՝ այցելելով https://youtu.be/YeA0qtgw6WE կայքէջը։

Համաժողովին առաջին օրը կայացաւ նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն նուիրուած միջեկեղեցական պատարագ, որուն մասնակցեցան քրիստոնեայ աշխարհի հոգեւոր առաջնորդներ՝ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն։

Համաժողովին նպատակն է ճնշում բանեցնել քաղաքական ղեկավարութեան վրայ, որպէսզի անիկա աւելի ազդու եւ գործնական քայլերու դիմէ՝ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան պահպանման համար:

Համաժողովին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://nac2016.org/schedule կայքէջը։

asbarez.com

Տպել Տպել