Ադրբեջան պարտուեցաւ, Արցախ յաղթեց – հարցը լուծուած է

fotorcreatedԱրցախի սահմաններուն վրայ աւելի քան քսան-հինգ տարիէ ի վեր շարունակուող «ոչ պատերազմ-ոչ խաղաղութիւն» կացութիւնը բանակցային գործընթացով լրումի հասցնելու աշխատանքը սկսած է ձեւականութեան վերածուիլ։ Մեր իշխանութիւններն ու ժողովուրդը այս յամեցող կացութիւնը շարունակելու պերճանքը չենք կրնան ունենալ։

Պատճառը շատ յստակ է։ Ադրբեջան բանակցային գործընթացը վերածած է տարբեր ձեւերով պատերազմը շարունակելու միջոցի։ Սակայն, քաղաքական ու պատերազմական մակարդակներու վրայ իրականութիւնը շատ պարզ է։ Ատրպէյճան պատերազմ սկսաւ, կռուեցաւ եւ պարտուեցաւ։ Արցախը դիմադրեց, կռուեցաւ եւ յաղթեց։ Այս հարցը լուծուած է՝ ըստ էութեան եւ ըստ ամենայնի։

Պատմութիւնը քաղաքական բախումներու եւ պատերազմներու շարան մըն է, ուր կողմի մը յաղթանակով վերջ կը գտնէ կռիւը եւ կը հաստատուի խաղաղութիւնը։ Կողմերը կը վերադառնան իրենց կեանքի բնականոնացման աշխատանքին։ Պատմութեան այս երկաթեայ կանոնը նաեւ ի զօրու է Հայ-Ադրբեջանական ճակատումներուն։ Հայկական կողմը 1993ի թէ 2016 Ապրիլի յաղթանակներով վերջակէտ դրաւ այս պատերազմին։

Սեդօ Պոյաճեան

Սեդօ Պոյաճեան

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահներու առաքելութիւնը եւ անոնց ցարդ կատարած աշխատանքները կարելի է դրական երեւոյթներ նկատել։ Սակայն, կարելի չէ պատրանքներ սնուցանել անոնց առաջադրած լուծումներու մասին։ Այդ լուծումները, դժբախտաբար, յարակցութիւն չունին ճակատներու վրայ նուաճուած իրականութեան հետ։ Լուծումներու տարբերակները այնքան այլազան են, որոնց զանազանման համար կարիքը կայ զանոնք անուանակոչելու այս կամ այն քաղաքներու անուններով։ Ափսո՜ս, այս տարբերակները կը շարունակեն մնալ բազում աղմուկ վասն ոչինչի, որովհետեւ անոնց մեկնակէտը կը հանդիսանայ հայկական կողմի յաղթանակի վերանայումը։

Տակաւին օրեր առաջ Մինսկի խմբի Ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուրոլիք յայտարարեց թէ հակամարտութեան կարգաւորումը կ՛ենթադրէ որոշ տարածքներու վերադարձը Ատրպէյճանի վերահսկողութեան՝ Ղարաբաղի կարգավիճակի ճանաչման դիմաց, աւելցնելով թէ այս կեցուածքը «Նոյնն է ռուսական եւ ֆրանսական կողմերուն համար։» Ուորլիք նոյնիսկ ընդգծած է, որ տագնապին կատարեալ կարգաւորումը կ՛ենթադրէ յաղթողներու եւ պարտուողներու բացակայութիւն

Մեր բոլոր յարգանքներով Մինսկի խմբակի համանախագահներուն եւ անոնց ներկայացուցած մեծ տէրութիւններուն, պէտք է մատնանշել որ անոնք կամ չեն տեսներ կամ կը փորձեն կոյր ձեւանալ պատերազմի արդիւնքին մասին։ Եթէ Ադրբեջան յաղթէր պատերազմը եւ ջարդէր Արցախի ողջ ազգաբնակչութիւնը, ի՞նչ պիտի ըսէին Մինսկի փոխնախագահները…։ Պարզ է, պիտի ըսէին պատահելիքը պատահեցաւ, ցաւալի է, դատապարտելի են Ադրբեջանի արարքները, սակայն Արցախի մէջ հայ չկայ, հետեւաբար հարցը փակուած է։ Այսինքն, ճիշդ այնպէս ինչպէս ասկէ աւելի քան 100 առաջ պատահեցաւ Հայկական Բարձրաւանդակի մէջ, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ եւ իր հազարամեակներու պապենական հայրենիքի մեծ մասը բռնագրաւման ենթարկուեցաւ։

Քաղաքական ընկալեալ ընթացքը այն է, որ բախումնային տագնապները լուծում կրնան գտնել երկխօսութեամբ եւ փոխադարձ համաձայնութեամբ։ Հայկական կողմը հարց չունի եւ համաձայն է այս մօտեցումին։ Սակայն, այս սովորութիւնը պէտք է համապատասխանէ տիրող իրականութեան։ Իրականութիւնը այն է, որ որեւէ յաղթական կողմ երբեք կարիքը չէ ունեցած երկխօսութեան եւ փոխադարձ համաձայնութեան՝ երբ խնդրոյ առարկայ է այսպէս ըսած «հողերու վերադարձ»ի հարցը։ Ցարդ ոչ ոք ազատագրուած իր հայրենական հողերը վերադարձուցած է նախկին զաւթող ուժին։ Ինչպէ՜ս կարելի է ակնկալել ու ճնշում բանեցնել, որպէսզի Արցախը շեղի պատմական այս նախընթացէն։ Նոյնիսկ երբ գրաւուած հողատարածքները հիմնական բաղադրեալն են հաւաքականութեան մը ազգային ապահովութեան, յաղթական կողմը զայն պահած է իբրեւ ազգային անվտանգութեան երաշխիք։ Կոլանի բարձունքներու գրաւումն ու պահպանումը ասոր լաւագոյն ապացոյցն է։ Ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել որ Արցախը խնդրական դարձնէ իր իսկ սեփական անվտանգութիւնը։

Հետեւաբար, իրականութեան չի համապատասխաներ քաղաքական ընկալեալ այն աւանդութիւնը թէ բախմնային վիճակները կարիքը ունի երկխօսութեան եւ փոխադարձ համաձայնութեան։ Այս կէտին մէջ կը կայանայ Մինսկի խմբի առաքելութեան ձախողութիւնը։ Այնքան ատեն որ հայկական կողմը հաւաստիք կու տայ եւ կ՚ընդառաջէ Մինսկի խմբակի առաջադրած փոխզիջումներու օրակարգին, մենք կը սատարենք հայկական յաղթանակը պարտութեան վերածելու Ադրբեջանական խաղին։

Նման երկարաձգում, ինչպէս ըսուեցաւ, մեզի համար պերճանք է, որ մեր ներկայ դրութեամբ չենք կրնար բաւարարել։ Մենք կարող ենք Արցախի հարցի այսպէս ըսած կարգաւորման համար բանակցային գործընթացի ձեւականութեան մասնակից դառնալ։ Սակայն, մենք չենք կրնար ենթարկուիլ այդ ձեւականութեան օրակարգին, ուր միտումը յստակ է՝ անտեսել հայկական յաղթանակը, վարձատրել Ադրբեջանական նախայարձակումները, կրկին վերայանձնել հայրենական հողատարածքները եւ վտանգել Արցախի ու Հայաստանի ապահովութիւնը

Արցախի հարցը լուծուած է։ Ադրբեջան պարտուեցաւ, Արցախը յաղթեց։ Ինչպէս Ամերիկացի զօրավար Տակլըս Մաքարթըր ըսած է, «յաղթանակը փոխարինելի չէ»։ Իսկ եթէ այսքան յաղթանակներէ ետք տակաւին Ադրբեջան պիտի փորձուի ձեռնարկել նոր պատերազմներու, հայութեան կը մնայ թրքական բարբառով իրենց ըսել, «Կէլէն վար սա, կէօրէճէէ տա վար»՝ եթէ եկող կայ, տեսնելիք ալ ունի։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Տպել Տպել