Քլինթը՞ն, Թէ Թրամփ Հարցումէն Անդին

Ճափոնէն մինչեւ ասիական ու եւրոպական երկիրներ, Ափրիկէէն մինչեւ Գանատա ու Հարաւային Ամերիկա, աշխարհի աչքերը այսօր սեւեռած պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու վրայ, իմանալու, թէ ամերիկացի քուէարկողները որո՞ւն պիտի տան Սպիտակ տուն մտնելու տոմսը, այն ենթամտածումով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կրնայ վճռորոշ դեր ունենալ աշխարհի առեւտուրին, տնտեսութեան, բայց մանաւանդ տագնապահար գօտիներու յառաջիկայ վերիվայրումներուն վրայ։

Բոլորէն աւելի, սակայն, ամերիկացիք իրե՛նք գիտեն, թէ այս տարուան ընտրութիւնները, իրենց երեւոյթներով ու խորքային հարցերով, նման չեն որեւէ նախընթացի։ Անշուշտ միշտ ալ կարելի է ըսել, թէ իւրաքանչիւր նախագահական ընտրութիւն աննախընթաց ու իւրայատուկ դիմագիծ ունի, սակայն այս անգամ, քուէարկողներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը քուէատուփ կ՛երթայ ձեռքը սրտին։

Պատճառը պարզ է. ընտրապայքարի բացումէն ասդին, բայց մանաւանդ այն օրէն՝ երբ յստակ դարձաւ, որ ախոյեանները կը կոչուին Հիլըրի Քլինթըն եւ Տանըլտ Թրամփ, բանիմաց մարդոց մտահոգութիւնները խորացումէ խորացում գահավիժեցան։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ մէկ կողմէ՝ փոխադարձ մերկացումները, միւս կողմէ՝ իւրաքանչիւր թեկնածուի վատահամբաւ վաստակը բացայայտ դարձուցին, որ ընտրութիւնը պիտի չըլլայ լաւի ու նուազ լաւի, այլ վատերու միջեւ, թեկնածուներու՝ որոնք շօշափելի ծրագիրներու փոխարէն, ատելութիւն եւ սարսափ սերմանեցին։ Երկու ախոյեաններու ապօրինի գործառնութեանց մասին բացայայտումներն ու զանոնք պարտկելու փորձերը մտածել տուին, որ Սպիտակ տան փոխարէն, երկուքն ալ աւելի՛ արժանի են… բանտ առաջնորդուելու, եւ սակայն, անոնք այսօր ճակատաբաց կը մնան կրկէսին մէջ (քաղաքական կեանքի ծառայողները ամօթի կամ նման զգացական վիճակներու հետ կապ չունին՝ կ՛ըսուի…)։

fotorcreated

Ամէնէն տարօրինակը այն չէ, որ հանրապետականներէն մեծ զանգուած մը, աւագանիով ու համակիրներով, դէմ է Թրամփի, նոյն «համակրանքը» կը վայելէ նաեւ Քլինթըն՝ դեմոկրատներու մօտ, ուր մինչեւ վերջին վայրկեանը, կան մարդիկ, որոնք կը պնդեն, թէ ձախողութեան մատնուած Պըռնի Սէնտըրզին պէտք է քուէ տալ։ Ողբերգութեան գագաթնակէտը հոն է, որ Թրամփի հաւանական ձախաւերութիւներէն խուսափելու համար, մարդիկ քուէ պիտի տան Քլինթընի, իսկ Թրամփի պիտի քուէարկեն շատեր, որոնք կը սարսափին Քլինթընի անցեալէն ու անկէ արտացոլացող՝ ապագայէն… (Երկու միւս թեկնածուներուն սակարանները արդէն ի սկզբանէ փակուած են, շնորհիւ… քարոզչական մեքենաներուն)։ Շատ չի խօսուիր այն մասին, օրինակի համար, թէ Քլինթընի յաղթանակով՝ Միացեալ Նահանգներ պիտի ունենան առաջին կին նախագահը (Օպամայի ընտրութեան նախօրեակին ու իշխանութեան ամբողջ տեւողութեան, անոր մորթին գոյնը մե՜ծ հարց էր. դրամագլուխ կամ պարսաւանքի նիւթ, եւ այս՝ Լինքըլնի դարաշրջանէն շուրջ մէկ ու կէս դար ետք…)։ Նմանապէս յետին լուսանցքներու վրայ ձգուած են այնպիսի հարցեր, որոնք կապ ունին զանգուածներու ապրուստի էական պահանջներուն-կարիքներուն եւ անոնց կապուած ակնկալութեանց, աշխարհը փոթորկող ծանօթ զարգացումներուն։

Քարոզչական արշաւները, զանգուածային լրատուութեան աղբիւրները ստեղծած են այնպիսի վիճակ, որ շէյքսփիրեան «ըլլա՞լ, թէ չըլլալ» հարցումին տարողութեան հասցուցած են Թրա՞մփ, թէ Քլինթըն հարցումը, այնքան մը, որ մարդիկ… մոռցած են, որ չորս կամ ութ տարի առաջ ալ, նման հարցականներ ու ակնկալութիւններ ողողած էին քուէարկողներուն ուղեղները, իսկ Օպամայի ընտրութենէն ու վերընտրութենէն ետք, բոլոր փուչիկները պայթած էին մէկ-մէկ. Օպամա իր մեծ կամ փոքր խոստումներէն միայն նշոյլներ իրականացուց, իսկ կարգ մը բարեմիտ քայլերն ալ դուռը լայն բացին նոր չարաշահումներու, որոնք իրականացան… օրէնքներու մշակումով ու վերամշակումով, ի հեճուկս նախագահին ու ժողովուրդի հարցերով մտահոգ պետական այրերու, որոնք այլապէս ինկած են չնչին փոքրամասնութեան մը մէջ։ Օրինակի համար, Կուանթանամօ մը իսկ կարելի չեղաւ փակել, իսկ Օպամա, իր հրապարակային բազմաթիւ ճառերուն ու պաշտօնական ելոյթներուն ատեն, առաւելաբար գործածեց «այսպէս պէտք է ընենք», «այսպէս պէտք է ըլլայ, այդպէս պէտք չէ ըլլայ» ոճը, կարծէք թէ ինք իշխանութենէն դուրս կանգնող մէկն էր, լրագրող մը, կամ՝ կը շարունակէր մնալ ընտրապայքարի դաշտին մէջ, հեռու՝ այն հեղինակաւոր դիրքէն, որ վայել է կամ իրաւունքն է նախագահի մը (մտահան չենք ըներ երեք իշխանութեանց փոխադարձ հակակշռումի՝ ժողովրդավարութեան սկզ-բունքները, որ սակայն իրողապէս խաղալիքն է աներեւոյթ՝ բո՛ւն իշխողներու կամքին)։

Հիմնական հետեւութիւնը, ընտրապայքարի ու քուէարկութեան աղմուկէն ու անոնց բարձրացուցած փոշիի ամպերէն անդին, կը մնայ հետեւեալը. Սպիտակ տուն մտնողը, անկախ իր կատարած յայտարարութիւններէն, ինքնագովութիւններէն, սպառնական արտայայտութիւններէն ու խոստումներու ցանկերէն, խորքին մէջ շատ ալ տարբեր չէ Անգլիոյ թագուհիին կացութենէն. հոն՝ Անգլիան կառավարելու մէջ, թագաւոր-թագուհիին անզօրութիւնը ծանօթ է բոլորին, Միացեալ Նահանգներու մէջ, մարդիկ տակաւին կ՛ապրին խաբկանքի փուլը, չեն կրցած իրենց աչքերէն հեռացնել այն քողը, որուն ետին կը կանգնին այս երկիրն ու անոր միջոցով աշխարհի տարբեր շրջանները իսկապէս վարող, բայց իրենք զիրենք ըստ ամենայնի աներեւոյթ պահող ուժերը, որոնք, յամենայնդէպս, իրենց հեղինակութիւնը տարածած են մեծ պետութեանց աշխարհագրական սահմաններէն անդին, ամբողջ աշխարհը վերածած են չարաշահութեանց ու շահատակութեանց սահմաններ չճանչցող ասպարէզի, գագաթնակէտին հասցուցած՝ «աշխարհը դմակ, ձեռքիդ դանակ» սկզբունքը։

Հետեւաբար, արդեօք որքա՞ն կարեւոր ու ճակատագրական է պատասխանը այն հարցումին, թէ վաղը Քլիթը՞ն պիտի ժառանգէ Օպամայի աթոռը, թէ Թրամփ։

…Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի ժողովուրդներուն կը մնայ իրենց աչքերը սեւեռել այժմու համակարգէն անդին, իսկական վերափոխութեան փուլին, որուն համար այժմու համակարգին փլուզումը եւ մարդկային իրաւունքներու ու ժողովրդավարութեան իսկական կիրարկումը պէտք է ըլլան հասանելի, մարդիկ պէտք է դադրին ենթակայ մնալէ այն ուղեղալուացքին՝ թէ անոնք անիրականանալի պատրանքներ են։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել