Յունահայ կառոյցներու ներկայացուցիչներու հանդիպում՝ Հ.Հ. նորանշանակ դեսպան պարոն Ֆադէյ Չարչօղլեանի հետ

fotorcreated Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ հրա­ւէ­րով՝ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րանշա­նակ դես­պան պա­րոն ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեա­նի հետ յու­նա­հայ գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ծա­նօ­թաց­ման հան­դի­պում մը ու­նե­ցան ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 16 ­Նո­յեմ­բեր 2016ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ­Կեդ­րո­նին մէջ։

Հ.Հ. դես­պա­նին հետ ծա­նօ­թաց­ման այս հան­դի­պու­մին հրա­ւի­րուած էին եւ ներ­կայ գտնո­ւե­ցան, ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ­ներ, Կ­րօ­նա­կան ­Ժո­ղո­վի ան­դամ հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ, Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան ­Խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­ներ։ ­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին-միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րը՝ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը, ­Հա­մազ­գա­յի­նը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը հան­դիպ­ման հրա­ւի­րո­ւած էին ի­րենց Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մա­կար­դա­կով։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ էին Ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու եւ «Ա­զատ Օր»ի տնօ­րէն­նե­րը ինչ­պէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ ­Հան­դիպ­ման բա­ցու­մը կա­տա­րեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Կ.­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ըն­կեր ­Քե­րով­բէ Է­քի­զեան, որ նախ ող­ջու­նեց ­Հա­յաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պա­նը, հա­կիրճ գի­ծե­րով ներ­կա­յա­ցուց դես­պա­նի կտրած դի­ւա­նա­գի­տա­կան աս­պա­րէ­զը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թեան՝ հա­ւաս­տիաց­նե­լով, որ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը պատ­րաս­տա­կամ է ա­ռա­ւե­լա­գոյնս սա­տա­րե­լու ­Յու­նաս­տա­նէն ներս ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան՝ ի սպաս ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի բար­գա­ւաճ­ման ու հզօ­րաց­ման, այ­լեւ՝ հայ­րե­նի հա­յու­թեան անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման, ինչ­պէս եւ ­Հայ ­Դա­տի հե­տա-պնդման աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Այ­նու­հե­տեւ խօս­քը տրո­ւե­ցաւ­ դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեա­նի, որ ամ­րան ստանձ­նած ըլ­լա­լով հան­դերձ դես­պա­նա­կան իր ներ­կայ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ ար­ձա­կուրդ­նե­րու բեր­մամբ ա­ռի­թը չէր ու­նե­ցած մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցո­ւե­լու եւ ծա­նօ­թա­նա­լու յու­նա­հայ գա­ղու­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Դես­պան ­Չար­չօղ­լեան հան­գա­մա­նա­ւո­րա­պէս փո­խան­ցեց ներ­կա­նե­րուն՝ ­Յու­նաս­տա­նէն ներս դի­ւա­նա­գի­տա­կան իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ա­ռաջ­նոր­դող գլխա­ւոր սկզբուն­քենրն ու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։ ­Շեշ­տեց՝ ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ բո­լոր մար­զե­րէ ներս միջ-պե­տա­կան կա­պե­րու աշ­խու­ժաց­ման եւ ընդ­լայն­ման ի խնդիր աշ­խա­տան­քի հրա­մա­յա­կա­նը։ ­Կա­րե­ւո­րեց՝ յոյն ժո­ղո­վուր­դին հետ հա­յու­թեան պատ­մա­կան սերտ առն­չու­թիւն­նե­րը զար­գաց­նե­լու եւ յատ­կա­պէս մշա­կու­թա­յին ճա­կա­տի վրայ մեր­ձեց­ման եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան սա­տա­րող նա­խա­ձեռ­նու­թեանց դաշ­տը ըն­դար­ձա­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Պա­րոն դես­պա­նը իր խօս­քի ա­ւար­տին կեդ­րո­նա­ցաւ յու­նա­հա­յու­թեան հետ ձեռք-ձեռ­քի տա­լով՝ հա­մազ­գա­յին մեր հիմ­նա­կան հար­ցե­րուն ի նպաստ գոր­ծակ­ցե­լու ­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան վրայ, որ կը ներշն­չո­ւի նոյ­նինքն ­Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան վար­քա­գի­ծէն՝ ­Հա­յաս­տանն ու Ս­փիւռ­քը իբ­րեւ մէկ ամ­բող­ջու­թիւն շարժ­ման մէջ դնե­լու եւ ազ­գա­յին մեր հրա­մա­յա­կան­նե­րուն ծա­ռա­յե­լու յանձ­նա­ռու­թեամբ։
Դես­պան ­Չար­չօղ­լեա­նի խօս­քին հե­տե­ւե­ցան ներ­կա­նե­րուն կող­մէ հար­ցում­ներ եւ ա­ռա­ջար­կու­թիւն­ներ, ո­րոնց վե­րա­բե­րեալ դես­պա­նը տո­ւաւ լրա­ցու­ցիչ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ, նաեւ՝ կա­տա­րո­ւած ա­ռա­ջար­կու­թիւն­նե­րը նկա­տի առ­նե­լու իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տեց։

Այ­նու­հե­տեւ՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Կ.­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը խօս­քը փո­խան­ցեց ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ Ի­րենց միա­ւոր­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար խօսք ա­ռին ըն­կե­րու­հի ­Լի­զէթ ­Գի­րա­զեան, ըն­կեր ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան եւ եղ­բայր ­Սեր­գօ Ա­ղա­պա­տեան, ո­րոնք ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ անդ­րա­դար­ձան, յա­ջոր­դա­բար, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատ­մու­թեան, կա­ռոյ­ցին եւ գոր­ծու­նէու­թեան մար­զե­րուն։

Հ.Յ.Դ. Կ.­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը իր կող­մէ ո­րոշ յա­ւե­լում­ներ եւ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ տո­ւա։ ­Նախ՝ անդ­րա­դար­ձաւ հան­դի­պու­մէն բա­ցա­կայ, բայց յու­նա­հա­յու­թեան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը կազ­մող եւ գա­ղու­թի գլխա­ւոր կա­ռոյց­նե­րէն հան­դի­սա­ցող Հ.Օ.Մ.ի երկ­րորդ միա­ւո­րին՝ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չին, որ ու­նի Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ուղ­ղա­կիօ­րէն կա­պո­ւած իր Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը եւ որ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը ծա­ւա­լէ հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին։ Ա­պա՝ ըն­կեր Ք. Է­քի­զեան հա­կիրճ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ տո­ւաւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեանց պատ­մու­թեան, կա­ռոյ­ցին եւ գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին՝ յա­տուկ շեշտ դնե­լով ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րին մէջ մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան աշ­խու­ժու­թեան եւ մար­տու­նա­կու­թեան վրայ։

Հան­դիպ­ման փակ­ման խօս­քը ը­սե­լու հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ յու­նա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեան, որ ամ­փո­փե­լով ար­տա­սա­նո­ւած խօս­քերն ու ար­տա­յայ­տո­ւած գոր­ծակ­ցու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը՝ յու­նա­հա­յու­թեան ա­նու­նով հա­ւաս­տիա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պա­նին, որ մեր գա­ղու­թը իր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րով եւ միա­ւոր­նե­րով՝ ամ­բող­ջա­կան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ու­նի ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ ­Հայ ­Դա­տի ուղ­ղու­թեամբ հայ­րե­նի պե­տու­թեան՝ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան նե­տած քայ­լե­րուն եւ կեան­քի կո­չած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն։

azator.gr

Տպել Տպել