Հայ Դատը Կ՛ամրապնդէ Քրիստոնէական Կազմակերպութեանց Հետ Կապերը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կայացած եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն պաշտպանութեան նուիրուած համաժողովին գլխաւոր հովանաւորներէն մէկը հանդիսանալով՝ յանձնախումբը կրցած է զգալիօրէն սերտացնել իր յարաբերութիւնները շարք մը քրիստոնէական կազմակերպութեանց հետ, որոնք գործունէութիւն կը մշակեն ամերիկեան եւ միջազգային մակարդակներու վրայ։

Ձախէն աջ՝ Այտա Տիմէճեան, առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, պապական նուիրակ Քրիսթոֆ արք. Փիեռ եւ Ռաֆֆի Համբարեան

Ձախէն աջ՝ Այտա Տիմէճեան, առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, պապական նուիրակ Քրիսթոֆ արք. Փիեռ եւ Ռաֆֆի Համբարեան

Հայ Դատի յանձնախումբը, «Ցեղասպանութենէն անդին. Քրիստոնէութեան պահպանում Միջին Արեւելքի մէջ» խորագրուած սոյն համաժողովին գլխաւոր հովանաւորներէն էր՝ «Ֆիլոս» ծրագիրին եւ Համաշխարհային յանձնառութիւն կազմակերպութեան կողքին։

Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 50 քոնկրեսականներ, ինչպէս նաեւ կրօնական ղեկավարներ եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններ։

Գլխաւոր մասնակիցներէն մէկն էր Միացեալ Նահանգներու մօտ Ֆրանսիս պապի նուիրակ Քրիսթոֆ արք. Փիեռ, որուն հետ կայացած անջատ հանդիպման մը ընթացքին, Հայ Դատի ներկայացուցիչներն ու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանը շնորհակալութիւն յայտնեցին պապին՝ Հայաստան իր այցելութեան, ինչպէս նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան նպատակով տարած իր ջանքերուն համար։

Ձախէն աջ՝ Ռաֆֆի Համբարեան, Օքլահոմայէն ծերակուտական Ճէյմզ Լենքֆորտ եւ Այտա Տիմէճեան

Ձախէն աջ՝ Ռաֆֆի Համբարեան, Օքլահոմայէն ծերակուտական Ճէյմզ Լենքֆորտ եւ Այտա Տիմէճեան

Նշենք, որ Հայ Դատի յանձնախումբը մօտէն գործակցած էր քոնկրեսականներ Ճեֆ Ֆորթընպերիի, Աննա Իշուի եւ «Քոլոմպոսի ասպետներ» կազմակերպութեան հետ, ապահովելու համար Ներկայացուցիչներու տան կողմէ վաւերացումը թիւ 75 բանաձեւին, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ու այլ փոքրամասնութեանց դէմ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան ոճիրները ցեղասպանութիւն որակած էր: Բանաձեւին մէջ ներառուած են նաեւ հայերու դէմ ոճիրներու եւ հալածանքի պարագաները:

Համաժողովի մասնակիցներուն շարքին էին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան, վարչութեան անդամ Այտա Տիմէճեան եւ Հայ Դատի երկարամեայ ջատագով Արմէն Մարթին։ Այտա Տիմէճեան ելոյթ ունեցաւ նիստերէն մէկուն ընթացքին, իսկ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ համաժողովի բացման մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Ելոյթ ունեցան նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերու վարիչ Ռաֆֆի Քարաքաշեանն ու Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն Արմէն Սահակեանը։

Ելոյթներուն տեսանիւթերը կարելի է դիտել՝ այցելելով https://anca.org/anca-defense-christians-convention-2016 կայքէջը։

asbarez.com

14/10/2016

Տպել Տպել