Հազար Հոգի Իրենց Մասնակցութեամբ Նեցուկ Կանգնեցան Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկին

ՊԵՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 28ին, «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մեծ սրահը կը վխտար Հայ Դատի հազար համակիրներով, որոնք եկած էին մասնակցելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին եւ միասնաբար տօնելու յանձնախումբի նախորդ տարեշրջանի իրագործումները ու մեծարելու Հայ Դատի պայքարին մէջ իրենց յատկանշական ներդրումը բերած անձնաւորութիւններ:

Ձեռնարկը կազմակերպած յանձնախումբը, համաատենապետութեամբ Արշօ Պէյլէրեանի ու Սիւզի Ծերունեան-Խանզատեանի, ժրաջան աշխատանք տարած էր յաջողութեամբ պսակելու համար զայն: Ձեռնարկի բացումը կատարեցին համաատենապետները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով մասնակիցներուն եւ դրուատելով Հայ Դատի պայքարին անոնց նուիրումը:

Այս տարուան մեծարեալներէն էր Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավար Հերի Ռիտ, որուն վերապահուած էր «Ազատութիւն» մրցանակը: Զայն ներկայացուց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամ Յարութ Սասունեան, որ ցաւ յայտնեց, թէ ծերակուտականը ներկայ չէ կրցած ըլլալ, որովհետեւ ձեռնարկէն միայն երկու օր առաջ վիրաւորուած էր, Նեւատայի մէջ տեղի ունեցած ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով: Իր ներածական խօսքն մէջ Սասունեան նշեց, որ Հայ դատի յանձնախումբը կը մեծարէ Ամերիկայի ամենաազդեցիկ օրէնսդիրներէն մէկը` ազգին մատուցած անոր բացառիկ ծառայութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի ձգտումներուն անոր երկարամեայ աջակցութեան համար: Սասունեան շեշտեց, թէ` «մեծամասնութեան ղեկավարը ջանասիրաբար աշխատած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ամենաբարձր օղակներու մէջ, յաճախ լուռ ու մունջ` ամերիկահայերու հարցերն ու արժէքները պաշտպանելու համար: Ան հովանաւորած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար ծերակոյտին կողմէ ներկայացուած բոլոր բանաձեւերը»:

Ծերակուտականին պատրաստած խօսքը ձեռնարկի մասնակիցներուն ներկայացուց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան եւ անոր անունով ընդունեց «Ազատութեան» մրցանակը: Ստորեւ կը ներկայացնենք ծերակուտական Ռիտի ելոյթին կարեւոր հատուածները.

«Կը ցաւիմ, որ ինքնաշարժի արկածի պատճառով չեմ կրնար ձեզի հետ ըլլալ այս երեկոյ: Ես բարձր կը գնահատեմ Յարութ Սասունեանը` լոպինկի բնագաւառէն ներս անոր կատարած երկարամեայ գործունէութեան համար, եւ ի վերջոյ, իր բարեկամութեան համար:
«Անշուշտ, Հայ դատի յանձնախումբը միշտ ալ առաջնակարգ եղած է Հայաստանին եւ ամերիկահայ համայնքին սատարելու գործին մէջ` անոնց համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցերուն:

«Ես վայելած եմ ամերիկահայերուն ընկերութիւնը` մարաթոն վազքերու իմ մարզընկեր Արթ Դակեսեանէն սկսեալ, մինչեւ իմ ընկեր ու նախկին փաստաբանական գրասենեակի յաճախորդ Քըրք Քըրքորեանը:

«Ծնելով Սըրչլայթ, Նեւատայի տան մը մէջ, որ զուրկ էր ներքին պէտքարանէն, տաք ջուրէն եւ այլ ժամանակակից յարմարութիւններէ, ծանր կը տանէի այդ իրավիճակը: Իմ ծնողներս ուսում չունէին. հայրս չէր աւարտած ութերորդ դասարանը, իսկ մայրս` միջնակարգ դպրոցը: Պատանեկութեանս տարիներուն զիս շրջապատող բաները, մեծ մասամբ, օրինակելի չէին եղած:

«Երկար տարիներ անցան, մինչեւ որ ես իսկապէս ընդունեցի իմ ով ըլլալս: Բայց իմ պատանեկութիւնս, իմ ծննդավայրս ու պայմաններս զիս դարձուցած էին այն, ինչ եմ ես այսօր: Երբ ես այդ մէկը հասկցայ, դարձայ աւելի լաւ մարդ եւ աւելի լաւ ամերիկացի:
«Ուստի, կ’ըսեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին` ի՛նչ ալ ըլլան ձեր կեանքի պայմանները, ընդունեցէք զայն: Քանի որ Ամերիկայի մէջ անիկա կարեւոր չէ, ես կը վկայեմ այդ մասին: Կարեւոր չեն ձեր տնտեսական պայմանները, կրօնը, ծնողներու կրթութիւնը կամ ազգային ծագումը: Ամերիկայի մէջ բոլորս ալ կրնանք յաջողութեան հասնիլ: Կարճ ըսեմ, հպարտ եղէք անով, թէ ով էք դուք:

«Ես ուրախ եմ, որ կ’ընդունիմ այս մրցանակը եւ կը վերահաստատեմ իմ աջակցութիւնս ամերիկահայ համայնքին:

«Կը կրկնեմ` Հայ դատի յանձնախումբը միշտ ալ առաջնակարգ եղած է Հայաստանին եւ ամերիկահայ համայնքին սատարելու գործին մէջ` անոնց համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցերուն:

«Դուք յաջողութեան հասած էք Հայոց ցեղասպանութեան իսկական պատմութիւնը պետութեան ղեկավարներու ուշադրութեանն արժանացնելու գործին մէջ:

«Իբրեւ մեծամասնութեան ղեկավար` ես հազուադէպ եղած եմ օրէնսդրական աքթերու համահովանաւոր: Սակայն ես Հայաստան այցելած եմ, գիտեմ Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, այդ իսկ պատճառով եղած եմ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւերու երկարամեայ համահովանաւոր:

«Որպէսզի առաջ երթաք, կարծեմ` պէտք է ընդունինք անցեալը, որքան ալ ան դժուար եւ ցաւալի ըլլայ: Պէտք է յարգենք զոհերու յիշատակը եւ յարգանքի տուրք մատուցենք վերապրողներուն:

«Ինծի բախտ վիճակուած է ներկայացնել Նեւատայի բարգաւաճ եւ կենսունակ հայկական համայնքը, որ շուտով պիտի աւարտէ նոր եկեղեցւոյ շինարարութիւնը Լաս Վեկասի մէջ: Հայաստան գտնուելուս ընթացքին ես այցելեցի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ հանդիպեցայ կաթողիկոսին հետ:

«Հայկական համայնքին տոկունութիւնը եւ ուժը Նեւատայի մէջ, ինչպէս նաեւ` ամբողջ Միացեալ Նահանգներու, վկայութիւն է եւ պատիւ անոնց համար, զորս կորսնցուցած էք Ցեղասպանութեան ժամանակ: Մենք պէտք է միշտ աչալուրջ ըլլանք Հայոց ցեղասպանութեան նման դաժանութիւններու հանդէպ, որպէսզի անոնք աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ երբեք տեղի չունենան»:

Ծերակուտական Ռիտ կոչ ուղղեց բոլորին` «յարգելու եւ յիշելու այդքան բազմաթիւ զոհերու կորուստը` շուրջ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին»:

Ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավարը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ` «Օպամայի վարչակազմը եւ Քոնկրեսի շարք մը անդամներ խստօրէն դատապարտեցին Ազրպէյճանի կողմէ ազրպէյճանցի սպային ներում շնորհելը: Սպան ազատ արձակուած էր, հակառակ անոր որ դատապարտուած էր հայ սպան քնացած ժամանակ գազանաբար կացինահարելու համար: Անոնք երկուքն ալ կը մասնակցէին Հունգարիոյ մէջ կայացած ՕԹԱՆ-ի դասընթացներուն, ուր տեղի ունեցած էր սպանութիւնը»:

Ծերակուտական Ռիտն իր խօսքը աւարտեց` կոչ ընելով ամերիկահայութեան «շատ հպարտ ըլլալ անով, ուրկէ, որ դուք եկած էք եւ ձեր հայկական ժառանգութեամբ»:

Յայտնենք, թէ ՀՄԸՄի սկաուտներու տպաւորիչ դրօշակներու արարողութենէն ետք, Կլենտէյլի երկրորդական պետական վարժարանի երգչախումբը նախապէս կատարած էր Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները, մինչ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կատարած էր բացման աղօթքը՝ դրուատելով Հայ Դատի յանձնախումբին տարած գործունէութիւնը:

Իր ելոյթին մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համաատենապետ Նորա Յովսէփեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց նախորդ տարեշրջանի Հայ Դատի գործունէութեան եւ բոլոր իրագործումներուն մասին, որոնք իրականացած են հակառակ յանձնախումբին դէմ ծառացած դժուարութիւններուն: Ան կոչ ըրաւ ձեռնարկին ներկայ «հազար համակիրներու բանակ»ին, որ Հայ Դատի առաքելութիւնը ընդարձակելու նպատակով զինուորագրէ այլ համակիրներ եւս: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն, ինչպէս նաեւ «Տապըլտէյ» հրատարակչատան եւ Նշան ու Ռուբինա Փիրումեաններուն, որոնք մեծարեալներուն նուիրած էին յաջորդաբար՝ Քրիս Պոհճալեանի «Սենտքեսըլ Կըրլզ» ու Ռուբինա Փիրումեանի «Հայկական Ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէ»ջ հատորները: Ան նաեւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ միւս մեծարեալներու ունեցած ներդրումներուն: Հայութեան շահերը պաշտպանելու եւ ամերիկահայութիւնը քաղաքականապէս աւելի գործօն դարձնելու նպատակով, տեղական, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակի վրայ Հայ Դատի յանձնախումբին տարած զանազան աշխատանքներուն անդրադառնալէ ետք՝ Յովսէփեան ըսաւ. «Մեր պատգամը յստակ է ու մեր համոզումները՝ անսասան: Իբրեւ այս երկիրի լիիրաւ ու գործօն քաղաքացիներ, մենք կը պահանջենք մեր կառավարութենէն, այո՛, կը պահանջենք եւ ոչ թէ կը խնդրենք, որ անտեսէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան հաստատումը արգիլելու նպատակով՝ Թուրքիոյ կողմէ Ուաշինկթընի վրայ գործադրուած ճնշումը, որպէսզի ամերիկեան կառավարութիւնը յստակօրէն ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ անոր զոհերուն վնասուց հատուցումներ ապահովելու իրաւունքը»:

Ապա ան կոչ ըրաւ բոլորին, որ գործնականօրէն մասնակից դառնան ու կամաւոր ներդրումներ ունենան՝ ժամանակով կամ նիւթապէս, յաճախ այցելելով ancawr.org կամ anca.org կայքերը, որպէսզի իրազեկ դառնան Հայ Դատի վերջին զարգացումներուն, որովհետեւ՝ «դուք էք մեր ուժը, որուն դէմ անզօր են նիւթապէս մեզմէ շատ աւելի մեծ կարելիութիւններ ունեցող մեր թշնամիները: Սերմերը արդէն ցանուած են. ուրեմն՝ դէպի յառա»ջ:

«Կեանքի իրագործումներ» մրցանակին արժանցած Ռուբինա Փիրումեանը ներկայացուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սեդօ Պոյաճեանի կողմէ: Փիրումեան իր խօսքին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք այս պատիւին համար՝ ըսաւ, թէ Հայ Դատին համար պայքարիլը միշտ իր երակներուն մէջ եղած է եւ յայտարարեց, թէ կ՛ուզէ մրցանակը նուիրել իր հօրը, որ կեանքը զոհած էր իր գաղափարներուն համար, որոնց հաւատարիմ մնալու ի գին՝ Սիպերիոյ խորերը աքսորուած էր՝ իբրեւ «ժողովուրդի թշնամի»:

«Կ՛ուզեմ մրցանակը նուիրել նաեւ մօրս, որ իր երկու որբերը մեծցուց դժուար պայմաններու մէջ, առանց յոյսը կորսնցնելու, թէ ամուսինը օր մը պիտի վերադառնայ: Նաեւ, կ՛ուզեմ մրցանակը նուիրել Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւր հազարաւոր որբերուն, որոնց կեանքի պատմութիւնը կը յուզէ սիրտս, իսկ անոնց անլոյծ հարցը բոցերու մէջ կը պահէ հոգիս», աւելցուց ան՝ խոստանալով շարունակել պայքարը մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, վնասուց հատուցումը ու գրաւեալ հողերու վերադարձը:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Փաթիլ Աբոշեան ներկայացուց «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակին արժանացած վեր. Ճօ Մաթոսեանը, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց մրցանակին համար, ինչպէս նաեւ՝ Հայ աւետարանական միութեան, որ առիթ ընծայած էր սպասարկելու հայութեան: «Երկակի պատիւ կը նկատեմ այս մրցանակը, որ կը տրուի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նման մեծ կազմակերպութեան մը կողմէ, որ առաջատար է՝ այլ կազմակերպութեանց կողքին՝ հայութեան արդար դատի պաշտպանութեան պայքարին մէջ, եւ յոյժ գովելու աշխատանք տարած է: Անոր ազգային ու զոհողութեան ոգին եւ կազմակերպուած աշխատանքը իսկապէս ոգեւորիչ է», ըսաւ ան ու եզրակացուց ըսելով, թէ այս մրցանակը զինք կը դնէ Աստուծոյ եւ հայութեան դատին սպասարկելու յաւելեալ պարտադրանքի տակ եւ այդ մէկը պիտի ընէ՝ հետեւելով մրցանակի անուանակիր՝ հայ մեծ հերոս Խրիմեան Հայրիկի օրինակին:

«Ժառանգութիւն» մրցանակին արժանացաւ բարերար եւ գործարար Վարանդ Մելքոնեանը, զոր ներկայացուց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեանը: Մելքոնեան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց մրցանակին համար ու նշեց. «Հայ Դատի առաքելութիւնը կը ցոլացնէ մեր արժէքները, անոր պայքարրը՝ մեր պատմութիւնը, անոր նպատկները՝ մեր երեխաներուն համար մեր ունեցած յոյսերը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ որոշ չափով արտասովոր է իրեն համար, որ այս մրցանակը շնորհուի իրեն այնպիսի բանի մը համար, որ պէտք է իւրաքանչիւր հայու կամ մարդ արարածի պարտականութիւնը ըլլայ: Ան Հայ Դատին ծառայելու իր մղումը վերագրեց իր ծնողներէն ստացած դաստիարակութեան, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր ընտանեկան պարագաներուն՝ ըսելով, թէ մրցանակը կը բաժնեկցի անոնց հետ:

Ան նշեց, թէ Հայ Դատը ոչ միայն կը պայքարի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ու վնասուց հատուցում ապահովելու նպատակին, այլ Հայաստանի, Արցախի, æաւախքի ու Սփիւռքի իւրաքանչիւր հայու իրաւունքներու պաշտպանն է: «Այս պատճառով նեցուկ կը կանգնիմ Հայ Դատին ու հաւատք ունիմ անոր առաքելութեան նկատմամբ», նշեց ան՝ աւելցնելով, որ մրցանակը նաեւ Հայ Դատին կը պատկանի:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Գասապեան ներկայացուց վիպագիր Քրիս Պոհճալեանը, որ արժանացաւ «Արուեստ եւ գիրեր» մրցանակին: Ան նմանապէս մեծ պատիւ նկատեց սոյն մրցանակը եւ նշեց, թէ իր մեծ հայրն ու մայրը Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրելով՝ Միացեալ Նահանգներ հասած են, սակայն նախընտրած են իրենց պատմութիւնը իրենց հետ գերեզման տանիլ: Նկարագրելէ ետք, թէ ինչպէ՛ս երկար տարիներ ինքզինք նկատած է այն երեխան, որ ապակեայ դուռէ մը կը դիտէ հայութեան «խնճոյքը»՝ ան ըսաւ. «Բոլորդ շնորհակալութիւն կը յայտնէք ինծի, որ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմութիւնը իմ վէպիս միջոցաւ հասցուցի հարիւր հազարաւոր ընթերցողներու, որոնք այլապէս ոչ մէկ տեղեկութիւն ունէին անոր մասին: Սակայն ես աւելի՛ն պարտական եմ ձեզի: Շա՛տ աւելին: Որովհետեւ դուք էք, որ հայութեան դուռը բանալով՝ զիս ներս հրաւիրեցիք ու բաց բազուկներով ձեր մէջը ընդունեցիք զիս՝ օգնելով, որ վերագտնեմ հայ ոգին եւ մէջս արթնցնելով արդարութեան համար պայքարելու պահանջը: Մի՛շտ երախտապարտ պիտի ըլլամ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ իր այս նուէրին համար, ու յատկապէս Խաչիկ Մուրատեանին, զոր կը նկատեմ այս հատորի («Սենտքեսըլ Կըրլզ») կնքահայրը». ապա ելոյթը աւարտեց հետեւեալ հայերէն նախադասութեամբ՝ «Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը արդարութեան ձայնն է»:

Հայ Դատի պայքարին մէջ երիտասարդութեան կարեւոր դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնելով՝ ձեռնարկի կազմակերպիչները նաեւ մրցանակներ յանձնեցին Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրներու մասնակիցներուն: Զանոնք ներկայացնելու ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Ուիլեըմ Պայրամեան յայտարարեց, թէ երիտասարդութեան գործօն մասնակցութիւնը յոյժ կարեւոր է եւ Հայ Դատի իրագործումներէն շատերը անկարելի պիտի ըլլան, առանց երիտասարդութեան արժէքաւոր ներդրումին:Ձեռնարկին սկիզբը, ներկայ աւելի քան 50 տեղական, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակի պաշտօնատարներ ներկայացուեցան Քարլօ Կալեանի կողմէ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսաերիզի մը ցուցադրութիւնը:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Տպել Տպել