27 Սեպտեմբեր 1919.Առաջին անգամ ըլլալով՝ Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովը (9րդը) գումարուեցաւ Երեւանի մէջ

9rd-entanour-jogov-27-9-2016Սեպ­տեմ­բե­րի 27ի օ­րը, 97 տա­րի ա­ռաջ, մէկ տա­րո­ւան կեանք ու­նե­ցող նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ, հան­դի­սա­ւո­րա­պէս բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մա­կան Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին։

Ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. Ին­նե­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը, Հ.Յ.Դ. Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով­նե­րու եր­կար շար­քին մէջ պատ­մա­կան ե­ղաւ ոչ միայն իր գու­մար­ման ­Պա­հուն ու­նե­ցած ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թեան ա­ռու­մով, այ­լեւ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը նո­ւա­ճած հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ա­ռաջ­նորդ կու­սակ­ցու­թեան հե­տա­գայ տաս­նա­մեակ­նե­րու կեան­քը հու­նա­ւո­րե­լու ի­մաս­տով։

1919ի ­Սեպ­տեմ­բե­րը յոյ­սե­րու եւ լա­ւա­տե­սու­թեան աս­տե­ղա­յին պահ էր հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը վերջ գտած էր եւ, ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի հետ, յատ­կա­պէս ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քը կը գտնո­ւէր քա­ղա­քա­կան իր նոր քար­տէ­սի ձե­ւա­ւոր­ման բուռն փու­լին մէջ։
Ճիշդ է, ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը ծան­րա­գոյն կո­րուստ­ներ կրե­ցին աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի հա­յա­թափ­ման հե­տե­ւան­քով։

Այ­դու­հան­դերձ հայ ժո­ղո­վուր­դը կրցաւ յա­րու­թիւն առ­նել ­Մեծ ­Գող­գո­թա­յէն եւ յա­ջո­ղե­ցաւ ոչ միայն նուա­ճել իր ան­կա­խու­թիւ­նը հայ­րե­նի­քի փոքր, բայց աս­տի­ճա­նա­բար ըն­դար­ձա­կո­ւող մա­սին վրայ, այ­լեւ՝ հաս­տա­տուն հի­մե­րով ամ­րապն­դել հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թիւ­նը։

Մա­յիս 1919ին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րա­կազմ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի վար­չա­պե­տու­թեամբ, խորհր­դա­րա­նին ներ­կա­յա­ցո­ւած իր քա­ղա­քա­կան ու­ղե­գի­ծին մէջ, ար­տա­յայ­տե­լով ­Պա­հու ընդ­հա­նուր խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը եւ իշ­խա­նու­թեան ղե­կը ստանձ­նած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ տի­րող տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը, ար­դէն հռչա­կած էր ­Միա­ցեալ, Ան­կախ եւ Ա­զատ ­Հա­յաս­տա­նի ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծե­լու իր ան­սա­կարկ յանձ­նա­ռու­թիւնն ու ամ­բող­ջա­կան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։

Ա­հա նմա՛ն մթնո­լոր­տի մէջ, 27 ­Սեպ­տեմ­բեր 1919ին կա­տա­րո­ւե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը Հ.Յ.Դ. Ին­նե­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, որ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ ­Հոկ­տեմ­բեր ամ­սու ա­ւար­տը։
Այդ­պէ՛ս, իր հիմ­նադ­րու­թե­նէն եւ մղած շուրջ ե­րես­նա­մեայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րէն ետք, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ իր ա­ռա­ջին գե­րա­գոյն ժո­ղո­վը, որ կը գու­մա­րո­ւէր Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ։
Հ­րաչ ­Տաս­նա­պե­տեա­նի գիր­քին ամ­փո­փու­մով («Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իր կազ­մու­թե­նէն մին­չեւ Ժ. Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով»)՝ Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը ու­նե­ցաւ «ա­մե­նա­լայն ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան պատ­կեր ու յստա­կօ­րէն հա­մազ­գա­յին բնոյթ»։

Ժո­ղո­վին ի­րենց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով մաս­նակ­ցե­ցան՝

– ­Հա­յաս­տա­նի ու Ա­րե­ւե­լեան ­Բիւ­րո­նե­րը եւ «բո­լոր այն մար­մին­նե­րը, ո­րոնք ի­րա­ւա­պէս գո­յու­թիւն ու­նէին Ու­թե­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի օ­րե­րուն (1914)».
– ­Նաեւ այն մար­մին­նե­րը, «ո­րոնք կազ­մո­ւած էին հնգա­մեա­կի ըն­թաց­քին (­Բա­սէն, ­Բագ­րե­ւանդ, ­Հարք-Ա­պա­հու­նիք), ինչ­պէս նաեւ ա­նոնք՝ որ կը բխէին ­Հա­յաս­տա­նի նոր ի­րա­կա­նու­թե­նէն (­Խորհրդա­րա­նա­կան Ֆ­րակ­ցիա, Ե­րե­ւա­նի ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ­Խոր­հուրդ ե­ւայլն)։

Ժո­ղո­վի նա­խա­պատ­րաս­տու­թեան շրջա­նին, ­Մարտ 1919էն սկսեալ, Հ.Յ.Դ. զոյգ ­Բիւ­րո­նե­րը «ա­րեւմ­տա­հայ մար­մին­նե­րուն տո­ւած էին յա­տուկ դիւ­րու­թիւն­ներ՝ ի­րենց կազ­մե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լու»։
Հ.Յ.Դ. Ին­նե­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի «Ո­րո­շում­նե­րու գրքոյկ»ին հա­մա­ձայն՝ ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան վճռա­կան ձայ­նով 61 եւ խորհր­դակ­ցա­կան ձայ­նով 19 պատ­գա­մա­ւոր­ներ։

Ընդ­հան­րա­պէս քա­ռա­մեայ պար­բե­րա­կա­նու­թեամբ գու­մա­րո­ւող ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գե­րա­գոյն հա­մա­գու­մար­նե­րու՝ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ, շու­տա­փոյթ պար­բե­րա­կա­նու­թեամբ յատ­կան­շո­ւած էր ­Չոր­րոր­դէն (1907ին, ­Վիեն­նա) մին­չեւ Ու­թե­րորդ (1914ի ­Յու­լիս, ­Կա­րին) Ընդ­հա­նուր Ժո­ղով­նե­րուն գու­մար­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը։ Եօ­թը տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ չորս Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով­ներ, ո­րով­հե­տեւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի եւ բուն Երկ­րին հա­մար ծայր աս­տի­ճան բախ­տո­րոշ վե­րի­վայ­րում­նե­րով բնո­րո­շո­ւող տա­րի­ներ էին։
Յատ­կա­պէս Եօթ­նե­րորդ (1913ի Օ­գոս­տոս, ­Կա­րին) եւ Ու­թե­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով­նե­րը գու­մա­րո­ւե­ցան հա­զիւ 10 ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին։

7րդ Ընդհ. ­Ժո­ղո­վի օ­րե­րուն ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան տա­կա­ւին կ­’ապ­րէր եւ կ­’ա­ռաջ­նոր­դէր Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ գոր­ծող դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, իսկ ­Ռոս­տոմ հաս­տա­տուած էր ­Կա­րին, ուր­կէ կը հու­նա­ւո­րէր բուն Երկ­րի մէջ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Հ.Յ.Դ. ­Հիմ­նա­դիր ­Սե­րուն­դի եր­կու ղե­կա­վար դէմ­քե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, 7րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը քննու­թեան նիւթ դար­ձուց ­Գեր­մա­նիոյ հետ զի­նակ­ցա­բար ընդ­հա­նուր պա­տե­րազ­մի պատ­րաս­տո­ւե­լու Իթ­թի­հա­տի ռազ­մա­տենչ քայ­լե­րը։ Ո­րո­շեց՝ «օ­րի­նա­կան բո­լոր հնա­րա­ւոր մի­ջոց­նե­րով կան­խել զի­նո­ւած ընդ­հա­րում­նե­րը», իսկ ե­թէ պա­տե­րազ­մը ան­խու­սա­փե­լի դառ­նայ՝ «ա­մէն քա­ղա­քա­ցի կը կա­տա­րէ իր քա­ղա­քա­ցիա­կան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ի՛ր պե­տու­թեան հան­դէպ»։

Աշ­խար­հա­մար­տը շու­տով ան­խու­սա­փե­լի դար­ձաւ եւ Իթ­թի­հատ, գիտ­նա­լով հան­դերձ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­կա­պա­տե­րազ­մա­կան դիր­քո­րո­շու­մը, քա­ղա­քա­կան ա­մէն քայ­լի դի­մեց, որ­պէս­զի տար­հա­մո­զէ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը եւ, ­Ցա­րա­կան կայս­րու­թեան դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան նա­խա­պատ­րաս­տած պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, թրքա­կան զօր­քե­րու կող­քին ու­նե­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­րեւմ­տա­հայ թէ ա­րե­ւե­լա­հայ հա­տո­ւած­նե­րուն զի­նակ­ցու­թիւ­նը՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մի­ջո­ցաւ։

Այդ պատ­ճա­ռով ալ, 7րդ Ընդհ. ­Ժո­ղո­վէն տա­սը ա­միս անց, գու­մա­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհ. ­Ժո­ղո­վը, Ս. ­Զա­ւա­րեա­նի մա­հէն ետք (­Հոկ­տեմ­բեր 1913) ­Ռոս­տո­մի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, որ միեւ­նոյն՝ 7րդ Ընդհ. Ժո­ղո­վի պա­տաս­խա­նը տո­ւաւ ­Կա­րին ե­կած ու 8րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցած Իթ­թի­հա­տի բա­նագ­նաց­նե­րուն։

Այդ­պէ՛ս, իր 7րդ­ եւ 8րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով­նե­րու ո­րո­շու­մով, Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի դա­ժա­նա­գոյն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ստի­պո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին զէնք բարձ­րաց­նե­լու իթ­թի­հա­տա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան դէմ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան պայ­քա­րը կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար։

Միա­ժա­մա­նակ՝ Հ.Յ.Դ. ձեռ­նար­կեց, ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին, ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մին, որ­պէս­զի հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րով իր վճռո­րոշ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րէ ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին՝ նպա­տա­կադ­րե­լով օգ­նու­թեան հաս­նիլ բուն Երկ­րի հա­յու­թեան եւ զայն փրկել շա­րու­նա­կո­ւող ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քէն…

Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան բախ­տո­րոշ այդ վե­րի­վայ­րում­նե­րու խո­րա­պատ­կե­րով՝ Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը ե­կաւ պատ­մա­կան ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին հնգա­մեայ մա­քա­ռու­մին՝ մա­հո­ւան ան­դուն­դը թա­ւալգ­լոր ան­կու­մին եւ հրա­շա­փառ յա­րու­թեան, ո­րուն պսա­կու­մը ե­ղան ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճումն ու հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան կեր­տու­մը։

Դաշ­նակ­ցու­թեան 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ ոչ միայն հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ա­ւե­լի քան ե­րես­նա­մեայ պայ­քա­րին յաղ­թա­նա­կով պսա­կու­մը ամ­րագ­րե­լու ի­մաս­տով, այ­լեւ՝ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ա­կա­մայ, այլ բռնի երկ­փեղ­կու­մին վերջ տա­լու ա­ռու­մով։

Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ծ­րագ­րէն ջնջեց Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի եւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի հա­մար 1907ի 4րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին ա­ռա­ջադ­րած լայն ինք­նա­վա­րու­թեան քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը եւ, փո­խա­րէ­նը, ո­րո­շեց ծրագ­րա­յին նպա­տակ ու­նե­նալ «­Միա­ցեալ, Ան­կախ եւ Ա­զատ ­Հա­յաս­տան»ի ի­րա­գոր­ծու­մը։

Հ.Յ.Դ. Ին­նե­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը պատ­մա­կան ե­ղաւ նաեւ ու մա­նա­ւանդ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Հա­յաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը պատ­ժե­լու իր ո­րո­շու­մով, որ ամ­րագ­րուե­ցաւ «­Նե­մե­սիս գոր­ծո­ղու­թեան» առ­ջեւ ծրագ­րու­մի եւ կազ­մա­կեր­պու­մի կա­նաչ լոյս բա­նա­լով։

Իր այդ ո­րո­շում­նե­րով՝ նաեւ գա­լի­քի հաշ­ւոյն պատ­մա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցաւ 27 ­Սեպ­տեմ­բե­րի օ­րը, 97 տա­րի ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցո­ւած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը։ Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի հան­գա­նա­կը ծրագ­րա­յին ա­ռա­ջադ­րան­քի վե­րա­ծե­լով՝ Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը հու­նա­ւո­րեց ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հե­տա­գայ ու­ղին՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նո­ւա­ճում­նե­րը դարձ­նե­լով կի­զա­կէ­տը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան վար­քագ­ծին։

Միա­ժա­մա­նակ՝ «­Նե­մե­սիս գոր­ծո­ղու­թեան» ի­րա­կա­նա­ցու­մով, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­պէս լծուե­ցաւ ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան եր­կա­րա­շունչ պայ­քա­րին՝ զայն դարձ­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն ազ­գա­յին ինք­նա­ճա­նա­չու­մի եւ քա­ղա­քա­կան ինք­նա­հաս­տատ­ման ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­րաշ­խի­քը՝ ­Հա­յա­պահ­պան­ման եւ հա­յա­կերտ­ման կե­նա­րար ա­կուն­քը։

Վեր­ջա­պէս, Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը դաշ­նակ­ցա­կան սե­րունդ­նե­րուն վրայ պարտք դրաւ մշա­կու­մը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եւ ըն­կեր­վա­րա­կան այն Ծ­րագ­րին ու գոր­ծու­նէու­թեան, ո­րոնք ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան եւ ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մի ու­ղին պի­տի հար­թեն ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ու միա­ցեալ հա­յու­թեան առ­ջեւ՝ Ազ­գի ­Պե­տա­կան ­Տու­նը կար­գի դնե­լով մեր հայ­րե­նի­քին ու ազ­գին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ պայ­ման­նե­րուն հի­ման վրայ։

Ն.

Տպել Տպել