Ի՞նչ, CNN-ը Տակաւին Կը Սփռէ՞…

wpid-ibrogloxmyhmnit-556x313-nopadԴեռ չսկսած ըսեմ, որ Թրամփի կամ Քլինթընի կապակցութեամբ ոչ մէկ համակրանք կամ հակակրանք ունիմ։ Հոս ըսուելիքները կ’առնչուին միայն ու միայն ամերիկեան մամուլին, որուն փառաւոր պարտութեան ականատես եղանք Երեքշաբթի գիշեր։

Շատ բան պիտի գրուի Մ. Նահանգներու նախագահական այս ընտրութիւններուն քաղաքական ծալքերուն մասին։ Մասնագէտները պիտի փորձեն լուսաբանել ու բացատրել այս ծալքերը, իսկ «մասնագէտներ»ը պիտի փորձեն աներեսաբար արդարացումներ գտնել։

Անցնող գրեթէ մէկ տարուան ընթացքին, նման չակերտուած մասնագէտներու մէկական բոյներու վերածուած էին mainstream որակուած ամերիկեան թերթերը, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կայանները, ինչպէս օրինակ՝ «Ուաշինկթըն փոսթ» եւ «Նիւ Եորք թայմզ» օրաթերթերը, հեռատեսիլի CNN, FOX, եւ (անշուշտ) «ազատամիտ» որակուած MSNBC-ն։ Բոլո՛րը։

Այս մամուլը (տպագիր, սփռուող եւ էլեկտրոնային) մաս կը կազմէր ընտրական խաղին՝ շեշտուած կերպով։

Այսպէս. Հիլըրի Քլինթընի եւ Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար դասը (իրենց ետին կանգնած յայտնի եւ «անյայտ» ուժերով) մշակած էր ռազմավարութիւն մը, որուն մէջ հիմնական դեր յանձնուած էր այս վերոնշեալ մամուլին, որուն տէրերը նոյն այս ուժերուն մէջ են։ Եւ այդ ռազմավարութեան հիմնական գիծերը հետեւեալներն էին.

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Առաջին, Դեմոկրատ նախընտրական դաշտին մէջ, հրապարակէն դուրս քշել անմիջական մրցակից եւ ինքզինք ընկերվար ֊ ժողովրդավար հռչակած Պըռնի Սենտըրզը։

Երկրորդ, քարոզչութեամբ ու այլ միջոցներով քաջալերել, որ Հանրապետական դաշտէն ներս յաջողի Տանըլտ Թրամփը, այն տրամաբանութեամբ, որ Նոյեմբրի 8ին, Հիլըրի Քլինթընին համար աւելի դիւրին պիտի ըլլար պարտութեան մատնել մէկը, որուն մասին հանրութեան հրամցուելիք եւ հրամցուած պատկերացումը երբեմն կը հասնէր «արտառոցութեան» աստիճանին։
Այս նպատակով ալ, տարեսկիզբէն ի վեր, այս մամուլը առաջին էջի ընդարձակ սիւնակներ եւ սփռումի երկարատեւ ժամանակ յատկացուց Թրամփին, այն յոյսով, որ Թրամփ կը շահի Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածութիւնը։ Այդպէս ալ եղաւ։

Անցնող Մարտին կատարուած հաշուարկներով, մէկ շաբթուան ընթացքին, հեռատեսիլի այս կայանները Թրամփին յատկացուցած էին աւելի քան 200 վայրկեան, մինչ Սենտըրզին՝ միայն 14 վայրկեան…
Տրուած ըլլալով, որ երբեմն շատ նուրբ թել մըն է լուրը, տեղեկութիւնը քարոզչութենէն բաժնող սահմանը, այս քարոզչական հսկայական մեքենան բուռն կերպով գործեց ի նպաստ Թրամփին, որովհետեւ Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար դասին ու իրենց ետին կանգնող ուժերուն համար «բուն վտանգը» ո՛չ թէ Թրամփն էր, այլ՝ Սենտըրզը։

Սենտըրզին հաշիւը յաջողութեամբ «մաքրուեցաւ» մամուլի եւ քարոզչութեան այս մարտավարութեամբ եւ ուղղակի մեղսակցութեամբ։

Հիմա «զտումի խաղերը» վերջացան եւ հասաւ «աւարտականի» հանգրուանը՝ Թրամփ եւ Հիլըրի։

Մամուլը անցաւ յարձակողականի, այս անգամ իր «փայփայած» ու «գովերգած» Թրամփին դէմ։

«Թարս» պիտի ըլլայ, Հիլըրիի տակն ալ շատ չոր չէր, ինչպէս կ’ըսուի ժողովրդային լեզուով։ Այսինքն, իմէյլներ, Լիպիոյ եւ Մ. Արեւելքի մէջ իր խնդրայարոյց դերակատարութիւնը, «Քլինթըն հիմնադրամ»ին կասկածելի աղբիւրներէ կատարուած մեծագումար նուիրատուութիւններ, Ուիքիլիքսի բացայայտումներ, եւայլն։

Այս բոլորին մէջ, մամուլը, որ սկզբունքով պէտք է անկողմնակալութեան որոշ մակարդակ մը դրսեւորէր, իրականութեան մէջ ընտրական ռազմաճակատին վրայ առաջին խրամատներուն մէջն էր։
Հասանք Երեքշաբթի երեկոյ։ Արեւելեան Ամերիկայի նահանգներուն մէջ ընտրական տեղամասերը սկսան փակուիլ ու հաշուուած վայրկեաններու ընթացքին, CNN եւ միւս կայանները, գրեթէ միաբերան, սկսան յայտարարել իրենց «նախատեսութիւնները» ի նպաստ այս կամ այն թեկնածուին։ Երեք ժամ ետք, տեղամասերը փակուեցան նաեւ արեւմտեան նահանգներուն մէջ, եւ ընդունուած կարգով, Քալիֆորնիոյ, Օրեկոնի եւ Ուաշինկթընի ընտրական քուէները (electoral votes) «փութով» տրուեցան ի նպաստ Քլինթընին։ Կայաններու խօսնակները, իրենց շուրջ հաւաքած չակերտուած եւ անչակերտ մասնագէտներով, սկսան նայուածքները աջ ու ձախ տանիլ ու բերել, քրտնիլ, կոկորդները մաքրել խօսելէ առաջ։ Այս չէր իրենց ակնկալութիւնը, սենարիոն այսպէս չէր գրուած. Թրամփ անվիճելիօրէն առաւելութիւն ունէր. պաստառին վրայ թիւերը այդ կ’ըսէին։

Նոյն այդ պալատական երգիչներու խումբերը, որոնք առտուընէ արդէն Քլինթընի յաղթանակը անխուսափելի համարելով, անեկդոտին նման «մէ ուրախութի՜ն, մէ ծիծա՜ղ»ի մթնոլորտի մէջ էին, հիմա այլեւս թաթխուած էին գարշահոտ ճահիճի մէջ։

Մինչ այդ սակայն, Փենսիլվանիոյ, Ուիսքանսընի, Միշիկընի ու քանի մը այլ կարեւոր նկատուած նահանգներու մէջ, տեղամասերու փակումէն 3 ժամ ետք, կը պարզէին թիւերու անվիճելի առաւելութիւն մը ի նպաստ Թրամփի։ Մինչ, օրինակի համար, Նիւ Եորքի, Մէսէչուսէցի եւ Արեւմտեան ափի նահանգներու պարագային, քանի մը վայրկեաններու մէջ այս նոյն կայանը առաւելութիւնը կու տար Քլինթընին, սակայն վերոնշեալ կայանը կը յամառէր չյայտարարել Թրամփի յաղթանակը, ի տես Միջին արեւմտեան վերոնշեալ նահանգներուն մէջ ԺԱՄԵՐԷ Ի ՎԵՐ պարզուող թուական պատկերին, որ ի նպաստ Թրամփին էր։

Ժամը 11ի մօտ էր (Խաղաղականի ժամով), երբ Քլինթընի ընտրապայքարի ղեկավար Ճան Փոտեսթա (իմէյլներու հարցով նոյն «հռչակաւոր» Փոտեսթան) մօտեցաւ ամպիոնին եւ իրենց բազմահազար համակիրներուն թելադրեց «տուն երթալ ու հանգստանալ», որովհետեւ «քուէներու հաշուարկումը տակաւին չէ աւարտած…» Այսինքն, հասկնալի բայց շա՜տ քաղաքավար անգլերէնով ըսաւ, թէ Քլինթըն պարտուած է։

Բայց CNN-ի խօսնակները կը շարունակէին նոյն նուագները։ Մինչ իրենց հրաւիրած հիւրերը արագօրէն կողմնորոշուեցան ու սկսան բառացիօրէն ըսել, թէ «Թրամփ յաղթած է», կայանը կը մնար անամօթաբար անդրդուելի, աչքերը փակած իրականութեան դիմաց, չոր տուեալներուն դիմաց… Ինչպէ՞ս թէ, այսքան ամիսներու ճիգ ու ջանք, հանրային կարծիքի տոկոսային պատկերներ, մանաւանդ՝ հսկայական գումարներ ու «գումարային» հեռանկարներ, այս բոլորը ջո՞ւրը ինկան։

Պլոթի լեզուով՝ «հակառակէն քափօ գնաց» Դեմոկրատ կուսակցութեան ու իր ետին կանգնած ուժերուն հետ՝ մամուլը եւս։ Բոլորը միասնաբար։
Տարբեր չէր պատկերը միւս կայաններու պարագային եւս, ինչպէս արագօրէն կարելի եղաւ ստուգել։

Այս ծիծաղելի բայց մամուլին համար իսկապէս ողբերգական պատկերը շարունակուեցաւ կէս ժամ եւս, մինչեւ որ հրապարակուեցաւ լուրը, որ Քլինթըն անձամբ հեռաձայնած է Թրամփին ու շնորհաւորած անոր յաղթանակը։

Այս յօդուածագրին համոզումով, եթէ Երեքշաբթի օրուան առաջին մեծ պարտեալը Քլինթընի ու իր ներկայացուցած ուժերն էին, երկրորդ մեծագոյն պարտեալը ամերիկեան մամուլն էր, որ ոչ միայն ուղղակի մասնակից դարձաւ ընտրապայքարին, ոչ միայն բացայայտ կողմնակալութիւն ցուցաբերեց, այլեւ աչքերը փակեց իրականութեան դիմաց՝ նոյնիսկ մինչեւ այն պահը, երբ այդ իրականութիւնը անուրանալի էր ու անվիճելի։

Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 11 ֊ 11։30 երկարող այդ վայրկեաններուն ընթացքին, վերջնական տապանաքարը դրուեցաւ ամերիկեան մամուլին «անաչառութեան» առասպելի վրայ, եթէ անշուշտ հաւատացող մնացած էր այդ առասպելին։

Այս բոլորէն վերջ միայն զարմանալ կարելի է, որ Չորեքշաբթի առտու, CNN-ի եւ մամլոյ միւս միջոցներու տէրերը, «խմբագիրներն» ու «լրագրողները» տակաւին հաւաքաբար հարաքիրի չէին գործած…
Այնպէս որ, յաջորդ անգամ, եթէ մտադիր էք ձեր տեղեկութիւնները քաղել «Նիւ Եորք թայմզ»էն, կամ ըսենք CNN, FOX կամ MSNBC կայաններէն (օրինակի համար), նախ քան այդ ընելը, քիչ մը աւելի երկար մտածեցէք։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

asbarez.com

Տպել Տպել