Խմբագրական «Գանձասար»-Ի Սեպտեմբեր Ե.- Իրանահայութիւնը` Ազդեցիկ Գործօն

kantzasar_100516Իրանի եւ իրանահայութեան պատմութիւնը միահիւսուած է անքակտելի կապերով:

Իրանահայութիւնը Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի հնագոյն համայնքներէն մէկն է: Համայնքը իւրայատուկ է քանի մը հանգամանքներով. նախ` համայնքը սերտօրէն կապուած է Հայաստանի հետ Իրան-Հայաստան աշխարհագրական կապին բերումով: Երկրորդ` երկու երկիրներու ժողովուրդները ունեցած են դարարմատ յարաբերութիւններ, իսկ երրորդ` իրանահայ համայնքը Միջին Արեւելքի մնացեալ համայնքներուն նման չէ գոյացած Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն, այլ կայացած է պատմական վաղ ժամանակներէն: Թեհրանի թեմը, օրինակ, ունի շուրջ 100 տարուան, Սպահանի թեմը 400, իսկ Ատրպատականի թեմը 800 տարուան պատմութիւն:

Պատմական իր ժառանգութեամբ հարուստ իրանահայութիւնը երկրի գործօն ու հիմնական փոքրամասնութիւններէն է` իր մշակութային հարուստ ժառանգութեամբ, վանքերով, եկեղեցիներով, հայկական վարժարաններով ու աւելի քան 120 համալսարանի դասախօսներով, մտաւորականներով, իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան ջատագով կղերականներով, ազգային կառոյցներով, մամուլով ու Հայ դատի կեդրոններով:

Ազգային պատկանելիութեան ամրօրէն կառչած, մեր հայկական սովորութիւններն ու արժէքային համակարգը պահած, աշխատունակ, հիւրասէր ու ծառայասէր իրանահայութիւնը սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ ինքնուրոյն արժէք կը ներկայացնէ եւ ամենակազմակերպուած համայնքներէն մէկն է:

Իրանահայ համայնքը կը վայելէ երկրի իշխանութիւններու յարգանքն ու համակրանքը: Եւ սա պատահականութեան արդիւնք չէ: Իրանահայութիւնը քաջ գիտնալով, որ ուժեղ եւ անկախ Իրանն է, որ պիտի կարենայ դրական յարաբերութիւններ մշակել Հայաստանին հետ եւ հզօր Իրանի մէջ է, որ հայ համայնքը պիտի ծաղկի ու գործօն դերակատարութիւն ունենայ հայ-իրանական յարաբերութիւններուն մէջ, մշտապէս սատար հանդիսացած է Իրանին` արդարացնելով իրեն նկատմամբ դրսեւորուած վստահութիւնը:

Պատերազմի տարիներուն հայ համայնքը երկրի պաշտպանութեան ի խնդիր բազմաթիւ զոհեր տուած է: Ան իր կնիքը դրոշմած է նաեւ երկրի տնտեսութեան վրայ:

1931-ին հիմնուած, ազգային գաղափարախօսութեան ջահակիր 85-ամեայ «Ալիք» օրաթերթը փայլուն մէկ պատկերն է իրանահայ համայնքին:

85 տարիներ շարունակ հայապահպանման ու հայ քաղաքական մտքի զարգացման նպաստող, Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններուն արձագանգող «Ալիք»-ը այս անգամ հայաշխարհի լրագրողները ի մի բերաւ` ծանօթացնելու Իրանն ու իրանահայութիւնը, հայկական լրատուամիջոցներուն գործակցութիւնը ամրապնդելու ու զանոնք քարոզչական ազդու լծակի վերածելու գովելի յանձնառութեամբ:

«Ալիք»-ի 85-ամեակը նշելու եկած հայ լրագրողները այցելեցին հայկական կեդրոններ, վարժարաններ, պատմամշակութային վայրեր, Հայ դատի կեդրոն, հայկական բուժարան: Իրանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ հանդիպելով` անոնք ծանօթացան տարածաշրջանին մէջ Իրանի խաղաղարար դերին ու քաղաքականութեան, ազգերու եւ կրօններու իւրայատկութիւնները յարգող ու երկրէն ներս անոնց համակեցութիւնը խրախուսող մօտեցումին:

Այս մօտեցումին փաստացի վկայութիւններէն մէկը հայկական եկեղեցիներու պահպանման համար տարուող աշխատանքն է, որ յստակօրէն կ՛երեւի յատկապէս Արաքս գետի ողջ երկայնքին, Ատրպատական-Նախիջեւան սահմանին վրայ:

Արաքսի աջ ափին մեր պատմական վանքերը կը խօսին շրջանին մէջ հայ ժողովուրդի դարարմատ ներկայութեան մասին: Իրանի պետական շրջանակները ունին այն համոզումը, որ մշակութային ժառանգութիւններու պահպանումն ու ծանօթացումը կը նպաստեն հասարակութեան տարբեր շերտերուն մօտ փոխադարձ յարգանքի, խաղաղութեան գիտակցութեան զարգացման եւ քաղաքակրթութիւններու համատեղ կեցութեան:

Յատկանշական էր իմանալ, որ Իրանի իշխանութիւններուն կողմէ կը ֆինանսաւորուին հայկական եկեղեցական կոթողներու, յատկապէս Թադէի եւ Ս. Ստեփանոս վանքերու նորոգութիւնները:

Երեւոյթ մը, որ հակապատկերն է Միջին Արեւելքի մէջ ծայր առած ծայրայեղական շարժումներու տրամաբանութեան:

Արաքսի ձախ ափին Իրան-Նախիջեւան սահմանն է, ուր ազրպէյճանցիներ համատարած անապատի վերածած, քանդած ու Արաքս գետ թափած են հայկական հնագոյն գերեզմանատուներէն մէկուն բազմաթիւ խաչքարերը` հայութեան հետքը անհետացնելու ծրագրուած գործելաոճով:

Իրանի մօտեցումը հայկական յուշարձաններուն նկատմամբ օրինակելի է դրացի երկիրներուն` Ազրպէյճանին ու Թուրքիոյ վերաբերմունքին հետ համեմատած:

«Ալիք»-ի կազմակերպած հայ լրագրողներու այս եզակի հանդիպումն ու մանաւանդ հայկական սրբավայրեր այցելութիւնը առիթ հանդիսացան զգալու պատմական մեր հողին բոյրը, Արարատէն, Արագածէն, Սիփանէն եկած ու միախառնուած հայոց հովիկին ջերմութիւնը, վերապրելու հայ արքայատոհմերու վեհանձնութիւնը, շօշափելու ազատագրական մեր պայքարի անշէջ աւիշը հանդիսացող, հայ ֆետայիներու ազատատենչ ոգին արտացոլացնող Թադէի վանքին սրբատաշ քարերը, եւ վերջապէս, ամրապնդելու մեր արժէքներուն կառչած մնալու համոզումը:

Այս ահազանգն է, որ ուժգին կերպով կը հնչէ Իրանի հայկական սրբավայրերուն խորքերէն:

Մեր ժողովուրդը առաքելութիւն ունի տակաւին, ու հայրենամերձ այս գաղութներու հայութիւնը հողին ու մշակոյթին բոյրով ուժեղացած` ի կատար պիտի ածէ իր առաքելութիւնը` յանուն մեր ամբողջական իրաւունքներու ձեռքբերման:

«Գ.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել