Էրտողանեան Սպառնալիքներ, Հայ Նահատակներ Եւ… Հայկական Լռութիւն

aertillery

Վերջերս, քաղաքական մեկնաբան մը շատ ճիշդ ձեւով դիտել կու տար, որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան «բազմաթիւ պատերազմներ»: Այսինքն՝ Ռուսիա ընդդէմ Արեւմուտք, Սուրիա ընդդէմ Ծոցի երկիրներ եւ Թուրքիա, Իրան եւ Ծոցի երկիրներ, եւ այլն: Այս «բազմաթիւ»ներուն վրայ հիմա աւելցած է (աւելի ճիշդ՝ «տաքցած» է) իրաքեանը՝ Մուսուլի հարցով:

Վաչէ Բրուտեան

Վաչէ Բրուտեան

Մուսուլի մէջ, Արեւմուտքը իբրեւ թէ կը պայքարի «գէշ»երուն դէմ, իսկ Հալէպի պարագային, նոյն «գէշ»երը իր զինակիցներն են…

Ասոր վրայ աւելցնենք ամերիկեան քաղաքականութիւնը, որ իրականութեան մէջ… «քաղաքականութիւններ» են: Այսպէս, տուեալները ցոյց կու տան, որ գէթ Մ. Արեւելքի մէջ, կան բազմաթիւ «ամերիկեան քաղաքականութիւններ», որոնք շատ յաճախ մրցակից են ու իրարամերժ*, Սպիտակ տունը եւ Պետական բաժանմունքի Ճան Քերիի անմիջական շրջապատը ունին իրենց քաղաքականութիւնը, նոյն բաժանմունքին միջին պաշտօնատարները՝ իրենցը, Փենթակոնը՝ իրը, «Սի.Այ.Էյ.»ը՝ իրը, իրենց ենթա-զինակիցներով (Ուոլ Սթրիթ, զինուորական ճարտարարուեստ, ուսումնասիրական կեդրոններ եւ այլն): Ու այս բոլորը՝ «նախագահութեամբ» նախագահի մը, որ արտաքին յարաբերութիւններու բնագաւառէն ներս, տակաւին կը մնայ 8 տարի առաջուան իր սիրողական մակարդակին վրայ:

Գումարենք այս բոլորը իրարու վրայ ու առանց բառարան բանալու կրնանք լրիւ ըմբռնել, թէ «թնճուկ» կամ «տագնապ» բառերը ինչքան թոյլ են ու տկար…

Այս սարսափազդու մեծ պատկերին վրայ է ահաւասիկ, որ Էրտողան սկսած է բացէ ի բաց խօսելու Իրաքէն իր երկրի «պատմական» հողային պահանջներուն մասին, Մուսուլի եւ յարակից շրջաններու մասով (որոնք կ՛ընդգրկեն նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները, թերեւս Հալէպն ալ), ըսելով, որ ասոնք Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէին: «Փա՞ստ»՝ օսմանեան շրջանէն արխիւներ կան, կալուածաթուղթեր կան, որոնք այդ «կը հաստատեն»:

Տարբեր խօսքով, Էրտողան բացէ ի բաց կը խօսի Սուրիան եւ Իրաքը անդամահատելու թրքական ախորժակին մասին:

Տրամաբանօրէն կարելի է ակնկալել, որ ըլլա՛յ Արեւմուտքը, ըլլա՛յ Անգարայի հետ տակաւին մեղրալուսինի մէջ գտնուող Ռուսիան պէտք է հակազդէին Էրդողանի այս միտումներուն:

Արեւմուտքը (գլխաւորաբար Մ. Նահանգներ) չհակազդեց. Ռուսիա նոյնպէս: Լօզանի դաշնագիրը ստորագրած եւրոպական երկիրները եւս, բերանները ջուր լեցուած եւ «դոդ» աչքերով, միայն նստած են:

Մէկ խօսքով, ճատրակի այս մեծ խաղատախտակին վրայ կը նշ-մարուի Սուրիոյ եւ Իրաքի անդամահատումի օրակարգ մը, որ յառաջ կը մղուի Թուրքիոյ կողմէ, բնականաբար՝ ի շահ իր սահմաններու ընդարձակումին: Այսինքն, քարտէսի փոփոխութեան մասին կը խօսուի:

Մեզի համար, իբրեւ հայութիւն եւ Հայաստան, բնականաբար կարեւորութիւն պէտք է ներկայացնէ այս հարցը, մանաւանդ իր երկսայրի բնոյթով:

Հո՛ս է, որ պէտք է գործէ «մեզի հետ խաղ չկայ» մօտեցումը: Տեսէ՛ք, Ատրպէյճան ամէնօրեայ կշռոյթով եւ անդադար կը խախտէ զինադադարը: Հայկական բանակը նորանոր նահատակներ կու տայ, իսկ հայկական կողմի պաշտօնական լրատուութիւնը սկսած է նմանելու ծոյլ աշակերտներու (կամ լրագրողներու) copy-paste-ին: Նոյնիսկ Լոս Անճելըս նստած մէկը կրնայ գրել հայկական կողմի այդ հաղորդագրութիւնները՝ զինադուլի խախտումներուն մասին:

Չմեղադրենք Մինսկի համանախագահները, որ նոյն հարթութեան վրայ կը դնեն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը: Մեր ազգային նպատակը այս համանախագահներուն գոհունակ ժպիտին արժանանալը չէ: Արդէն իսկ անոնց այս անգոյն, անդիմագիծ եւ մանաւանդ անհասցէ յայտարարութիւնները կը քաջալերեն Ատրպէյճանը, որ ամէնօրեայ կշռոյթով խախտէ զինադուլը եւ անպատիժ մնայ: Պաքուի մէջ կը հաշուարկեն, որ եթէ իրենց ռազմագիտական սերտ դաշնակից Թուրքիա զէնքի ուժով Մուսուլը իրեն կցելու յայտարարութիւններ կ՛ընէ եւ անպատասխան կը մնայ, ուրեմն… կարելի է նոյնը ընել՝ այս անգամ Արցախին «ինքնավարութիւն» խոստանալու քօղին տակ: Չկասկածիք. Թուրքիոյ՝ Մուսուլը կցելը եւ Արցախին «ինքնավարութիւն» տալու ատրպէյճանական ճարպիկութիւնը էապէս նոյն բաներն են:

Ուզենք կամ չուզենք, դաժան իրականութիւնը այն է, որ Հայաստան այսօր փաստօրէն կը գտնուի վերոնշեալ նոյն խաղատախտակին վրայ:

Տարբերութիւնը այն է, որ մինչ Թուրքիոյ պարագային Stop! նշանը ցոյց տուող չկայ (ցարդ), Արցախի պարագային կա՛յ եւ… չկայ: Չկայ, որովհետեւ հայկական կողմը, այս յօդուածագիրին կարծիքով, անհրաժեշտ պատասխանը չի տար ատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն, իր սաղմին մէջ չի խեղդեր զանոնք՝ համարժէք ու ազդու պատասխան տալով: Սկսած ենք յօրանջելու ԼՂՀ Պաշտպանական բանակի ամէնօրեայ եւ նոյն կրաւորական բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւններէն. «Իրավիճակը վերահսկում ենք…»:

Դարձեալ այս յօդուածագիրին համոզումով, հայկական դիւանագիտութիւնը ըսելիք պէտք է ունենայ Իրաքի ու Սուրիոյ նկատմամբ Էրտողանի վերջին կեցուածքներուն կապակցութեամբ: Անգարայի սուլթանին առնուազն յիշեցնելու համար, որ եթէ Մուսուլի կապակցութեամբ կան կալուածային «փաստաթուղթեր», մեր պարագային եւս կան թէ՛ կալուածային եւ թէ միջազգային օրէնքի փաստաթուղթեր:

Մինչ իրաքեան կողմը քաղաքական եւ զինուորական կարելիութիւնները չունի Թուրքիոյ հակազդելու, նոյնը չէ պարագան Հայաստանի՝ ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի:

Անհրաժեշտ է զսպել ատրպէյճանական սանձարձակութիւնները սահմանին վրայ, որպէսզի, ժողովրդային խօսքով, Պաքուի միտքէն «չախալ չանցնի»: Չի բաւեր «ձեր ինքնավարութիւնը ձեզի պահեցէք» խօսքը բերանացիի սահմաններուն մէջ պահել: Այդ յայտարարութիւնը աւելի ազդու կը դառնայ, երբ կը կատարուի ոչ թէ Ստեփանակերտէն կամ Երեւանէն, այլ՝ Թալիշէն մինչեւ æաբրայիլ երկարող սահմանի որեւէ մէկ հատուածէն, «խրամատային» լեզուով:

Բոլորս ալ գիտենք, որ քաղաքական դաշտը դաժան է, եւ հոն հաշուի կ՛առնուի միայն ուժը՝ իր բոլոր արտայայտութիւններով: Միայն թէ, երբեմն պէտք է դիմացինին ալ յիշեցնել այս չոր իրականութիւնը:

* Այս իրարամերժութեան վերջին օրինակը. ամիս մը առաջ Լաւրով եւ Քերի զինադուլի եւ անոր յաջորդելիք քայլերու շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացուցին Սուրիոյ հարցով: Երկու օր ետք… ամերիկեան օդուժը, Փենթակոնի հրահանգով, յարձակեցաւ Հասաքէի մէջ ՏԱԷՇին դէմ կռուող սուրիական բանակի դիրքերուն վրայ: Վերէն վար «ցեխոտած» (ուրիշ բառ չգործածելու համար) Քերի ստիպուեցաւ յայտարարելու. «Սխալ մըն էր, եղաւ»:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Լոս Անճելըս
27 Հոկտեմբեր 2016

[email protected]

«ԱՍՊԱՐԷԶ», 29 Հոկտ. 2016

Տպել Տպել