«Հայրենիք»ի խմբագրական. Յետ ընտրական ցոյցեր..ապացոյցեր

fotorcreatedՅաղթականը միայն Թրամփը…պարտեալն ալ միայն Հիլըրին չէր:

Այլ Միացեալ Նահանգներու նախագահական 45-րդ ընտրութիւններուն շարքը երկար է թէ՛ յաղթականներուն եւ թէ՛ պարտեալներուն:

Սեղմելով ու ամփոփելով այս ընդարձակ ու լայնածաւալ թնչուկ-թղթածրարը, հակիրճ տեղեկութիւններով եւ մատնանշումներով կարելի է ներկայացնել իրավիճակը:

Առաջին հերթին, եթէ լաւապէս հետեւինք ամիսներէ ի վեր կատարուող իրադարձութիւններուն, Հիլըրի իրականութեան մէջ պարտուած էր Դեմոկրատական Կուսակցութեան բեմահարթակէն ներս, իր դէմ պայքարող, Վերմոնթ նահանգի Ծերակուտական՝ Պըրնի Սէնտըրզի դէմ:

Սակայն, դիւրին եղաւ շրջանցել այս պարտութիւնը, գործի լծելով մեծ կշիռ եւ ազդեցութիւն ունեցող քարոզչական մեքենան՝ հեռատեսիլ, կայքէջ, համացանց, դիմատետր, թայլայլիչ եւ այլք:

Դիւրին եղաւ այս մէկը, մանաւանդ որ Սէնտըրզ, հակառակ իր յառաջացած տարիքին (75 տարեկան), պատրաստած էր փլաթֆորմ մը ընկերային հարցեր արծարծելով եւ յառաջդիմական գաղափարախօսութիւններով՝ լուծումներու յանգելով: Ամերիկեան քարոզչական մեքենային համար դիւրին էր Հիլըրին փրկելն ու իր ընկերվարական եւ նոյնիսկ համայնավար գաղափարներու (…դժբախտաբար Նոր Աշխարհի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կարողութիւնը չունի զանազանելու նշեալ երկու գաղափարները) տէր մրցակիցը «մէկդի շպրտել»:

Սէնտըրզ չգնաց առճակատումի, այլ ընդունելով իր անարդար պարտութիւնը, իր համակիրներուն կոչ ուղղեց որ հետեւին եւ քուէարկեն ի նպաստ Դեմոկրատական յաղթական թեկնածու՝ Հիլըրիին:
Այո՛, այս դիտանկիւնէն դիտուած յաղթական էր Սէնտըրզը, որ հակառակ բացայայտուած նենգամիտ միջամտութիւններուն եւ անոր յաջորդող «ըսի-ըսաւ»ներու դաւադրութիւն չսարքեց: Յստակ էր թէ պղտոր ջուրի մէջ որսորդութիւն կատարելու ոդիսականի պիտի չդիմէր Սէնտըրզ, եւ իր հլու կամակատար նահանգը, որ կրնար արտառոց անակնկալ մը ստեղծել, քուէարկեց ի նպաստ Հիլըրիին:

Հիլըրիի կողքին, պարտուած էր Քլինթըն ընտանիքը, կամ աւելի ճիշտը, ընտանեկան բնոյթ ստացող ղեկավարութիւնը, բան մը որ կը կարծուէր թէ կրնար ըլլալ Դեմոկրատական թեկնածուի յաղթանակի բանալին:

Անցնինք յաղթական կողմ, ուր նախագահական թեկնածուէն աւելի, ներկայ ընկերային եւ յատկապէս տնտեսական կացութիւնն էր, որ կրցած էր համոզել քուէարկողը. ուղղուելու դէպի այլընտրանք, եւ այս մէկը յատկապէս նշելի է սնանկութեան սեմին հասած եւ այս գծով ամենէն աւելի ազդուած նահանգներու՝ Ուիսքանսընի, Միշիկընի եւ Օհայոյի մէջ:

Այս գծով, յաղթական դուրս եկաւ երկրէն ներս տիրող ամբոխավարական տրամաբանութիւնը, որ գէթ ցայսօր անտրամաբանական կը նկատուի կարգ մը դէտերու կողմէ:

Հուսկ, ամենէն աւելի վտանգաւորը՝ պարտուած է միասնականական հասկացողութիւնը: Երկիրը կ՛ուղղուի դէպի յետ ընտրական բեւեռացում, որուն ցայտուն օրինակն ու ապացոյցը՝ ցոյցերն են, որոնք շարունակ կը կատարուին բազմաթիւ քաղաքներէ ներս: Այս գծով, աշխատանք ունին կատարելիք պարտեալներն ու յաղթականները…անշուշտ պարտեալ Հիլըրին եւ յատկապէս յաղթական Թրամփը:

hairenikweekly.com

15/11/2016

Տպել Տպել