«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Էրտողանեան Անդունդ

fotorcreatedԱրդարութեան, ու ժողովրդավարութեան դէմ կատարուած Էրտողանեան սպանդը կը շարունակէ աւերներ գործել Թուրքիոյ մէջ:

Անցեալ Յուլիս 15-ի ձախողած պետական հարուածը թեւեր տուած էր բռնատէր Էրտողանին, որ ամէնայն համարձակութեամբ եւ ազատութեամբ, հակաժողովրդավարական որոշումներ առնէ:

Այդ ձախողած պետական հարուածի օրէն իսկ, աւելի քան հարիւր հազար պետական պաշտօնեաներ գործէ արձակուած են, իսկ ասոր կողքին, երեսունըհինգ հազար այլ պաշտօնեաներ անբաղձալի եւ վտանգաւոր տարր նկատի առնուելով, բանտարկուած են:

Զուգահեռաբար, կատարուեցան բազմաթիւ սեղմումներ քարոզչական բնագաւառէն ներս, ուր տասնեակ մը լրատուական եւ մամլոյ սպասարկութեան հիմնարկներ փակուեցան, նկատի առնուելով որպէս, Թուրքիոյ ազգային շահերուն դէմ գործող, դաւադիր գործակալութիւններ:

Էրտողանի եւ իր հլու կամակատար ղեկավարութեան վերջին բռնատիրական զգայացունց արարքը, ահաւասիկ գրեթէ շաբաթ մը առաջ՝ Նոյեմբեր 4-ի վաղ առաւօտեան, քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան 11 անդամներու ձերբակալութիւնն էր, որոնց կարգին յատկապէս համանախագահներ՝ Սելահետին Տեմիրթաշ եւ Ֆիկեն Եուքսեքտաղ:
Այսպէս, երբ ոչ ոք հաշիւ կը պահանջէ, սպանդն ու ջարդը (ճերմակ թէ արեան գոյնով) կը շարունակուին: Ամէնայն յոխորտանքով, Էրտողան կը շարունակէ բեմահարթակներէն ահազանգ հնչեցնել թէ դաւադիր ուժեր կը փորձեն գործել յաչս Թուրքիոյ փլուզման:

Էրտողան պաշտօնապէս կը քննադատէ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան երեսփոխանները, որոնք ըստ իրեն հասած ստոյգ տեղեկութիւններուն, անձեռնմխելիութենէն օգտուելով, անդորրութիւնը կը խախտեն եւ Թուրքիան կը մղեն դէպի ներքին քաղաքացիական պատերազմ:

Ըստ Էրտողանի եւ իր հովանիին տակ գործող քանդիչ մեքենային, խուզարկութիւններն ու ձերբակալութիւնները կատարուած են հաստատ եւ ստոյգ փաստերու վրայ, եւ ոչ թէ պարզ կասկածներու: Աւելին, Տեմիրթաշ եւ իր պատկանած կուսակցութեան անդամները կ՛ամբաստանուին անդամակցած ըլլալու համար ահաբեկչական զինեալ կազմակերպութեան մը եւ այդ գծով, կատարած գործունէութեան:

Տեմիրթաշ եւ իր ձերբակալուած գործընկերները չընկրկեցան, եւ տեղի չտուին:

Անոնք նախքան իրենց ձերբակալուիլը, հարցաքննութեան տարուեցան, սակայն շարունակ մերժեցին պատասխանել իրենց յղուած անհիմն եւ անհեթեթ հարցումներուն, շարունակ նշելով թէ իրենք ժողովուրդին ընտրեալ ներկայացուցիչներն են եւ կը ներկայացնեն այդ ժողովրդային զանգուածը:

Բնականաբար, այս պղտոր կացութեան մէջ, կատարուեցաւ անխուսափելին՝ Տիարպէքիրի (Տիգրանակերտ) մէջ պայթում մը, որ խլեց քանի մը զոհ եւ հարիւրէ աւելի վիրաւոր:

Այս վերջին Էրտողանեան սխրանքը կատարուեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, ուր Արեւմուտքը իր աչքերը յառած էր դէպի Նոր Աշխարհ՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններ:

Արդեօք, ի՞նչ պիտի պատահի ապագային: Մինչ այդ, արդէն իսկ «դանակը հասած ու անցած է ոսկորը»…եւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը քաշուած է Թուրքիոյ «Մեճլիս»էն:

Էրտողան իր ղեկավարած երկիրը կ՛ուղղէ դէպի անդունդ:

hairenikweekly.com

Նոյեմբեր 7, 2016

Տպել Տպել