Կ՛երթամ Ուխտի

fotorcreatedՄիշտ փափաքած եմ այցելել Իրան: Անցեալ տարի նոյնիսկ մտածեցի «Ասպարէզ» թերթի նախաձեռնութեամբ՝ դէպի Թադէի վանք ուխտագնացութիւն կազմակերպել եւ, անշուշտ, խումբին միանալով՝ իրականացնել փափաքս:

Հազար ու մէկ պատճառներով անցեալին կարելի չէր եղած այս ճամբորդութիւնը կատարել: Հիմա, «Ալիք» օրաթերթի 85ամեակին առիթով, պաշտօնակիցներս հրաւիրած են խմբագիրներ ու լրագրողներ՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն, որոնց շարքին ըլլալու պատիւը շնորհած են ինծի:

Ճամբորդութիւնս դարձեա՛լ կրնար խափանուիլ գերզբաղուածութեան պատճառով: Բայց, այնքա՛ն երախտապարտ եմ «Ալիք»ի իմ ընկերներուս, որոնք պնդեցին ու պարտադրեցին, նոյնիսկ կարճ ժամկէտի մէջ հրաշքով կարելի դարձուցին, որ մուտքի արտօնագիր ստանամ, եւ ահա՛, Կիրակի օր ճամբայ կ՛ելլեմ դէպի Թեհրան:apo-oreorin

«Ալիք»ը եօթնօրեայ յագեցած ծրագիր մը պատրաստած է մեզի համար. անոր շարքին առիթը պիտի ունենանք ծանօթանալու իրանեան քանի մը կարեւոր թերթերու խմբագրութեանց, պիտի այցելենք Ս. Ստեփանոս Նախավկայի եւ Ս. Թադէոս Առաքեալի վանքերը (իմ երազած ուխտագնացութիւնը), ինչպէս նաեւ՝ Թաւրիզի եկեղեցիները, պիտի աղօթենք Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ եւ շրջագայինք Սպահան քաղաքի տեսարժան վայրերը:

Կազմակերպուած է նաեւ հանդիպումներ Իրանի առաջնորդութեան, մշակոյթի նախարարին ու իրանեան մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ:

Անշուշտ, ներկայ պիտի ըլլանք իրանահայ համայնքին 85 տարիներ անմնացորդ կերպով ծառայած «Ալիք» թերթի յոբելենական ձեռնարկին: Հանդիպումներ կազմակերպուած են նաեւ իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, առաջնորդ սրբազաններուն ու համայնքի զաւակներուն հետ:

Սեպտեմբեր 20ին, Թեհրանէն պիտի մեկնիմ Երեւան, Անկախութեան տօնը հայրենի հողին վրայ նշելու համար: Երեք օր ետք՝ 23ին, կը վերադառնամ գործի:

asbarez.com

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Տպել Տպել