Որո՞ւ հոգը եթէ նոյեմբերի 29-ն է

fotorcreatedԱյսօր Նոյեմբեր 29-ն է։ Ըստ պոլշեւիկներու անկախ Հայաստանի պոլշեւիկացման թուականն է։ Իրենց նենգ էութեան հարազատ, պոլշեւիկները այս թուականն ալ նենգափոխեցին։ Քանի որ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացման պատմականօրէն ճիշդ թուականը Դեկտեմբեր 2-ն է, երբ պոլշեւիկներու Յեղկոմը (յեղափոխական կոմիտէն) անկախ Հայաստանի պետութեան ղեկը ստանձնեց 1920 թուականին։

1920ի Մայիս ամիսէն սկսեալ պոլշեւիկները, յենելով Կարմիր Բանակի սուիններուն եւ «եղբայրական» Ադրբեջանի զօրակցութեան, սպառնալիքի տակ պահեցին մեր անկախ պետութիւնը։ Բարոյալքեցին մեր ազգային բանակի միաւորները։ Քաղաքամայր Երեւանի մէջ խռովութիւններու դիմեցին։ Մեր անկախ պետութեան դէմ անոնք կիրարկեցին բոլոր տեսակի «ագիտացիաներ», որոնք մի քանի տարի առաջ գործադրած էին Ցարական իշխանութեան դէմ։

Պոլշեւիկներու ներքին խռովութիւններուն զուգահեռ կ՛ընթանային Թրքական բանակի գրոհները՝ Քեազիմ Քարաբեքիրի առաջնորդութեամբ։ Ինչպէս այդ օրուան մեր անկախ պետութեան վերջին վարչապետը Սիմոն Վրացեան պիտի բնութագրէր կացութիւնը, Հայաստանը մնացած էր Թրքական մուրճին եւ պոլշեւիկեան սալին միջեւ։

Մեր ժողովուրդի գոյապահպանումը ապահովելու համար մեր անկախ պետութեան պատասխանատուները որոշեցին ղեկը յանձնել պոլշեւիկներուն։ Եւ Դեկտեմբեր 2-էն յետոյ պոլշեւիկները եկան Հայաստան։ Եւ ինչպէ՜ս եկան։ Եկան թալանելու ժողովուրդը ու թալանեցին։ Եկան հալածելու քաղաքական ղեկավարութիւնը եւ մեր բանակի սպայակոյտը։ Ու հալածեցին։

Սեդօ Պոյաճեան

Սեդօ Պոյաճեան

Աւելին, անոնք եկան իրենց օտար գաղափարախօսութեամբ եւ օտար բառամթերքով։ Անոնք եկան իրենց կոմկուսով։ Եկան իրենց առաջին քարտուղարներով, որոնք հայ ծագում ունէին սակայն առանց ուժային հեղինակութեան։ Նաեւ եկան իրենց երկրորդ քարտուղարներով, որոնք ընդհանրապէս հայ ծագում չունէին, սակայն պարտիայի ուժն ու հեղինակութիւնը իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացած էր։

Անոնք խորթացուցին մեր ազգային արժէքները։ Անոնք եկան իրենց մուրճով եւ մանգաղով։ Հայ գիւղացին եւ մտաւորականը ի՞նչ յարակցութիւն ունէին մուրճին եւ մանգաղին հետ։ Մեր ժողովուրդը կը ճանչնար միայն ազգայինը։ Մեր ժողովուրդը հաղորդ էր միայն բահին, գրիչին եւ սուրին, ու անոնց կողքին արօրին եւ մաճին, մտքին եւ գիրին, տասնոցին եւ մաուզէրին։

Օտար եւ խորդ էին մեր ժողովուրդին համար մուրճն ու մանգաղը։ Հարազատ ու պաշտելի էին մեր ժողովուրդին համար բահը, գրիչն ու սուրը։

Տասնամեակներ ետք օտարն ու օտարածինը սկսան հեռանալ։ Սկսանք վերադառնալ մեր ազգային արմատներուն։ Մէկդի շպրտեցինք մուրճն ու մանգաղը։ Վերատիրացանք մեր ազգային ու անկախ պետականութեան։

Ալ ո՞ր մէկ Հայու հոգն է թէ Նոյեմբեր 29-նէ կամ ոչ։ Մեր պետութիւնը անկախ է։ Ժամանակն է արժեւորելու հայ գիւղացիին բահը, բեղմնաւորելու հայ մտաւորականին գրիչը, եւ մանաւանդ հզօրացնելու մեր բանակին սուրը։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Տպել Տպել