Բազմահազար Լիբանանահայեր Հպարտութեամբ Նշեցին Հայաստանի Եւ Արցախի Անկախութեան 25-Ամեակը

fotorcreated

«Այն Տարիներուն, Երբ Անկախութիւնը Շատ Հեռու, Անիրական Կը Թուէր, Սփիւռքի Մէջ Այդ Յոյսը Պահպանուեցաւ, Մեր Գաղութները Աչքի Լոյսի Պէս Պահեցին Մեր Պետական Սրբութիւնները, Զինանշանը, Դրօշակը, Քայլերգը», Արմէն Ռուստամեան

«Մենք Պէտք Է Շարունակենք Ներդրել Մեր Բոլոր Ջանքերն Ու Կարելիութիւնները` Հասնելու Մեր Անկախ Պետականութեան Ամրապնդման, Զարգացման Եւ Արցախի Հանրապետութեան Գոյատեւման», Սամուէլ Մկրտչեան

«Մեր Նահատակ Զաւակները Բոլորին Եւ Նաեւ Մեզի` Ծնողներուս Կը Մղեն Գիտակցելու, Որ Մենք Այսուհետեւ Պիտի Ապրինք Նաեւ Յաղթողի Հպարտութեամբ», Ատոմ Զոհրապեան

Հայատրոփ Պուրճ Համուտի սրտին մէջ աննախադէպ տօնախմբութիւն կար: Բազմահազար հայորդիներ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշներ պարզած կը փութային մասնակցութիւն բերելու Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի հանդիսութեան: Լիբանանահայութիւնը հայրենասիրութեան վեհ զգացումներով տոգորուած եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եկած էր արտայայտելու միասնակամութեան գաղափարին կառչած մնալու իր կամքը եւ զօրակցութիւն յայտնելու հայութեան համայն իղձերու եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան: Լիբանանահայութիւնը ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի անկախութեան կերտման ճամբուն վրայ իր գործօն ներկայութեան տեսանելի արդիւնքները վերաթարմացնելու եւ հաստատելու, որ պատրաստ է ամէն ժամ մասնակցելու հայ ժողովուրդին պատմական արդարութեան վերականգման եւ զոյգ պետականութիւններու զարգացման ու բարգաւաճման գործին, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր ու ապագային, այլ խօսքով` երբ որ հնչէ ահազանգը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 25-ամեակի ժողովրդային հանդիսութիւնը, զոր կազմակերպած էր ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական մարմինը, տեղի ունեցաւ կիրակի, 2 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին կից գտնուող կառատան մէջ:

Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, ՄԱՀԱԵՄ-ի ատենապետ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ եւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Միքայէլ Մանուկեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի խորհրդական Արսէն Ղազարեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ուժանիւթի նախարար Արթիւր Նազարեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներ, նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ պետական պաշտօնեաներ, մեծ թիւով լիբանանահայութիւն:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութեամբ սկիզբ առաւ տօնախմբութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ցոլեր Թալաթինեան: Ան ողջունեց բազմահազար հայորդիները Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին առիթով, ապա ըսաւ, թէ անկախութիւնները կը կերտուին հազարաւոր հայորդիներու գերագոյն զոհաբերութեամբ` արեան կաթիլներով: Թալաթինեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը անցնող 25 տարիներուն ընթացքին բոլոր պայմաններուն մէջ անմասն չէ մնացած Հայաստանի եւ Արցախի իրականութիւններէն: Լիբանանահայութիւնը ո՛չ միայն նիւթապէս, այլեւ ֆիզիքապէս ներկայ գտնուած է արցախեան պատերազմի դաշտին վրայ: Ան աւարտեց խօսքը ըսելով. «Պէտք է ուխտենք շարունակել երթը` զօրակցելու Հայաստանի հզօրացման, թիկունք կանգնելու Արցախին, ամրապնդելու մեր միասնականութիւնը եւ միասնաբար մտածելու յառաջիկայ 25-ամեակին մասին: Մեզի համար Հայաստանը ամէն բանէ վեր է»:ra-artsakh_independence25amiag_100216

Ողջոյնի ուղերձով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ ըսաւ, թէ 25 տարի առաջ վերանուաճուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը իրականացուած է հերթական ազատագրական պայքարի միջոցով: Ատիկա Արցախի մէջ մղուած ազգային- ազատագրական պայքարն էր, որ նախորդեց մեր անկախութեան գաղափարի քարոզչութեան եւ գործնական իրականացման: Դեսպան Մկրտչեան յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ազատ Արցախը 25 տարիներու ընթացքին իրենց գոյատեւումը ապահոված են համայն հայութեան միասնական ջանքերով, որովհետեւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէջ, ուր ալ գտնուին անոնք` Հայաստանի, Արցախի, թէ սփիւռքի մէջ, ընդհանրութեան գիտակցութիւնը արմատաւորուած եւ ամուր հիմքերու վրայ դրուած է: «Մենք կը գիտակցինք, որ մեր ապագան մեր երկու անկախ պետութիւններու ամրապնդման, բարգաւաճման եւ զարգացման ուղին է: Մենք պէտք է շարունակենք ներդնել մեր բոլոր ջանքերը, մեր բոլոր կարելիութիւնները` հասնելու մեր անկախ պետականութեան ամրապնդման, զարգացման եւ Արցախի Հանրապետութեան գոյատեւման», հաստատեց դեսպան Մկրտչեան, ապա անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս լիբանանահայութիւնը առաջին իսկ օրէն` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնումի եւ Արցախի հերոսամարտի օրերէն կանգնած եղած է հայրենիքի կողքին, իր բոլոր կարելիութիւններով իր ներդրումը ունեցած է ձեռք բերուած մեր յաղթանակներուն մէջ եւ կը շարունակէ իր սկզբունքային հայրենանուէր, պետականամէտ գործունէութիւնը:

Իր խօսքի աւարտին դեսպան Մկրտչեան շնորհաւորեց ներկաները երկու մեծ յոբելեաններուն առիթով, ապա եզրափակեց. «25-ամեակը իրաւունք եւ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ յետադարձ հայեացք նետելու այն ձեռքբերումներուն եւ բացթողումներուն վրայ, զորս մենք ունեցած ենք այս ժամանակաշրջանին: Ամրապնդելով մեր ձեռքբերումները եւ լրացուցիչ ջանքերով վերացնելով թերացումները, մենք պէտք է շարժինք առաջ»:

Ապա ցուցադրուեցաւ այս տարուան 21 սեպտեմբերին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին առիթով տեղի ունեցած զօրահանդէսէն բաժիններ ներկայացնող տեսերիզ մը:

Օրուան պատգամախօսը` ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայութեան համար յատկանշական օր եւ պատմական մեծ իրադարձութիւն նկատելով Հայաստանի անկախութիւնը, անդրադարձաւ պետականաշինութեան 25-ամեայ երթին: «Մենք այս 25 տարիներուն միասին եղած ենք, այս սերունդը տեսած է այս 25 տարիներու վերիվայրումները. այս տարիները իսկապէս բաւական լուրջ ժամանակամիջոց են, որ կարելի ըլլայ պատմութեան աչքերով նայիլ մեր անցած ուղիին, գնահատել պատմական նշանակութիւն ունեցող ձեռքբերումները, գնահատել ճիշդն ու սխալը, գնահատել այն կորուստները, զորս մենք ունեցած ենք մեր իսկ սխալներուն պատճառով: Ազնուօրէն, անկեղծօրէն, այս փուլը պէտք է անցնիլ դէպի յառաջ նայելով, որպէսզի սխալները ուղղելով մենք կարենանք հազարամեակներու մեր երթը անսասան պահել եւ ընթանալ դէպի այն նպատակները, զորս մեր հայրերը, մեր պատմութեան մէջ եղած բոլոր հերոսները, նահատակները մեզի պատուիրած են, եւ որոնց շնորհիւ մենք ունինք մեր երկիրը` մայր Հայաստանը»:

Արմէն Ռուստամեան հաստատեց, որ այսօրուան անկախութիւնը միայն այս սերունդին ձեռքբերումը չէ, այլ անոր հիմը դրուած է 1918 թուականին, ուստի սերունդներու ձեռքբերումներուն եւ նուաճումներուն շնորհիւ է, որ այսօր կարելի է նշել վերանկախացումը:

«Այն տարիներուն, երբ անկախութիւնը շատ հեռու, նոյնիսկ անիրական կը թուէր շատերու համար, կը կարծուէր, թէ մեր անկախութիւնը այլեւս կորսուած է վերջնականապէս, յատկապէս սփիւռքի մէջ էր, որ այդ յոյսը պահպանուեցաւ, սփիւռքի մեր գաղութներն էին, որոնք աչքի լոյսի պէս պահեցին մեր պետական սրբութիւնները, մեր զինանշանը, մեր դրօշակը, մեր քայլերգը եւ փոխանցեցին այսօրուան հանրապետութեան` այսպիսով կամուրջ հանդիսանալով սերունդներուն միջեւ, կամուրջ` մեր անկախ ձեռքբերումներուն միջեւ, առաջին հանրապետութենէն մինչեւ այս օրերը: Ասիկա մեծագոյն եւ ամէնէն պատուաբեր ընթացքն է, որ որեւէ ժողովուրդի կենսագրութիւն կրնայ զարդարել», հաստատեց Արմէն Ռուստամեան: Այս առումով ան հայութիւնը նկատեց բացառիկ ազգ` բացառիկ երկիր եւ պետութիւն ունեցող` նշելով, որ այս բոլորը կը միաւորեն մեզ մէկ ընդհանուր նպատակի` ազգային-պետական նպատակներու շուրջ:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչը դիտել տուաւ, որ այս տարի համայն հայութիւնը նշեց երկու հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակը, որովհետեւ այս փուլին ո՛չ միայն կարելի եղած է վերականգնել անկախութիւնը, այլ նաեւ մենք մեր կորսնցուցած հայրենիքի մէկ փոքր հատուածը վերադարձուցած ենք: Առ այդ, այսօր ժողովուրդը հպարտութեամբ կրնայ ըսել, որ անցնող փուլի վերիվայրումներուն, փորձութիւններուն, մաքառումներուն մէջէն անցնելով, զանազան մարտահրաւէրներ դիմագրաւելով կարելի եղած է 42 հազար քառակուսի քիլոմեթր հայկական տարածք ունենալ, ինչ որ պատմական ձեռքբերում է, զոր պէտք է պահել աչքի լոյսի պէս, որուն համար պէտք է ճշդել այն հանգամանքները, այն սխալներն ու բացթողումները, որոնց պատճառով կարելի չէ եղած անհրաժեշտ արդիւնքին հասնիլ, առանց որոնց այսօր կարելի պիտի ըլլար աւելի լաւ Հայաստան, շատ աւելի բարգաւաճ երկիր ունենալ, եւ առանց որոնց աշխարհասփիւռ հայութիւնը` սփիւռքը, պորտակապով կապուած կ՛ըլլար Հայաստանի հետ, եւ կ՛ունենայինք մէկ ամբողջական հայութիւն, անկախ անկէ, թէ ո՛վ ուր կը գտնուի, եւ բոլորին հայեացքը ուղղուած կ՛ըլլար դէպի մեր ազգային նպատակները:

«Այս կարելիութիւնը իսկապէս մենք այս 25 տարիներուն լիարժէքօրէն չօգտագործեցինք: 1988 թուականի ազգային զարթօնքը աննախադէպ էր, բոլորը միասին կը նայէին նոյն կէտին, նոյն նպատակին: Դժբախտաբար, այդ զարթօնքին բերած հսկայական ներուժը մսխուեցաւ եւ չտուաւ այն արդիւնքը, որուն կը ձգտէինք բոլորս, որուն երազը ունէինք: Այդ 25 տարիները հաստատ բաւարար էին, որ մենք այսօր կարենայինք աւելի լաւ արդիւնքներու մասին խօսիլ: Ասոր պատճառը քաղաքական առումով շատ յստակ է. մեր այս սերունդը, երբ սկսաւ անկախութեան ձեռքբերման հոլովոյթին, ատիկա կատարեց 23 օգոստոս 1990 թուականին ընդունուած, նշանաւոր հռչակագիրով, ուր յայտարարուեցաւ սկիզբը անկախութեան հոլովոյթին: Ցարդ կատարուած մեծագոյն սխալը այն է, որ մեր երկրի ընթացքը այդ հռչակագիրով մատնանշուած ուղղութեամբ անխափան չընթացաւ, շեղեցաւ երկրի զարգացումը այդ հռչակագիրով նախանշուած ուղղութենէն: Հոն շատ յստակ կ՛ըսուէր, որ մեր այս անկախութիւնը պէտք է կառուցենք ամրապնդելով եւ զարգացնելով 1918 թուականի առաջին հանրապետութեան աւանդութիւններն ու արժէքները», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: Ան դիտել տուաւ, որ այդ շեղումը շատ սուղ արժեց, որովհետեւ թէեւ տարի մը յարգուեցաւ վերոյիշեալ սկզբունքը, սակայն անկէ ետք ձեւաւորուեցաւ կիսանախագահական համակարգ մը, որուն դէմ էին շատեր, որոնց կարգին` ՀՅԴ-ն, որովհետեւ, նման համակարգի ընտրութիւնը ճիշդ չէր հայ ժողովուրդի մտայնութեան եւ ըմբռնումներուն համար: «Հայ ժողովուրդը այն ազգերէն է, որուն ոչ ոք կրնայ միանձնեայ կառավարել, չկայ մէկը, որ ըլլայ աստուածացած, հրեշտակի կարգավիճակով, եւ որ ինչ որ ընէ այդպէս ալ ընթանան բոլորը: Հայ ժողովուրդը ազատատենչ է, արդարութեան արժէքներն ու գիտելիքները ունեցող ժողովուրդ է եւ ան չի կրնար ընդունիլ արդարութեան որեւէ շեղում, ազատութեան սահմանափակում, եւ այդ ազատատենչութեան ու արդարութեան ձգտումն է, որուն շնորհիւ իբրեւ պարգեւ մենք այսօր ձեռք բերած ենք մեր երկու պետութիւններուն անկախութիւնները», հաստատեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչը:

Օրուան պատգամաբերը դիտել տուաւ, որ անցած տարիներուն մեծ կորուստներ արձանագրուեցան միանձնեայ համակարգին պատճառով, ժողովրդավարութիւնը ոտնահարուեցաւ, տիրեց անարդարութիւն, բազմացան ընկերային¬տնտեսական խնդիրները, որոնցմէ այսօր դժգոհ է ժողովուրդը, եւ որոնց արագ լուծման կարիք կայ այսօր: Այդ առումով ան կարեւոր նկատեց ո՛չ միայն սխալներն ու թերութիւնները մատնանշելը, այլ նաեւ զանոնք ուղղելով երաշխաւորել, որ անոնք պիտի չկրկնուին, որ այսօր մենք ընդունակ ենք կորուստներուն պատճառները ճշդելու, զանոնք վերացնելու, որպէսզի կարենանք դէպի ապագայ նայիլ եւ յաջորդ ամեակները նշել մեր երազած պայծառ ապագայ ունեցող երկրով եւ մեծ արդիւնքներով: Արմէն Ռուստամեան վստահութիւն յայտնեց այն մասին, որ այսօր Հայաստանի մէջ համակարգը փոխելով վերադարձ կը կատարուի ելման կէտին եւ կարելի պիտի ըլլայ սրբագրել այն, ինչ որ ժամանակին չէ կատարուած ու ընթանալ աւելի լաւ ապագայի ուղիով: «Յառաջիկայ տարիէն մենք պիտի ունենանք նոր Հայաստան` նոր սահմանադրական կարգով, նոր կարելիութիւններով», հաստատեց ան` դիտել տալով, որ ներկայիս արդէն մեծ յոյսեր կապուած են նոր կառավարութեան:

Արմէն Ռուստամեան շեշտեց, որ այլեւս կարելի չէ ուշանալ, մանաւանդ որ այսօր տակաւին կայ չաւարտած պատերազմ, ունինք թշնամի մը, որ անընդհատ պատերազմի լեզուով կը խօսի եւ միշտ կը փորձէ մեր զգօնութիւնը, մեր ուժն ու կարողութիւնը, մեր միասնութիւնը: Ան հաստատեց, որ մեր պատմական մեծագոյն ձեռքբերումներէն եղող Արցախը պէտք է պահպանել, գիտակցիլ, որ այդ ձեռքբերումը կարելի եղած է նուաճել մեր հերոսներուն արեան գնով ու մեծ զոհաբերութեամբ` դիտել տալով, որ դժուար է յաղթելը, սակայն առաւել դժուար է յաղթանակը պահելը: Ա. Ռուստամեան ըսաւ, որ ասոր լաւագոյն օրինակը տուին ապրիլեան պատերազմին զոհուած նահատակները, որոնք ստացած են նոյն մկրտութիւնը, ինչպէս զիրենք նախորդած հերոսները:img_3282
Պատգամաբերը լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ ապրիլեան պատերազմը մեծ դաս եղաւ թշնամիին, սակայն ան պիտի շարունակէ իր պատերազմատենչ ընթացքը, ուստի, եթէ կ՛ուզենք, որ մեր երկրին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի, պէտք է առաջնորդուինք «Եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես, պատրաստ եղիր պատերազմի» բանաձեւով` աւելցուց Ռուստամեան` դիտել տալով, որ թէեւ Հայաստանն ու Արցախը պատերազմ չեն ուզեր, սակայն ոչ ոք կրնայ զանոնք վախցնել պատերազմի սպառնալիքով, այլ պէտք է թշնամին գիտնայ, որ հաշուի պէտք է նստի հայ ժողովուրդին հետ:

Դիւանագիտական հարթակին վրայ առկայ մարտահրաւէրներուն անդրադառնալով` Արմէն Ռուստամեան հաստատեց, որ անցնող 25 տարիները ցոյց տուին, որ եթէ մենք կ՛ուզենք իսկապէս մեր նպատակին հասնիլ, անշեղօրէն ընթանալ այդ ուղղութեամբ, պէտք է առաջնորդուինք մէկ հիմնական կարգախօսով. «Զարգանալ չզիջելով»: «Ճիշդ այն պահուն, երբ ոեւէ իշխանաւորի մտքէն անցաւ, որ կարելի է զիջիլ զարգանալու համար, ատիկա կործանման սկիզբն է: Այս սերունդը կրցաւ այդ ամէնը փոխել: Այս 25 տարիներուն մենք ցոյց տուինք, որ եթէ իսկապէս կ՛ուզես արժանապատիւ կերպով գոյատեւել, ուրեմն պէտք է զարգանալ առանց զիջելու, եւ պէտք է զարգանալ չզիջելու համար: Ասոնք իրարու հետ կապուած են», հաստատեց բանախօսը` շեշտելով, որ մեր դիւանագէտները եւս նոյն ուղղութեամբ պէտք է աշխատին միջազգային մակարդակի վրայ:

Ան լուսարձակի տակ առաւ այն հանգամանքը, որ Արցախի ժողովուրդը երկու տարբեր հանրաքուէներով (1991-2006) ըսած է իր կարծիքը եւ փոխանցած դիրքորոշումը, որոնց համաձայն, իրեն համար անընդունելի է որեւէ լուծում, որ չ՛ենթադրեր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը եւ անոր տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը: «Ո՛չ մէկ զիջում կարելի է ընել Ազրպէյճանին, այնքան ատեն որ ան չէ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի անկախ պետութեան գոյութիւնը եւ չէ վերականգնուած անոր տարածքային ամբողջականութիւնը: Ասիկա պէտք է ըլլայ բոլորը ուղղորդողը: Մենք պէտք է շատ լաւ հասկնանք, որ եթէ մենք կը խօսինք` «Խաղաղութիւն կ՛ուզես` պատրաստ եղիր պատերազմի» նշանաբանով, ատիկա նաեւ կը նշանակէ, որ մենք` իբրեւ մէկ ամբողջական հայութիւն, պէտք է միասնական մէկ բռունցք դառնանք, ինչպէս տեղի ունեցաւ ապրիլին: Մենք միշտ այդ աստիճանի զօրակոչուած վիճակի մէջ պէտք է ըլլանք: Ասիկա կ՛ենթադրէ նաեւ իրաւական դաշտին մէջ կարգ մը հարցեր լուծել եւ յառաջ տանիլ այն գաղափարը, որուն մասին կը խօսինք մենք վաղուց. Հայաստանը եւ Արցախը մէկ միասնական օրկանիզմ են, եւ մէկ միասնական անվտանգութեան ու պաշտպանութեան համակարգի մէջ պէտք է ըլլան: Ատոր կը վերաբերէր մեր ներկայացուցած այն առաջարկը, թէ պէտք է մենք իսկապէս առնենք այն քայլը, որ Հայաստանն ու Ղարաբաղը կնքեն ռազմաքաղաքական դաշինք, որով կ՛ամրագրուի Հայաստանի` իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւորի կարգավիճակը, որ նուազ կարեւոր չէ, որքան Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հոլովոյթը: Ամբողջ հայութիւնը, այսօր, ունենալով նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման փորձառութիւնը, այս փուլին լծուած է Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման գործին: Այս բոլոր հարցերուն լուծումէն կախեալ է մեր ապագան, այս խնդիրները կը պահանջեն աննախադէպ միասնականութիւն, եւ ասոր խանգարող որեւէ ներքին խնդիր պէտք է իր արագ լուծումը ստանայ, որպէսզի մեր միջավայրը ըլլայ արդար, մենք կարենանք մեր միասնականութիւնը պահպանել եւ ամրապնդել: Եւ երբ հայ ժողովուրդը միանայ, հրաշքներ կը գործէ: Այս իրողութիւնը ցոյց տուած է մեր ամբողջ պատմութիւնը, մենք կորուստներ ունեցած ենք այն ատեն, երբ խախտած է մեր միասնականութիւնը: Մենք պէտք է միանանք Հայաստանի եւ Արցախի կայացած պետութիւններուն եւ անոնց անկախութեան շուրջ: Այս միասնականութիւնն է, որ պիտի ըլլայ երաշխաւորն ու գրաւականը մեր ապագայ յաջողութիւններուն: Մենք կը հաւատանք մեր ապագային, այսօր արդէն ունինք մեծ ձեռքբերումներ, նաեւ ունինք այնքան իմաստութիւն եւ հմտութիւն, որ կարենանք մեր սխալները տեսնել եւ մեր համազգային ուխտը վերահաստատելով յառաջ ընթանալ` դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտում, դէպի Արցախի անկախութեան ճանաչում եւ սփիւռք-Հայաստան-Արցախ եռամիասնութեան պահպանում: Կեցցէ՛ համայն հայ ժողովուրդը», եզրափակեց Արմէն Ռուստամեան:

Ելոյթ ունեցաւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան, որ մեկնաբանեց նորօրեայ հերոսին երգը:karnig-sarkissian_100216

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց 25-ամեակի ժողովրդային հանդիսութեան մասնակցած էր նաեւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած, Հայաստանի պաշտպանութեան ուժին մաս կազմած Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքը: Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ նահատակ զինուորին հայրը` Ատոմ Զոհրապեան եւ ըսաւ. «Մեր հերոս զաւակները ապրիլեան քառօրեայի օրերուն հայրենիքին նուիրաբերեցին ամէնէն թանկը` իրենց կեանքը: Անոնք անամոքելի ցաւի ու վիշտի մէջ իրենց անձնազոհութեամբ, բոլորին եւ նաեւ մեզ` ծնողներս, կը մղեն գիտակցելու, որ մենք այսուհետեւ պիտի ապրինք նաեւ յաղթողի հոգեբանութեամբ եւ հպարտութեամբ: Համոզուած եմ, որ շատ Անդրանիկներ պիտի ծնին եւ շարունակեն այն սուրբ գործը, որ կատարեցին մեր տղաները իրենց կեանքին գնով այս քառօրեայ պատերազմի ընթացքին»:

Խօսքի աւարտին ան խնդրեց, որ Աստուած փրկութիւն եւ հանգստութիւն տայ հերոս զաւակներու հոգիներուն, ուժ ու կորով` մեր այն զաւակներուն, մեր այն զինուորներուն, որոնք այսօր կանգնած են Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն եւ կը հսկեն մեր երկրի անդորրին:

Հանդիսութեան աւարտին ազգային յեղափոխական երգերու սիրուած մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան եւ իր նուագախումբը մթնոլորտը խանդավառեցին: Տօնախմբութիւնը աւարտեցաւ շքեղ ու հիասքանչ հրավառութեամբ, որ լուսաւորեց Պուրճ Համուտի երկնակամարը` հաստատելով, որ անպայման լուսաւոր պիտի ըլլան Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան գալիք յոբելեանները:
aztagdaily.com

Տպել Տպել