Չիլիի Թոշակի Համակարգի Տագնապը Եւ Հայաստանը

over_half_a_million_protest_chilexs_pinochet-era_pension_systemԿիրակի, Օգոստոս 21ին, Չիլիի մէջ հարիւր հազարաւոր, իսկ կազմակերպողներուն կարծիքով՝ աւելի քան մէկ միլիոն մարդ մասնակցեցաւ ցոյցերու, ամբողջ երկրի տարածքին՝ պահանջելով ներկայ պարտադիր կուտակային թոշակի, այսինքն՝ շուկայական անհատական ֆինանսական հաշիւներու վրայ հիմնուած թոշակային համակարգի վերացումը, ջնջումը:

Դոկտ. Արա Խանճեան

Դոկտ. Արա Խանճեան

Աճող դժգոհոթիւնը ներկայ պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգին հանդէպ ծնունդ առած էր թոշակներու ցած ըլլալուն պատճառով: «Ուոլ Սթրիթ» օրաթերթին համաձայն՝ Չիլիի թոշակառուներուն 80 տոկոսը կը ստանայ ամսական թոշակներ, որոնք նուազագոյն աշխատավարձէն պակաս են, իսկ թոշակառուներուն 44 տոկոսը կը ստանայ ամսական գումարներ, որոնք աղքատութեան շեմէն ալ ցած են: Բազմաթիւ չիլիցի տարեցներ չեն կրնար թոշակի անցնիլ ու կը շարունակեն աշխատիլ, որովհետեւ իրենց թոշակը բաւարար չէ արժանավայել կեանք մը ունենալու համար:

Զինուորական մենատէր Օկիւստօ Բինոչէն 1981-ին հաստատեց հիմնովին պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգ մը, ուր աշխատաւորներու թոշակի վճարումներուն 100 տոկոսը կը տրուի պարտադիր կուտակային հաշիւներուն: Անցնող քանի մը տասնամեակներուն, կարգ մը երկիրներ որդեգրեցին թոշակի այնպիսի համակարգեր, ուր աշխատաւորներու թոշակի վճարումներուն մէկ մասը կը տրամադրուի պարտադիր կուտակային հաշիւներուն, իսկ մնացեալ բաժինը կը տրամադրուի կառավարութեան: Շատ քիչ երկիրներ որդեգրած են Չիլիի նման ծայրայեղ, այսինքն՝ 100 տոկոսով, թոշակի պարտադիր կուտակային համակարգ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ շատ փոքր թիւով երկիրներէն մէկն է:

Չիլիի պարտադիր կուտակային համակարգի տագնապը շատ այժմէական եւ կարեւոր է, քանի որ անցած քանի մը տասնամեակներուն, Չիլին գործածուած էր որպէս ամէնէն ցայտուն օրինակը պարտադիր կուտակային համակարգին: Այժմ, այդ ամէնէն ցայտուն օրինակը կը պատրաստուի հրաժարելու ծայրայեղ թոշակի համակարգէն:

Չիլիի նախագահ Միշել Բաշըլէ յառաջացուց յանձնաժողով մը, որպէսզի մէջտեղ բերէ թոշակի նոր համակարգ մը: Այս յանձնաժողովի նախագահը՝ տնտեսագէտ Տաւիտ Պրաւօ, ըսաւ. «Այժմ Չիլին մէջտեղ պիտի բերէ հաւասարակշռուած եւ տրամաբանական նոր համակարգ մը»:

Միայն Չիլին չէ, որ պարտադիր կուտակային համակարգը փոխելու մասին կը մտածէ: Փերուի կառավարութիւնն ալ կը պատրաստուի կազմելու յանձնաժողով մը, որպէսզի փոփոխութիւններ մտցնէ իր պարտադիր կուտակային համակարգին մէջ:

Պարտադիր կուտակային համակարգը ունի բազմաթիւ դժուարութիւններ, սակայն վերջերս նոր լուրջ խնդիր մըն ալ աւելցած է անոնց: Վերջին տարիներուն, տնտեսապէս զարգացած երկիրներու մէջ, տոկոսները նուազած են՝ հասնելով գրեթէ զերոյի: Շատ ցած տոկոսները կը պակսեցնեն պարտադիր կուտակային հաշիւներուն շահաւէտութիւնը՝ վնասելով թոշակառուներուն, որոնց ստացած գումարը կախուած է հաշիւներուն շահաւբեր ըլլալէն: Այս հանգրուանին, ընդհանուր նախատեսութիւնը այն է, որ յառաջիկայ տարիներուն պիտի շարունակեն մնալ այս ցած տոկոսները։

Հայաստանի կառավարութիւնը 2014-ին որդեգրեց Չիլիի նման ծայրայեղ պարտադիր կուտակային համակարգ մը, ուր աշխատաւորներուն կատարած թոշակի վճարումներուն 100 տոկոսը կը տրամադրուի պարտադիր կուտակային հաշիւներուն: Սակայն, երբ տեղի ունեցաւ ժողովրդային զօրաւոր ընդդիմութիւն, կառավարութիւնը որոշեց պարտադիր կուտակային համակարգը գործադրել նախ պետական պաշտօնեաներու պարագային, իսկ Յուլիս 2017-ին՝ բոլոր աշխատաւորներուն համար: Մայիս 5, 2016-ին, Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց դարձեալ յետաձգել պարտադիր կուտակային համակարգի գործադրութիւնը բոլոր աշխատաւորներուն համար՝ մինչեւ Յուլիս 2018:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է դասեր առնէ ուրիշ երկիրներու, ինչպէս՝ Չիլիի փորձառութիւններէն: Նախքան Յուլիս 2018-ին ծայրայեղ պարտադիր կուտակային համակարգը բոլոր աշխատաւորներուն համար գործադրելը, որպէս ժողովուրդ, պէտք է համապարփակ քննարկումներ, ուսումնասիրութիւններ կատարենք եւ որդեգրենք հաւասարակշռուած թոշակային համակարգ մը:

Մինչ այդ, Չիլիի մէջ, պարտադիր կուտակային համակարգի ընդդիմադիրները կը պատրաստուին Նոյեմբեր 4-ին գործադրելու ընդհանուր գործադուլ եւ ցոյցեր: Մենք՝ հայերս, պէտք է մօտէն հետեւինք Չիլիի մէջ տեղի ունեցող թոշակի համակարգի տագնապին եւ քաղենք համապատասխան դասեր:

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ», 8 Սեպտեմբեր 2016

Տպել Տպել