Ակնարկ. Այժմու Աշխարհամարտի Տեղայնացուած Տարբերակը

fotorcreatedԵմէնի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ պատահածները եւ անոնց զուգահեռ կատարուող յայտարարութիւններու առաստաղին աննախադէպօրէն բարձրացումը եւ տակաւին այդ ուղղութեամբ առօրեայ կշռոյթով արձանագրուող մագլցողականութիւնը հետեւողներուն միտքին մէջ կը մրճահարեն համաշխարհային պատերազմի առաջնորդուելու մտավախութիւնը:

Որքան ալ քաղաքականօրէն տրամաբանենք, որ յայտարարութիւնները միշտ չէ, որ առնչութիւն ունին առնուող քայլերուն հետ, այսուհանդերձ իրադարձութիւնները նման մտավախութեան ժողովրդային մակարդակի վրայ ենթահող գտնելու հիմնաւորումներ կ՛ապահովեն:

Միաժամանակ մտածողութիւնները կը կրկնեն նաեւ այն տեսութիւնը, որ երրորդ աշխարհամարտ կայանալու պարագային, չորրորդը ընդմիշտ տեղի չ՛ունենար, որովհետեւ երկրագունդի մարդկութիւնը լայնածաւալ, համակողմանի պատերազմի բռնկման պարագային բռնած կ՛ըլլայ ինքնաոչնչացման ուղին:

Այս առումով ալ անտրամաբանական չի թուիր միւս վարկածը, թէ գերարդիական զէնքերը պատերազմներու ընթացքին օգտագործուելու համար չեն, անոնք կը ծառայեն զօրահանդէսներուն ցուցադրուելու, զինուորական ճարտարարուեստի ճամբով գերշահոյթներ ապահովելու, հակառակորդ կողմեր զինելով շուկան անընդհատ աշխուժ պահելու համար: Եւ պատահական չէր, որ ցուցադրական ռազմափորձի մը ընթացքին գործածուած զինատեսակներուն համարժէք արտադրանքներ գնուէին ռազմափորձը իրականացնող ուժին հակադրուած կողմէն: Եւ այսպէս շարունակ, նորաձեւութեան տողանցքներու նման յաճախորդութիւն ներգրաւելով:

Տնտեսական ճգնաժամերու խորացման պարագային, զինուորական շուկայի այս օրինաչափութիւնը բաւարար չէր ըլլար: Շահոյթներուն համար կը ճշդուէին նոր աստիճանաչափեր, նոր նշաձողեր, որոնց հասնելու համար արտակարգ մեթոտ պէտք էր:

Ահա այս անհրաժեշտութենէն կը բխէր պատերազմ յառաջացնելու հրամայականը: Պատերազմ յառաջացնելու ենթահողի պատրաստութիւնը կ՛ենթադրէր ժողովուրդներու միջեւ լարուածութեան ստեղծումը. զուգահեռ, սահմաններու խորտակելիութիւնն ու դիւրաբեկութիւնը ապահովելը, որ իր հերթին դուռ պիտի բանար ոչ օրինական զինեալ տարրերու քանակային ներթափանցումներուն տուեալ երկիրներ: Յետոյ անշուշտ, այդ զինեալներուն համար թափանցման գործողութիւնները իրականացնելու համար մնայուն յենակէտերու ապահովում, ֆինանսաւորում, աջակցութիւն, եւ տուեալ երկրէ այս ընթացքի սկիզբի ճանապարհի հարթում:

Չմոռնանք նաեւ այն, որ զինատեսակներու կարեւոր մասը օգտագործման ժամկէտներ ունին եւ ամբողջ զինապահեստանոցները չեն, որոնք ռազմափորձերու համար միայն կ՛օգտագործուին: Զանգուածային սպառման շուկաները նման քանակութեամբ զինատեսակներու` պատերազմներն են:

Պատերազմներուն միջամտելու, իբրեւ թէ կանխարգիլելու, զինադադար հաստատելու-բեկանելու եւ նմանատիպ մնացեալ բոլոր կարգախօսները` ժողովրդավարացնելու, նոր քարտէսագծումներ կատարելու, մարդկային իրաւունքներ հաստատելու, զանգուածային ոչնչացման զէնքերը չէզոքացնելու համար կատարուող զինուորական գործողութիւնները Իրաքէն մինչեւ Լիպիա, Եմէն, Սուրիա եւ աշխարհի որեւէ անկիւն, զինական ապրանքատեսակներու սպառման համար փաթեթաւորման եւ ծանուցողական բաժնին մասնիկներն են պարզապէս:

Նշուած տարածաշրջանին մէջ գործիքները սիւննի -շիի գերլարուած իրավիճակ ստեղծելն է, Եմէնի մէջ կարմիր գիծ հատող հրթիռակոծումը, Հալէպի մէջ կործանիչներու գործած աւերը, քրտական գործօնը, ներխուժումները, սահմաններու անպաշտպանուածութիւնը, անձնասպանական արարքները, կրօնական ծայրայեղականութեան շահարկումով իբրեւ թէ նոր պետութիւն ստեղծելու ծրագիրը եւ այդ ծրագիրին դէմ սահմանափակ պատերազմ մղելու առաջադրանքը:

Այս բաղադրիչներու հանրագումարը քաոսային վիճակն է, յաճախ կառավարելի, երբեմն վերահսկողութենէ դուրս գալու նախանիշեր փոխանցող, այնուամենայնիւ զինուորական շուկան գերաշխուժ պահող:

Եթէ այս տրամաբանութիւնը ընդունինք, ապա ընդունած կ՛ըլլանք, որ հակառակ ահազանգներուն գերտէրութիւնները ոչ թէ կ՛առաջնորդուին լայնածաւալ կործանիչ պատերազմի, այլ տեղայնացուած պատերազմներու եւ քաղաքական ու ֆինանսական գերշահոյթներու ապահովման աշխատանքը շարունակելու համար:

Միջինարեւելեան տարածաշրջանը տեղայնացուած համաշխարհային պատերազմի տարբերակն է, որ յայտնաբար կը յատկանշէ մեր ժամանակներու պատերազմները. իսկ ա՛յս տարածաշրջանը պատերազմական շուկայի ամէնէն պարարտ ենթահողներէն կը նկատուի` նկատի ունենալով թէ՛ ժողովուրդներու, թէ՛ համայնքներու, թէ՛ դաւանանքներու, թէ՛ մշակոյթներու տարբերութիւններուն եւ հակասութիւններուն վրայ հիմնուած եւ արտաքին ներշնչումներով գերլարուած իրավիճակը:

Ռազմաքաղաքական այս ենթահողին վրայ գերուժերը կ՛իրականացնեն չյայտարարուած պատերազմներ` ստեղծելով իրենց կողմէ կառավարելի քաոս: Միայն թէ ներկայիս համարկուած աշխարհի պարագային արդեօք քաոսը կարելի՞ է պահպանել գծուած շրջանակի մէջ: Գաղթական արտագաղթեալներու պարագան կասկածի տակ կը դնէ այս մտայնութիւնը: Մանաւանդ որ այլ տարածաշրջաններ ներգաղթեալներու հետ նոր վայրեր կը թափանցեն իրենց խնդիրները` զանոնք գործնականացնելով ահաբեկչութիւններու, սեփական վարքի պարտադրումի եւ այլ ձեւերով: Այլ խօսքով` տեղայնացուած պատերազմները բոլոր իրենց ցանկալի հետեւանքներուն հետ ունին նաեւ պումերանկի յատկութիւն, որ ո՛ւր եւ ի՛նչ ձեւով ալ հարուածէ, կրնայ չտեղաւորուիլ կառավարելի քաոսի նախագիծին մէջ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել