Հալէպի Մէջ Բուռն Հրթիռակոծումներ

Կան Հայ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

fotorcreatedԳանձասար. Այսօր առաւօտեան վաղ ժամերէն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը հրթիռակոծեն Հալէպի Նոր Գիւղ եւ Վիլլաներ հայաշատ թաղամասերը։

Նոր Գիւղի մէջ գտնուող Ազգ. Պատսպարանի սաները առժամաբար փոխադրուեցան համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր։
Վայրկեաններ առաջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին վիլլաներ թաղամասը։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտակայքը գտնուող բնակարանի մը վրայ ինկած հրթիռի մը հետեւանքով արձանագրուեցան հայ զոհեր եւ վիրաւորներ։

Շտապ օգնութեան ծառայողներ շրջափակեցին շրջանը։

Հալէպի շտապ օգնութեան մարմնի անդամները վիրաւորները փոխադրեցին հիւանդանոց։

Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ապահովական նկատառումներով աշակերտութիւնը անմիջապէս տեղափոխեց ներքնայարկ։

Հալէպի Մէջ Ներկայ Տուեալներով 3 Զոհ, 6 Հայ Վիրաւոր

Հալէպի Շտապ օգնութեան մարմինը տեղեկացուց այսօր Վիլլաներ թաղամասին մէջ ինկած հրթիռին հետեւանքով հայ զոհերուն եւ վիրաւորներուն անունները։

Զոհուած են հայազգի Արման Հինտոյեանը եւ Ծիլա Ճապաղջուրեանը։ Երրորդ հայ զոհը կին մըն է, որուն ինքնութիւնը ցարդ հնարաւոր չէ եղած ճշդել։

Ծանրօրէն վիրաւորուած են.

Գառնիկ Կարապետեան, Միրէյ Հինտոյեան, Ծովիկ Գապիքեան, որոնք ներկայիս վիրահատութեան կ՚ենթարկուին։

Թեթեւակիօրէն վիրաւորուած են Պէթի Լախոյեան-Հինտոյեան, Մովսէս Հինտոյեան, Նազար Զարմինեան։

Հայ Զոհերուն Թիւը Բարձրացաւ 4-ի

Հալէպի մէջ այսօր առաւօտեան արձանագրուած զոհերուն շարքին մաս կազմեց նաեւ Յասմիկ Կիրակոսեան-Պէրէճիքլեան, որուն կեանքը հնարաւոր չեղաւ փրկել վիրահատութեամբ։

Միրէյ Հինտոյեան Զոհուեցաւ

Շտապ օգնութեան մարմինը տեղեկացուց, թէ այսօր առաւօտեան ծանրօրէն վիրաւորուած Միրէյ Հինտոյեան կեանքին հրաժեշտ տուած է։ Միրէյը Արման Հինտոյեանին քոյրն է։ Հինտոյեան ընտանիքին դուստրն ու մանչ զաւակը զոհ գացին բարբարոս ահաբեկիչներու անմարդկային արարքներուն։

Շտապ օգնութեան մարմինը յայտնեց նաեւ, թէ Յասմիկ Կիրակոսեան-Պէրէճիքլեանը ոչ թէ 4-րդ այլ՝ 3- րդ զոհն էր, որուն ինքնութիւնը յստակ չէր։ Ներկայ տուեալներով Հալէպի մէջ արձանագրուած է 4 զոհ, 7 վիրաւոր։ 7-րդ վիրաւորը Մարի Կարապետեանն է, որ թեթեւակիօրէն վիրաւորուած ու դուրս եկած է հիւանդանոցէն։

aztagdaily.com

Տպել Տպել