Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Եգիպտոսի Խորհրդարանի Քայլերը Ներկայացուած Են Ֆրանս-Եւրոպական Պատուիրակութեան Մը

fotorcreatedԵւրոպական խորհրդարանի եւ ֆրանսական ծերակոյտի միացեալ պատուիրակութիւն մը Եգիպտոս այցելութեան ծիրին մէջ անցած Շաբաթ օր՝ Նոյեմբերի 5-ին եգիպտական խորհրդարան այցելած է, ուր՝ ի միջի այլոց, տեսակցած է երեսփոխան Մուսթաֆա Պաքրիի հետ: Տեսակցութեան ներկայ գտնուած են նաեւ եգիպտական խորհրդարանի այլ անդամներ:

Պաքրի պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ եգիպտական խորհրդարանի կեցուածքը, հաստատելով, որ Թուրքիոյ իրագործած հայոց կոտորածները դատապարտող բանաձեւ կը պատրաստեն քուէարկութեան, հաստատած, որ ատիկա «ամօթի խարան» է Թուրքիոյ ճակտին եւ բոլոր կառավարութիւններն ալ հարկ է դատապարտեն այդ անմարդկային կոտորածը:

Պաքրի նշած է, որ եգիպտական խորհրդարանի անդամները ստորագրահաւաք կատարած են ու 337 երեսփոխան ստորագրած է խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման նախաձեռնութեան տակ, վստահութիւն յայտնելով որ քուէի կը դրուի սոյն կոտորածը ցեղասպանութիւն համարող բանաձեւը, միաժամանակ դատապարտելով արաբական պետութիւններու կեցուածքը Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ, նկատի ունենալով որ ցարդ միայն Լիբանան ճանչցած է զայն:

Եգիպտացի երեսփոխանը, որ միաժամանակ լրագրող է, հաստատած է որ Թուրքիան է պատճառը Մ. Արեւելքի իրարանցումին, ՏԱՀԷՇ կազմակերպութեան միջանցքն ու թիկունքային աջակցութիւն ցուցաբերողը, սոյն կազմակերպութիւնն ստեղծող Մ. Նահանգներուն առընթեր:

Եւրոպական խորհրդարանէն ան պահանջած է աջակցիլ սուրիական բանակին՝ ահաբեկչութեան դէմ մղած պատերազմին մէջ, նշելով որ սուրիական բանակի պարտութիւնը պիտի նշանակէ ահաբեկչութեան ծաւալումը աշխարհի երեսին: Ան դիտել տուած է որ Թուրքիա կը ձգտի իր հակակշռին ենթարկել սուրիական սահմանային գօտին, պարզած, որ եգիպտ-թրքական յարաբերութիւնները լարուած են, նկատելով որ վերջինը հիմնական աջակիցն է (Իսլամ) Եղբայրներու ահաբեկչական խմբակցութեան:

Իր հերթին, տեսակցութեան մասնակից երեսփոխան Սարուաթ Պըխիթ քննադատած է Եւրոպայի կեցուածքը, որ ժամանակ առ ժամանակ կը քննադատէ Եգիպտոսը ազատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց համար, միաժամանակ աչք փակելով մարդկային իրաւանց Թուրքիոյ գործած ոճիրներուն հանդէպ, նշելով որ ատիկա երկու չափ, երկու կշիռ քաղաքականութիւն է:

Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Փաթրիք Քարամ շեշտած է, որ Եգիպտոս կարեւոր պետութիւն մըն է շրջանին մէջ, որ հայկական կոտորածներու դատապարտման քուէարկութիւնը եգիպտական խորհրդարանէն ներս Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու կարեւոր քայլ մը պիտի ըլլայ, նաեւ օրինակ՝ արաբական պետութիւններուն, որ հետեւին իրեն, ստիպելու Թուրքիոյ ճանչնալ այս կոտորածները:
Եւրոպական պատուիրակութիւնը, որուն Եգիպտոս այցի կազմակերպութեան մասնակցած է Մարդկային իրաւանց եգիպտ-ֆրանսական կազմակերպութիւնը, զոր կը գլխաւորէ Ժան Մահէր, տեղացի շարք մը պատասխանատուներու հետ տեսակցելու կողքին, հանդիպած է կրօնական առաջնորդներու, Ազհարի պատասխանատուներու, Ղպտի եկեղեցւոյ եւ այլ համայնքներու ներկայացուցիչներուն: Անոնք հանդիպում ունեցած են նաեւ Եգիպտոսի հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ:

Ըստ «Վէթօ» շաբաթաթերթի կայքէջի տեղեկատուութեան, առաջնորդական տեղապահ Գաբրիէլ վրդ. Սարգսեան, որ թիւրիմացաբար ներկայացուած է հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ, պատուիրակութեան հաւաստած է, որ հայերը Եգիպտոսի մէջ կապրին խաղաղութեան մէջ, կը վայելեն բոլոր եգիպտացիներու իրաւունքները, ազատօրէն կը կատարեն կրօնական իրենց պաշտամունքը, շեշտելով որ Եգիպտոս առաջին երկիրներէն եղած էր, որ իր դռները բացած էր Օսմանեան պետութեան կազմակերպած ցեղասպանութենէն վերապրողներուն առջեւ: Ան պատմած է, որ Մոհամմէտ Ալի փաշայի օրօք հայազգի Նուպար փաշան նախարարի (երկրի առաջին վարչապետն եղած է, նախարարական տարբեր պաշտօններու կողքին) պաշտօնին բարձրացած է, իսկ հայերը մասնակից եղած են պետութեան կեանքին տարբեր բնագաւառներէ ներս: Տեղապահ հայր սուրբը պատասխանելով պատուիրակութեան տարբեր հարցերուն, յայտնած է, որ Եկեղեցին բարւոք յարաբերութիւններ ունի պետութեան, Ազհարի շէյխին թէ հանրապետութեան նախագահին հետ:

Վերջապէս ըսենք, որ եւրոպական պատուիրակութեան մաս կազմած են հայազգի ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին՝ ինչպէս կը ներկայացուի «Ախպար էլ եոմ» կայքէջին վրայ, Ֆրանսայի հայկական եկեղեցւոյ հանրային յարաբերութիւններու պատասխանատու Սոնա Ադամեան, ֆրանսահայ պարբերաթերթի մը խմբագիրը (անունը արաբերէն թարգմանած է Հայաստանի լուրեր, թերեւս խօսքը «Նուվէլ տ Արմենի»ին մասին է) եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող մարմինի նախագահը (համանախագահներէն մին պիտի ըլլայ):

Վերջապէս մեզի համար անհասկնալի կը մնայ, որ եգիպտահայ գաղութէն ներս գործող, առնուազն արտաքին-յարաբերական ու քաղաքական աշխատանքով զբաղուող մարմիններ, մամուլ, տեղեակ չեն պահուիր նման այցէ մը եւ տեղեկատուութիւնն իսկ օտար աղբիւրներէ քաղելու կը պարտաւորուինք:

Անկազմակերպուածութեա՞ն, տգիտութեա՞ն, թէ՞ այդ կառոյցներու վաստակին անտեսման վերագրենք այս վարմունքը…

Housaper daily

Տպել Տպել