Նախագահ Աուն Ընդունեց ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Րաֆֆի Աշքարեան:

pr-aoun-tachnag-party_120516

Երեսուն վայրկեան տեւած հանդիպումին առանցքը կազմեցին նախագահական նոր նստաշրջանի ընթացքին առնուելիք անհրաժեշտ քայլերը` երկրի միասնականութեան եւ զարգացման առնչութեամբ:

Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը եւ այդ իմաստով երեւցող ու թաքուն դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնքով մը երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու հրամայականը:

Պատուիրակութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց կառավարութեան արագ կազմութեան անհրաժեշտութիւնն ու հայ համայնքի քանակական եւ որակական մասնակցութեան պահանջը:

Քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի Պէյրութ այցելութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել