Նպաստի Փոխարէն Ապահովութիւն

fotorcreatedԱպրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, մեր նահատակներու ընտանիքներուն զօրակցութեան լայն արշաւ մը սկսաւ Սփիւռքի մէջ: Մեր շրջանին մէջ, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը հանգանակեց եւ նոյնիսկ կազմակերպեց հանգանակուած գումարներու անմիջական յանձնումը նահատակներու ընտանիքներուն։

Գիտենք, թէ որքա՛ն ալ նրբանկատ, որքա՛ն ալ զգայուն կերպով փոխանցուին այս գումարները, ստացողներու արժանապատուութիւնը խոցող տարր մը անպայմա՛ն առկայ է այս գործընթացին մէջ: Ի վերջոյ, բարեգործութեան յատկանիշներ կան նահատակի ընտանիք-գումար փոխանցող յարաբերութեան մէջ։ Կը կրկնենք ու հաստատապէս կրնանք պնդել, թէ մեր երիտասարդները իրենց անմիջական շփումներուն ընթացքին յստակացուցին, որ պարտք ու պարտականութի՛ւն է այն, ինչ կը կատարեն:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Անշուշտ, լաւագոյն լուծումը այս խնդիրին՝ նահատակներու ընտանիքներուն եւ պատերազմի պատճառով հաշմանդամ դարձած զինուորներուն համար պետական միջոցներով արժանապատիւ կեանք մը ապահովելն է: Նկատի ունենալով պիւտճէական սուղ պայմանները՝ հասկնալի է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք էր դիմէր ստեղծագործ լուծումներու:

Անցեալ Հինգշաբթի օրուան իր նիստին ընթացքին, Հայաստանի կառավարութեան դահլիճը այս հարցին իւրայատուկ լուծում մը տուաւ՝ որոշելով աշխատավարձ ստացող իւրաքանչիւր քաղաքացիէ ամսական հազար դրամ պահել եւ զայն փոխանցել յատուկ հիմնադրամի մը, որ պիտի յանձանձէ գումարներու փոխանցումը:

Կ՛ողջունենք այն փաստը, որ կառավարութիւնը իսկապէ՛ս մտահոգ է մեր նահատակներու եւ հաշմուած զինուորներու ընտանիքներուն ճակատագիրով: Հազար դրամ ամսական սակը, որ բարդուած է աշխատաւորներուն վրայ՝ անկախ անոնց ստացած գումարի չափէն, կը մատնէ որոշ աճապարանք մը, որ կարելի է սրբագրել:

Արդարեւ, իւրաքանչիւր հայու, ներառեալ՝ մեզի, սփիւռքահայերուս, հնարաւորութիւն պէտք է տրուի ունենալու բանակին թիկունք կանգնողի բաւարարութիւն, հոգեկան գոհացում: Պարտադրանքը եւ չափի ճշդումը կրնան որոշ վերապահումներ ստեղծել, յատկապէս այն ընտանիքներուն մօտ, որոնք հազիւ ծախսերը ծայրը ծայրին կը հասցնեն:

Սփիւռքահայերու պարագային, մշտապէս ծառացած մարտահրաւէրը՝ իւրաքանչիւրէս ամէնամսեայ գումար ստանալու համակարգի ստեղծումն է, որ պէտք է ստանձնուի տեղական բարեգործական կառոյցներու կողմէ:

Յամենայնդէպս, յուսալով, որ կառավարութիւնը կը գտնէ այս հիմնադրամը հարստացնելու աւելի՛ արդար ձեւը՝ մենք կ՛ողջունենք այս քայլը, որ ըստ որոշ հաշուարկներու՝ հիմնադրամին համար տարեկան վեց միլիառ դրամի պատ-կառելի գումար մը պիտի ապահովէ եւ ճակատ գացող զինուորին երաշխիք պիտի տայ, թէ իր ընտանիքը անտէր պիտի չմնայ ու արժանապատուօրէն ապրելու հնարաւորութիւն պիտի ունենայ:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com

10/11/2016

Տպել Տպել