Հ. Յ. Դ. Հարաւային Ամերիկայի 76րդ Շրջանային Ժողովի Յայտարարութիւն

foto-congreso-fraՀայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կազմակերպութեան 76րդ Շրջանային Ժողովը տեղի ունեցաւ Պուէնոս Այրէսի մէջ Հոկտեմբեր 28-30, 2016ին: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին կուսակցութեան Արժանթինի, Ուրուկուայի եւ Պրազիլի Մարմիններէն ընտրուած պատգամաւորները եւ Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը, որոնք քննեցին ազգային, համայնքային եւ կազմակերպական ոլորտներուն մէջ օրակայգային հիմնախնդիրը եւ առին համապատասխան որոշումներ՝ գործունէութեան յաջորդ ժամանակաշրջանին համար:

Այդ որոշումներու հիման վրայ, Հ. Յ. Դ. Հարաւային Ամերիկայի կազմակերպութիւնը յանուն իր շարքերուն, գաղափարակից կազմակերպութիւններուն եւ համակիր զանգուածին այսու կը յայտարարէ.

Ա.- Անվերապահ եւ ամբողջական զօրակցութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան, տնտեսական զարգացման ինչպէս նաեւ ժողովրդավար կարգերը ամրապնդող եւ ընկերային արդարութեան հաստատման հեռանկարով իրականալիք համակարգային փոփոխութեանց գործընթացին:

Բ.- Հաստատական յանձնառութիւն՝ Արցախի հիմնախնդրի խաղաղ եւ արդար լուծումին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման ճիգերուն:

Գ.- Հարաւամերիկեան տարածաշրջանին մէջ գործադիր, օրէնսդիր եւ արդարադատական իշխանութիւններու մակարդակով ճանաչում գտած Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրական պայքարը արդարահատոյցի հանգրուանի անցումի ամրագրումը:

Դ.- Կը հաստատէ որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ հասակ առնող հայորդիներու չորրորդ սերունդին հիմնախնդիրն է հայեցի դաստիարակութեան արդիականացումը, եւ հայրենի հայութեան թէ Սփիւռքի այլ համայնքներու հետ մնայուն կապի խորացումը:

Ե.- Կ’ողջունէ տարածաշրջանի մէջ հայ համայնքներու համարկումը տեղական քաղաքական կեանքին որպէս լիիրաւ քաղաքացի ի խնդիր ժողովրդավարութեան, մշակութային բազմազանութեան, մարդկային եւ ընկերային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ փոխ-հանդուրժողականութեան արժէքներու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ հարաւամերիկեան երկիրներու յարաբերութիւններու սերտացման:

Զ.- Ձեռք կ’երկարէ տարածաշրջանի հայ համայնքներու մէջ գործող պատմական կուսակցութիւններու տեղական կազմակեպութեանց եւ շարքերուն, քաղաքական այլ ուժերուն, կրօնական, ընկերային, մշակութային եւ բարեսիրական բոլոր հաստատութիւններուն՝ բարձր արժեւորելով համայնական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար համայնքային միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնը:

Է.- Կը դիմէ տարածաշրջանի հայ ծագումով բոլոր անհատներուն ձեռք բերելու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն:

Ը.- Ահազանգ կը հնչեցնէ սուրիահայութեան ապրած գոյութենական ճգնաժամին նկատմամբ եւ Հարաւային Ամերիկայի հայութեան կոչ կ’ուղղէ թափ տալու մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրներուն:

Արցախեան հերոսամարտով սկսած եւ անկախ պետականութեան ծնունրով ամրագրուած հայ ժողովուրդի պատմական գործընթացը մտած է նոր հանգրուան: Մարտահրաւէրները շատ են տակաւին, բայց անցնող քսանհինգ տարիներու սխրանքներն ու Սփիւռք-հայրենիք միասնականութիւնը մեծագոյն գրաւականն են անոր յաղթական յառաջընթացին դէպի Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան:

Պուէնոս Այրէս, 30 Հոկտեմբեր 2016

diarioarmenia.org.ar

Տպել Տպել