Աւստրալիոյ Մէջ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Շաբթուան Ընթացքին Հանգանակուեցաւ 47,000 Տոլար

0000australia-1Սեպտեմբեր 19էն 23 երկարող օրերուն Աւստրալիոյ հայ գաղութին մէջ յայտարարուած էր Սուրիահայութեան օժանդակութեան շաբաթ, որուն ընթացքին Սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն համար հանգանակուեցաւ աւելի քան 47,000 տոլար, որ յայտարարուեցաւ Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած խրախճանքին ժամանակ:

Ընդառաջելով Սուրիահայութեան օժանդակութեան շաբթուան կազմակերպիչ մարմիններուն՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, ՀՕՄին, ՀՄԸՄին, Համազգայինին, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ «Արմէնիա Մետիա» մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան կոչին՝ աւստրալահայ գաղութը իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ զօրակցութեան շաբթուան ընթացքին:

Օժանդակութեան շաբթուան նպատակն էր հարկ եղած նիւթական օժանդակութիւնը տրամադրել սուրիահայ մեր ազգակիցներուն՝ ապահովելու համար անոնց առօրեայ պէտքերը, ինչպէս ջուր, ելեկտրականութիւն, սնունդ եւ դեղորայք:

Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, որուն ներկայ էին աւելի քան 200 հայորդիներ: Խրախճանքին ընթացքին կամաւորաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութի սիրուած երգիչներն ու երաժիշտները: Խրախճանքը կը կազմակերպէր ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի եւ անոր ուղեկից միութիւններուն ջանքերով կազմուած Միջին Արեւելքէն ներգաղթողներու օժանդակութեան յանձնախումբը: Բացման խօսքին մէջ յանձնախումբի ատենապետ Պօղոս Պալիօզեան ըսաւ. «Երախտապարտ ենք ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին եւ անոր ուղեկից միութիւններուն, որոնց ջանքերով երկրորդ անգամն ըլլալով կը կազմակերպուի Սուրիահայութեան օժանդակութեան շաբաթը Աւստրալիոյ մէջ. անոր միջոցաւ աւստրալահայութիւնը առիթը կ՛ունենայ օժանդակելու Սուրիոյ մէջ ծայր առած դժնդակ պատերազմի պայմաններուն մէջ գոյատեւող իրենց ազգակիցներուն»:

Խրախճանքի ընթացքին ՀՅԴ Սուրիոյ շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Եուզպաշեան Skype-ի միջոցաւ իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն՝ ըսելով. «Հինգ տարիներէ ի վեր սուրիահայութիւնը մեծ տագնապ մըն է, զոր կը դիմագրաւէ, իսկ, դժբախտաբար հալէպահայութեան վիճակուած է ծանրագոյնը: Այսուհանդերձ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր բոլոր կառոյցներով՝ Երիտասարդական, Պատանեկան, ուղեկից միութիւններով կը շարունակէ կազմակերպուած գործել՝ հոսանքն ի վեր թիավարելով: Բերիոյ թեմը՝ իր Ազգային վարչութեամբ, խորհուրդներով եւ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ, վառ կը պահէն ազգային կեանքը: Կը գործեն նաեւ մեր Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, նախակրթարանը, մանկապարտէզը եւ շուրջ 800 աշակերտներ անվճար կը յաճախեն վարժարան՝ շարունակելով իրենց կրթական կեանքը: Պատնէշի վրայ են օրական 24 ժամ տեւողութեամբ մօտաւորապէս 300 նուիրեալներ, մեծամասնութեամբ ընկերներ, հերթականութեամբ կը տանին իրենց նուիրական սուրբ գործը: Անոնք կեանքի գնով, ճիգ չեն խնայեր երաշխաւորելու հայկական թաղամասերու մեր ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութիւնը եւ ազգային–կուսակցական կալուածներու ապահովումը: Սուրիահայ գաղութը ի գին ամէն դժուարութեանց որոշած է գոյատեւել աննկուն կամքով, յույսով եւ լաւատեսութեամբ: Շնորհակալութիւն աւստրալահայ գաղութին, կազմակերպիչ կոմիտէութեան եւ բոլոր յանձնախումբերուն, այս ձեռնարկի յաջողութեան, բայց յատկապէս ձեզի, որ ձեր ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ կանգնած էք մեր կողքին, թեթեւցնելով մեր տագնապը: Վարձքերնիդ կատար: Մենք հպարտ ենք ձեզմով»։

asbarez.com

Տպել Տպել