Հայ դատը կը շնորհաւորէ Թրամփի յաղթանակը

Election 2016 with Stars and Stripes and US Flag Background Illustration

Election 2016 with Stars and Stripes and US Flag Background Illustration

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Նոյեմբեր 8ին կայացած Քոնկրեսի ընտրութիւններուն իր զօրակցութիւնը ապահոված թեկնածուներուն 93 տոկոսը կրցած է յաղթական դուրս գալ, միաժամանակ՝ շնորհաւորելով Տանըլտ Թրամփի յաղթանակը եւ դրուատելով Հիլըրի Քլինթընի մղած ընտրապայքարը։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան նաեւ դրուատեց դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական ընտրութեանց՝ ամերիկահայերուն մրցանիշ հաստատած մասնակցութիւնը, վստահեցնելով, որ յառաջիկայ շաբաթներուն նորընտիր գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութեանց հետ կապ հաստատելով՝ լուսարձակի տակ պիտի առնուին ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր։

Համբարեան ողջունեց յատկապէս յաղթանակը հայութեան իրաւանց ջատագով հետեւեալ քոնկրեսականներուն՝ Քրիս Վան Հոլընի, Էտ Ռոյսի, Էտըմ Շիֆի, Ֆրենք Փալոնի, Տէյվիտ Վալատաուի եւ երկու հայ թեկնածուներուն՝ Ճեքի Սփիրի եւ Աննա Իշուի։ Այլ ամերիկահայ թեկնածու մը՝ Տենի Թարխանեան, քուէներու 1 տոկոսի տարբերութեամբ չկրցաւ ընտրուիլ։

Ծերակոյտի պարագային, Հայ Դատի զօրակցութիւնը ապահոված 11 թեկնածուներէն 7ն ընտրուեցաւ, ներառեալ՝ Չաք Շումըրը, որ հաւանաբար ստանձնէ Ծերակոյտին մէջ փոքրամասնութեան ղեկավարի դիրքը, որովհետեւ նախկին ղեկավար Հերի Ռիտ որոշած է հանգստեան կոչուիլ։ Վերընտրուեցան նաեւ Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներու ջատագով Փաթրիք Լէյհին եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերու զօրակցող Մարքօ Ռուպիօ ու Ճան ՄըքՔէյն։

Ներկայացուցիչներու տան մէջ, Հայ Դատի զօրակցութիւնը ապահոված 122 թեկնածուներէն միայն 5ը չէ յաջողած ընտրուիլ։ Վերոյիշեալներուն կողքին, նոր Ներկայացուցիչներու տան մէջ կան ամերիկահայութեան զօրակցող հետեւեալ քոնկրեսականները՝ Փօլ Ռայըն (Ներկայացուցիչներու տան ներկայ խօսնակ), Նիթա Լօուի, Էտըմ Սմիթ, Էլիըթ Էնկըլ, Քրիս Սմիթ, Պրետ Շըրմըն, Տանա Ռորպաքըր, Տէյվիտ Սիսիլին, Քերըն Պես, Էլըն Լօունթալ, Թետ Տէօչ, Լոյիս Ֆրենքըլ, Ալպիօ Սիրես, Կրէյս Մենկ եւ Տենիըլ Տանըվըն։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին պատրաստած՝ իւրաքանչիւր քոնկրեսականի արժեւորումին ծանօթանալու համար, այցելել anca.org/report-card կայքէջը:

asbarez.com

Տպել Տպել