Դուրս Գալու՝ Ճգնաժամէն

untitledՅանկա՛րծ Հայաստանի կառավարութեան պատասխանատուները անկեղծացած են ու սկսած ճշմարտօրէն ներկայացնելու երկրի տնտեսական ծանր վիճակը: Կարդացէ՛ք այսօրուան մեր թիւին մէջ ֆինանսի նախարարի յայտարարութիւնները (չորրորդ էջ) եւ կը տեսնէք, թէ ի՛նչ տարողութիւն ունի Հայաստանի տնտեսական ճգնաժամը:

Հակառակ այս ահազանգային «բացայայտում»ին, տարօրինակ լաւատեսութիւն մը կը պատէ ներաշխարհս: Կ՛ենթադրեմ, որ աղբիւրը այս լաւատեսութեան այն յոյսն է, թէ՝ վերջապէս իշխանութեան մէջ կրնան եկած ըլլալ մարդիկ, որոնք գործ ընելու տրամադրուած են, այլ ոչ իրենց գրպանները լեցնելու:

Յամենայնդէպս, անցեալի դառն փորձառութիւնները կը թելադրեն, որ զգուշաւոր պահենք մեր լաւատեսութիւնը, միեւնոյն ժամանակ՝ չզլանալով քաջալերանք ու զօրակցութիւն ցոյց տալը իւրաքանչիւր գործնական քայլի, որ կը մեղմացնէ ճգնաժամը եւ աւելի՛ լաւ պայմաններու ենթահող կը պատրաստէ:apo-oreorin

Կառավարութիւնը յստակօրէն ձեռնարկած է խնայողական միջոցառումներու, պիւտճէն նպատակային կերպով ծախսելու նախանձախնդրութիւն ցոյց կու տայ. քիչ մը ամօթխած, բայց ստուերին դէմ պայքարի նշաններ կ՛երեւին: Տնտեսութիւնը շարժելու, պահանջուած աճը ապահովելու ծրագիրները տակաւին յայտնի չեն. ի վերջոյ՝ նո՛ր է կառավարութիւնը եւ տակաւին ժամանակի կը կարօտի՝ յստակացնելու համար իր աշխատանքային հիմնական ուղղութիւնները:

Տիտանական ու հետեւողական ճիգ պիտի պահանջէ տնտեսութեան այնպիսի վիճակի մը ստեղծումը, ուր ժողովուրդի լայն խաւերը ինչ որ բարելաւում պիտի կարենան նկատել իրենց կեանքին, իրենց ապրուստին մէջ: Նուազագոյն տեղաշարժ մը այդ ուղղութեամբ կրնայ ինքնին վերածուիլ շարժիչ ուժի՝ խթանելով յառաջդիմութեան աւելի լուրջ գործիքներու յայտնաբերումը:

Յոյսի ու լաւատեսութեան հերթական մսխումին վկայ չե՛նք ուզեր ըլլալ այլեւս:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել