Երազային, Բայց Միշտ Իրակա՛ն Հալէպը

Երեւանէն ճամբայ ելած «Արմաւիաի» օդանաւը արդէն սկսաւ թռիչքի բարձրութենէն կամաց-կամաց ցածնալ: Շարժակներու ձայնն ալ սկսաւ մեղմանալ: Սկսած ենք մօտենալ Հալէպին:

Ինծի համար ծանօթ-անծանօթ վայր մը, մեծ-մեծ հարցականներով: Ընկերս, Րաֆ‎ֆին, որ քովս նստած է, տեղեակ չէ, թէ օդանաւին Երեւանէն թռիչք առնելէն ի վեր կեդրոնացումս այդ մեծ հարցականներուն վրայ է:

Ի՞նչ պիտի տեսնեմ արդեօք, աւելի ճիշդ՝ ինչպէ՞ս պիտի տեսնեմ այն քաղաքը, ուր մանկութեանս քանի մը տարիները հարուստ յիշողութիւններ ունին:

Անցագիրս ձեռքս, կը մօտենամ օտար անցագիրներ ցուցանակով խցիկին մէջ նստած պաշտօնեային: Քիչ մը երկար-բարակ թղթաբանութիւններէ ետք, արդէն ճամպրուկս առած դուրսն եմ: Ընկեր Վաչէն դո՞ւք էք՚, կը հարցնեն երկու երիտասարդ տղաք, Արան ու Պօղոսը, որոնք եկած են զիս դիմաւորելու եւ պանդոկ մը տանելու:

Ճամբան բացատրութիւններ կու տան, հարցումներուս կը պատասխանեն: Մոռցած եմ շատ մը տեղանուններ. կարգ մը վայրեր ալ զարմանալիօրէն կը յիշեմ: Հոս նախապէս «Գափրին» էր, կըսեն: Իսկ անոր դիմացը հայ Ժէզուիթներու «Վարդանանց» դպրոցը կար, կըսեմ. հա, դեռ կայ:

երեկոյեան այդ ժամերուն, ինքնաշարժներու անօրինակ խճողումը, շինարարութիւնը, փոշին, խաչմերուկներուն ստեղծուած հանգոյցները միայն Արեւելքի մէջ կրնան հասկնալի ըլլալ: Քաղաք մը, ուր բնակչութեան չափ ալ ինքնաշարժ կայ կարծէք:

Ժամը 9ին քեզ պիտի տանինք մեր կեդրոնը, ակումբը, «Արամ Մանուկեան»: Այս էր իրենց որոշումը: Այդ ժամերուն, մեր քաղաքը արդէն կծկուած կÿըլլայ ինքն իր վրայ, շատ մարդ չի մնար մէջտեղերը: Իսկ Հալէպի մէ՞ջ: Անհաւատալի էր մարդկային ու ինքնաշարժներու երթեւեկը Սուլէյմանիէ պողոտային վրայ, ուրկէ իմ փափաքովս սկսանք քալելով մեր կեդրոնը երթալ: Խանութները սովորական առեւտուրի ընթացքի մէջ են այդ ժամուն: Աչքերս անյագօրէն չորս կողմս կը պտըտցնեմ, տեսնելու, թէ արդեօք «ՙՖոթօ Զօհրապ՚ը տակաւին հո՞ն է, ուր մանկապարտէզի մեր աւարտական դասարանի խմբանկարը նկարուած ենք, առջեւի շարքը ուսուցիչները նստած, կեդրոնը՝ պարոն Սարգիս Գոչեանը, տնօրէնը, կողքին՝ օրիորդ Էօժենին, օրիորդ Մարին: Իսկ անոնց առջեւը, մանտրտիկ տղեկ մը՝ ձեր համեստ ծառան, վկայականներու կոյտին ետին:

Չէ, այդ խանութը չկայ, Սինեմա Սուրիա՚ն ալ չկայ, բայց դեղարան Նափոլէոն՚ը հոն է՝ տարբեր անունով մը:

Կեանքը կեռայ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն ներս: Հոն են պատասխանատու մարմիններու անդամներ, որոնց հետ մեր զրոյցը կերկարի երեկոյեան այդ ուշ ժամերուն: Անուններով ծանօթ եմ մէկ մասին, այդքան: Սակայն ուրիշ տեսակի ջերմութիւն մը կայ այդ սենեակին մէջ. ջերմութիւն մը, որ միայն գաղափարի ընկերներու միջեւ կարելի է գտնել, մանաւանդ Հալէպի մէջ: Այդ ջերմութիւնն է, որ մտերմութիւն մը կը ստեղծէ մեր միջեւ, այնքան մը, որ կարծէք տարիներու մտերիմներ ենք իրարու հետ:

Ուշ ժամերու վար կիջնենք: Կեդրոնը կը շարունակէ վխտալ ամէն տարիքի, մայց մանաւանդ երիտասարդութեամբ: «Վար ըսուածն» ալ շէնք-շնորհք ճաշարան է, ուր Երկուշաբթի օրով բազմաթիւ սեղաններ կան արդէն: Մարուանը մեզի կը սպասարկէ հալէպեան-միջին արեւելեան աղանդերներ ու ճաշի սեղանին շուրջ կը շարունակուի խօսակցութիւնը: Նի՞ւթը. հայութեան քաղաքական օրակարգէն զատ ուրիշ նիւթ կա՞յ: Հայաստան-Թուրքիա, Սուրիա-Թուրքիա՝ վերջին զարգացումներու լոյսին տակ, ամերիկեան Քոնկրէսէն ներս Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի հարց, Ամերիկայի մէջ մեր քաղաքական աշխատանքները, եւայլն եւայլն:

Խօսակից ընկերներս բոլորն ալ քաղաքական իրադարձութիւններէ քաջատեղեակ են, իսկ իրենց վերլուծումները կը բխին հայկական ազգային արժէքային համակարգը պահած-պահպանած, ատով սնած, գաղափարական շունչով աւանդութիւններուն ջերմօրէն փարած առողջ մտածողութենէ մը, որ հաւանաբար իւրայատուկ է միայն հալէպահայութեան:

Առտուան կանուխ ժամերուն արդէն սպառած եմ: Առտուն Արան ու Պօղոսը դարձեալ պիտի գան ու զիս տանին:

***

Այս անգամ լոյս աչքով է որ անյագօրէն կը դիտեմ քաղաքը: Լարախաղացի նման կանցնիքն հանգոյցի վերածուած խաչմերուկներէ ու կը մտնենք նեղլիկ թաղեր, ուրկէ ինքնաշարժ մը հազիւ կրնայ անցնիլ ու կանգ կառնենք կամարակապ անցքի մը տակ: Ազգային Առաջնորդարանն է: Կողքին, Քառասնից Մանկանց դարաւոր եկեղեցին, նոյն բակին մէջ մարոնիներու եկեղեցին, թանգարանի վերածուածայնթապցիներու եկեղեցին Զարեհեան թանգարանը, ու անոր կողքին՝ այն աստիճանները, որուն վրայ մեր գերդաստանը խմբանկար մը ունի՝ հօրեղբօրս պսակին առթիւ, շուրջ յիսուն տարիներ առաջ: Աչքիս առջեւ կը բերեմ այդ լուսանկարը, եւ ակամայ ներկայ-բացակայի հաշիւ մը կընեմ՝ վարժ ժողովականի նման: Փեսան վերջին անդարձ մեկնողն է: Շատեր եւս անդարձ մեկնած են, իսկ այդ օր հարսին ու փեսային ետին մոմ բռնածները՝ արդէն չափահասներ են, իրենց կարգին զաւակներու տէր:

Հոս եւս ընկերներ ունիմ, որոնց հետ սակայն, հազիւ 10-15 վայրկեան առիթ կունենամ զրուցելու, որովհետեւ այդ նոյն գիշերն իսկ ճամբայ պիտի ելլեմ դէպի Պէյրութ:

Վրաս-գլուխս քիչ մը շատ թուրիստական տեսնելով, Հայերէն գիտէ՞ք, կը հարցնէ Զարեհեան թանգարանի պատասխանատու օրիորդը, ինծի, որպէսզի ըստ այնմ բացատրութիւններ տայ: Այո գիտեմ, կը պատասխանեմ ժպիտով, «Ասպարէզի» նախկին խմբագիրն եմ: Մասնագէտի հմտութեամբ կու տայ բացատրութիւններ: Քիչ ետք, նոյնը կը շարունակէ անգլերէնով՝ խումբ-խումբ ժամանած օտար զբօսաշրջիկներուն:

Պատկառելի հարստութիւն կայ Զարեհեան թանգարանին մէջ, ուր ամէնէն աչքառուն՝ այդ հարստութեան տիրութիւն ընելու կամքը եւ գիտակցութիւնը չի կրնար վրիպիլ որեւէ աչքէ: Եկեղեցական սպասներ, Արեւմտահայաստանի զանազան վայրերէն ու մանաւանդ Կիլիկիայէն բերուած-փրկուած կրօնական թեմայով արուեստի գործեր, Սուլթան Ապտիւլ Մեճիտի ու անոր յաջորդ Ապտիւլ Ազիզի ‎‎ֆերմանները, ու այս բոլորը խնամքով դասաւորուած՝ համապատասխան բացատրութիւններով, ապակիներու ետեւէն կը հետեւին մեր շարժումներուն: Բոլորն ալ ՙապրող՚ իրեր են, թանգարանին մէջ են սակայն թանգարանային ապրանք չեն: Սիսէն Հալէպ հասած Սահակ Կաթողիկոսին գահը հոս է, հաստատուածչէ կարծէք, գիտէ, թէ իր տեղը հոս չէ հոն է,հոսը առժամեայ է: Նոյնիսկ այդ աթոռը վերադարձի սպասողական վիճակին մէջ կը գտնուի, հակառակ անոր, որ հոս եւս կը գտնուի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հարազատ կամարներուն տակ: Բայց ոչ, Զարեհեան թանգարանը ինչքան ալ հարազատ, այդ սկիհները, պատարագի սպասներն ու բոլոր իրերը տխուր սպասումի մը, վերադարձի սպասումի հոգեվիճակին մէջ են: Բոլորը միացած, լուռ կերպով իրարու բերնէ խօսք խլելով, կը պատմեն Կիլիկիոյ հայութեան դարաւոր պատմութեան մասին, անոր ստեղծած մշակոյթի հարստութեան մասին, իրենց անդոհանքին մէջ երբեմն կարծէք պատմական դէպքերու ժամանակագրութիւնը իրարու խառնելով, ապակիներուն ետեւէն, սեղաններու ետեւէն, պատերուն վրայէն, բոլորը մէկ բերան ու մէկ ձայնով,տամ բռնող տուտուկահարի նման ՙցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա… զիմ Կիլիկիա…զիմ Կիլիկիակը ճչան, կը գոռան, եւ բնօրրանէն տեղահանուած-տարագրուածի բողոքի, ցասումի ու զայրոյթի ալիքներով կը ցնցեն քեզ: Եկեղեցի-թանգարանին կամարները կարձագանգեն զիմ Կիլիկիա՜, զիմ Կիլիկիա՜…

Քայլերս զիս կառաջնորդեն Քառասնից Մանկանց եկեղեցին: Ներս կը մտնեմ ստուգելու, թէ սատանի ‎ֆռ‎ֆռիկները կաշխատի՞ն, հո՞ն են: 1960ականներու սկիզբները, երբ եկեղեցին կը նորոգուէր եւ ելեքտրական ցանցն ու սարքաւորումը հայրս կը տեղադրէր, թաղականութիւնը որոշած էր հովահարներ զետեղել եկեղեցւոյ բարձր առաստաղին: Սակայն Սասունի զաւակ, ծերունի Տէր Մկրտիչը ընդդիմացած էր, ՙատոնք սատանի ֆռֆռիկներ են՚ ըսելով: Ի վերջոյ օրուան թաղականութեան ատենապետ պարոն Նիկողոսը յաջողած էր համոզել Տէր Մկրտիչը, անոր ընդդիմութեան գլխացաւանքէն ազատելով նաեւ հայրս…:

Այո, այդ հսկայ սրբապատկերը եւս հոն էր, նոյն պատին, սարսափազդու նկարագրականը տալով դժոխքին ու անոր պետ սատանային: Մանկութեանս, սարսափով նայած եմ այդ պատկերին, սակայն շուտով ինքզինքս համոզած, որ պատարագէն ետք այստեղէն ելլելով պիտի երթանք Նարդուհի մեծ մօրս տունը, ուր Զատկուան կամ Ս. Ծնունդի համադամները պիտի վայելէինք ընդանեօք, սատանայ-մատանայ մոռնալով: Սակայն թարսի պէս, պատարագը չէր վերջանար ու չէր վերջանար: Պատարագիչ Ղեւոնդ Սրբազանը, կարծէք դիտմամբ, կերկնցնէր հա կերկնցնէր…:

***

Նոր Գիւղ ենք արդէն: Հանրային պարտէզը կա՞յ տակաւին, իսկ անոր հանդիպակաց մզկի՞թը: Հոն են, բայց փոխանակ միայարկ տուներու, բարձր շէնքերով շրջապատուած են:

Ինքնաշարժը կանգ կառնէ այն շէնքին դիմաց, որ ինծի համար քանի մը տարի եղած է երկրորդ տուն: Ազգային Սահակեան վարժարան: Մտնե՞մ, թէ չմտնեմ: Հապա՞ եթէ ինծի անճանաչելի վայր մը դարձած ըլլայ: Յետադարձ ընթացող ժապաւէնի պաստառին վրայ կերեւին դէմքեր, պարոն Գեղամ Քէսէրեանը` սպիտակ մազերով, տնօրէններ Եդուարդ Էլոյեանը եւ Քրիստափոր Իֆ‎ատեանը, օրիորդ Լուսին Բարսեղեանը, օրիորդ Ալիս Գաթրճեանը, օրիորդ Սիրանոյշը, օրիորդ Անահիտ Զաքոյեանը (որուն տան ապակիները քարկոծելով փշրած եմ՝ մանկական վրիժառութենէ մղուած. նախօրեակին չարութեանս պատճառով զիս պատժած էր…), պարոն Հրայր Մանուկեանը եւ ուրիշներ, բոլորը խօսքերնին մէկ ըրած, զիս ներս կը հրաւիրեն: Ալ կարելի չէ մերժել:

Առանց աջ ու ձախ նայելու, առանց յարգելու նախ տնօրէնին ներկայանալու կանոնը, կÿուղղուիմ բակը: Աշակերտներ կը խաղան, ճիշդ մեր օրերուն նման: Այդ մեծ բակին իւրաքանչիւր անկիւնը յիշատակ մը կայ, թէ ուր Հուրի Անտոնեանին մազերը կը քաշէի, ուր օր մը Միսաքը լաւ մը տփեցի, ուր որու գլուխը ծակեցի` իրարանցում ստեղծելով աշակերտութեան եւ ուսուցիչներուն մօտ: Հա, այս պատուհանին տակն ալ կը խռնուէինք զբօսանքներուն, պարոն Պօղոսէն կարկանդակ գնելու համար: Իսկ դիմացը, ածուին մօտ կը նստէինք` վերջին պահու պարտականութիւնները աւարտելու համար: Այս միջանցքէն ալ երբեմն կերեւէր տնօրէն Եդուարդ Էլոյեանը, իր մութ գոյն ակնոցներով եւ յանկարծ, հարիւրաւոր վազվզող-ճչացող աշակերտներով խռնուած բակին մէջ քար լռութիւն մը կը տիրէր: ՙՇը՜շ, պարոն տնօրէնը…՚: Վախը չէր անշուշտ, յարգանքն ու ակնածանքն էր: Պարոն տնօրէնը մեզի հետ հօր նման կը վարուէր:

Մօտէս կÿանցնին երկու մայրիկներ, կապոյտ գոգնոցներով, ՙայս մարդը ինչո՞ւ կու լայ՚, կը լսեմ. կÿանդրադառնամ, որ շեշտուած կերպով զգացական‎ պահու մէջ եմ: Ինծի կը մօտենայ տիկին Զեփիւռը, ինքզինքս կը հաւաքեմ: ՙԿրնա՞մ այդ դասարանը տեսնել՚: Սիրով: ՙԱյդ՚ դասարանը եղած է իմ երրորդ կարգի դասարանս, լուսանկար ալ ունիմ այնտեղէն, դաս կը սերտենք օրիորդ Լուսին Բարսեղեանի հսկողութեան տակ: Վերի դասարանը, պարոն Գրիգոր Կէօզիւգարայեանը մեզի Արմէն Գարոյի յուշերը կը կարդար, օրիորդ Ալիս Գաթրճեանը մեր սիրտերը Մուշեղ սպարապետի հերոսական արարքներով կÿուռեցնէր, իսկ պարոն Հրայր Մանուկեանը քարէտախտակին վրայ հոլովումները կը սորվեցնէրª հրաշալի մեթոտաբանութեամբ մը: Արդեօք ո՞ր համալսարանէն ստացած էին մանկավարժական մեթոտաբանութեան, մանաւանդ հայեցի՛ կրթութեան իրենց վկայականները. ոչ մէկ: Անոնք չտեսնուող, ձեռքի մէջ չբռնուող վկայական մը ունէին, որ այսօր դժուար է գտնել աշխարհի ամենաորակաւոր համալսարաններուն մէջն իսկ: Եւ այս բոլորը, փոշոտ, չորուցամաք, ՙյետամնաց՚ նկատուած Հալէպի Նոր Գիւղ համեստ թաղամասի ազգային վարժարանէն ներս, մօտ կէս դար առաջ: Իէ՞ս չհպարտանալ հալէպահայութեամբ ու անոր ստեղծած ազգային կառոյցներով:

Տնօրէնութեան սենեակին մէջ, արխիւները կը բացուին ու դասընկերներուս անունները կը կարդացուին: Մէկ կարեւոր մասը յիշեցի: Քանի մը հոգին արդէն չէի մոռցած` Զարեհ Էքիզեանը, Հուրիկ Անտոնեանը (այժմ Սան Ֆրանսիսքօ), Գէորգ Թորամանեանը (Մոնթրէալ) եւ Ճորճիկ Շահինեանը, Միսաքը:

Տասնամեակներու թաւալքը դպրոցի էութենէն բան չէ փոխած: Վստահաբար այն պատճառով, որ պատասխանատու մարմիններու, ինչպէս նաեւ տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներու հոգածութենէն բան չէ փոխուած:

Ի՜նչ լաւ է Սահակեան վարժարանը:

Ճեմարան ալ չմտնե՞նք, կըսեն տղաքը: Անշուշտ, քանի հոս ենք: Յիշատակներ չունիմ հոս: Քոյրերս` վստահաբար: Բակին մէջ չորս կողմս կը նայիմ, կը փնտռեմ անուններ, որոնք քոյրերէս լսած եմ` Քարէն Եփփէ Ճեմարանի ուսուցիչներէն, ըսթէզ Նապուլսի, պարոն Մկրտիչեան, միսիս Քըրթիս, ըսթէզ Կարպիս: Ինծի ծանօթ (գէթ անունով) միայն մէկ հոգի կայ, Յակոբ Չոլաքեան: Պոսթընի ու Լոս Անճելըսի ընկերներէս շատերուն երկարամեայ ուսուցիչը, միաժամանակ բանասէր, դասագիրքերու եւ բանասիրական երկերու հեղինակ: Չէ, անպայման գէթ պէտք է բարեւ մը ըսել ու ձեռքը սեղմելով անձնապէս ծանօթանալու պատիւը ունենալ: Յարկ առ յարկ փնտռելէ ետք, զինք կը գտնենք 12րդ դասարանը, երրորդ յարկը: Դուրս կելլէ դասարանէն, տեսնելու, թէ ո՞վ է զինք տեսնել ուզող անծանօթը: Ինքզինքս կը ներկայացնեմ ըսելով, թէ 24 ժամուան համար Հալէպ կայցելեմ եւ կուզեմ գէթ բարեւ մը ըսել իրեն ու ձեռքը սեղմել: Վաչէ Բրուտեան անունով մէկն ալ կայ, որուն յօդուածները կը կարդամ, արդեօք ձեզի ազգակա՞ն է՚, կը հարցնէ. Հիմա անոր ձեռքն է, որ կը սեղմէք. կըլլայ պատասխանս: Ակնթարթի մէջ տասնամեակներով մտերմութիւն մը կը ստեղծուի մեր միջեւ ու զիս դասարան կը հրաւիրէ: Աշակերտները ոտքի կելլեն, քիչ մը ապշած, թէ ո՞վ է ճինզով-շապիկով, թափթփած զբօսաշրջիկի արտաքինով այս մարդը. սեղաններուն վրայ նոթեր կը տեսնեմ՝ Շահան Շահնուր խորագիրով: Ուրեմն, Ճեմարանի աւարտական դասարանն են եւ գրականութեան պահն է, նիւթը՝ Շահնուր, Փիեռ, Նենէթ ու Կոստան: Զիս կը ներկայացնէ: Երկու բառ ալ ես կը ստիպուիմ խօսելու, ընդգծելով, թէ ինչքան բախտաւոր են Հալէպի նման սեղմ ու համախումբ գաղութի մէջ ապրելնուն համար, ինչքան բախտաւոր են, որ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտ են, մենք Ամերիկայի մէջ այս առաւելութիւններէն զրկուած ենք: Բախտաւոր են նաեւ անոր համար, որ պարոն Չոլաքեանին նման ուսուցիչ ունին: Ակնթարթի մէջ եւ անսպասելիօրէն խանդավառութիւն մը ստեղծուած է դասարանին մէջ, ծափահարութիւն, գոհունակ ժպիտներ, ուրախ, դրական եւ ուժական մթնոլորտ մը դասարանին մէջ այն սերունդին, որ շուտով ոչ միայն Հալէպի այլ անկէ դուրս ալ մեր ժողովուրդին ղեկը ձեռք պիտի առնէ: Ինչպէ՞ս չուրախանալ Ճեմարանով եւ մանաւանդ Շահնուր սերտող 12րդ դասարանով:

***

Դեռ քսանչորս ժամ չէ եղած Հալէպ հասնելուս: Կէսօրին, հարազատներուս հետ ճաշելէ ետք, պէտք է երթամ ազգային գերեզմանատուն, հոն իրենց յաւիտեան հանգիստը գտած հարազատերուս այցելութեան:

Տխուր են բոլոր գերեզմանատուները: Բայց անպայման որ գօտեպնդող բան մը, անտեսանելի ուժ մը կայ հայկական գերեզմանատուներուն մէջ: Պէյրութի մէջ, Դաշնակցութեան Պանթէոնը կայ, Լիզպոնի տղաքը կան, հայ մտքի հսկաներ Լեւոն Շանթն ու Աղբալեանը Ֆըրն Շըպպէքի գերեզմանատունն են:

Հալէպի մէջ են նման մեծեր եւս: Պահակը հօրեղբորս տղուն հետ զիս կÿառանորդէ արեւմտեան կողմը: Հոն իր վերջին հանգիստը գտած է դանիացի այդ սքանչելի մարդասէր օրիորդը, որ բառացիօրէն իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր հայութեան, Ուր‎ֆայէն Հալէպ. Միս Եփփէ, որուն անունով ալ կը կոչուի Ճեմարանը: Կողքին, կոթողի մը տակ կը հանգչի Յակոբ Օշականը, իսկ անոնց մօտ, ուրիշ վաստակաւոր մը: Ռուբէն կը վկայէ, թէ շատ սերունդներ տեսած է, սակայնայդ սերունդին համն ու հոտը տարբեր եղած է, ճիշդ Արտամետի խնձորին նման, նոյնիսկ եթէ մէջը որդ ինկած ըլլայ: Այդգաղափարապաշտ սերունդի ներկայացուցիչն է, որ կը հանգչի հոս: Սահակը:

Վերջին մոմը իրեն համար կը վառի հոս եւ առանձնութեան մէջ,Վէրքերով Լիով, հրաժեշտ կու տամ իրեն:

Մութը կոխած է արդէն: Հազիւ երկու ժամ ունիմ. ապա քեռիիս աղջկան Նելլին տունը պէտք է ընթրեմ ու անկէ՝ Պէյրութ մեկնող հանրակառքը առնեմ:

Վերջին հանգրուան մը եւս կայ: Ինծի համար առանց ատոր՝ Հալէպ այցելութիւնս լրջօրէն պակասաւոր կÿըլլայ: ՙԳանձասար՚ի խմբագրատունը: Դաշնակցական հրապարակագիր մը կրնա՞յ այդ վերջին հանգրուանին վրայէն ցատկել:

Հօրեղբօրս տղան է դարձեալ զիս առաջնորդողը: Քաղաքին կեդրոնը, բարձր շէնքի մը վերջին յարկերուն վրայ: Ներս կը մտնենք, մեր բոլոր խմբագրատուներուն նման, հոս եւս թուղթի, սուրճի ու սիկարէթի հոտ, փայլուն պաստառներով համակարգիչներ ու անոնց ետին խմբագրական կազմի անդամներ:

Բարեւելէ ետք բոլորին, կուղղուիմ դիմացի սեղանը: Հոն նստած է չափահաս տիկին մը. սրբագրիչն է: Գիտեմ ով է: Ձեռքը կը բռնեմ ու կը հարցնեմ. Ճանչցա՞ր զիս, քանի մը տասնամեակ ետ գնա, Սահակեան վարժարան…՚: Կը ժպտի, սակայն կը վարանի: Գտած եմ մանկութելանս օրերու հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչս, օրիորդ Ալիս Գաթրճեանը: Կարելի՞ է չհամբուրել այն ձեռքը, որ պատին վրայ կամ մեր տետրակներուն մէջ հատիկ-հատիկ կը գրէր: Կը յիշեմ, թէ ինչպիսի խանդավառութեամբ կը բացատրէր ու կը պատմէր, կը սաստէր ու միաժամանակ կը գուրգուրար: Հիմա եւս պատնէշի վրայ է հայ մշակոյթի ու կրթութեան պատերազմի խրամատներուն մէջ պայքարը շարունակող այս հայուհին, ու իրեն նման հարիւրաւոր ուրիշներ:

Քսանչորս ժամ միայն ու ստիպուած եմ հրաժեշտ տալու Հալէպին ու հալէպահայութեան: Այն սքանչելի գաղութին, որ ազգային վարժարաններու ցանց կառուցած է ու կը պահէ, որ Քառասուն Մանկանց եկեղեցի ու «Զարեհեան» թանգարան ստեղծած է ու կը պահէ, հայու սրտի տրոփիւնով ապրող այն պատասխանատու մարմիններուն, որոնք Ճեմարան հիմնած են ու կը պահեն, հայութեան ազգային արժէքներու եւ աւանդութիւններու ջերմութիւնը պահած-պահպանած գաղութին, որ «երազային» նկատուած Հալէպը վերածած է իրականութեան, իսկ իրականութիւնը, հաւատաք կամ ոչ՝ երազայինի:

Ցտեսութիւն Հալէպ:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Տպել Տպել