«Ազդակ»ի Խմբագրական. 9 Դեկտեմբերի Հնչեղութիւնը Պահելու Անհրաժեշտութիւնը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ամէնէն ուշագրաւ եւ քաղաքական նշանակութիւն ունեցող նախաձեռնութիւններէն մէկը ՄԱԿ-ի կողմէ Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի օրուան որդեգրումն է:

Պաշտօնական Երեւանի եւ համահեղինակ 83 այլ պետութիւններու կողմէ ներկայացուած բանաձեւը դեկտեմբեր 9-ը կը հռչակէ իբրեւ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր»:

Օրուան ընտրութիւնը պատահական չէ անշուշտ: Դեկտեմբեր 9-ը, 1948-ին, Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրի ընդունման օրն է:

Օրուան ընտրութեան բովանդակային որեւէ յղում պիտի նկատէ, որ Ռաֆայէլ Լեմքինը, Ցեղասպանութիւն բառեզրի կերտիչը, նոր եզրոյթին բացատրութիւն եւ իրաւական հիմնաւորում տալու պահուն բնութագրային օրինակ տուած է հայերու դէմ Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ջարդերը:

fotorcreated

Տրամաբանական հետեւութիւնը օրուան ընտրութեան կը յուշէ, որ բանաձեւը հիմնականին մէջ նախ եւ առաջ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան: Մարտավարական մօտեցումը, որ Երեւանը կատարած է այս առումով` առանց նշելու զուտ Հայոց ցեղասպանութիւնը, նկատի ունենալով բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերուն յիշատակը եւ մանաւանդ շեշտելով անոնց կանխարգիլումը միջազգային ընտանիքին կողմէ, արդիւնաւէտ ընթացք ունեցած է ըստ ամենայնի:

Բանաձեւի նախագիծը շատ արագ միացուցած է ՄԱԿ-ի մօտ տարբեր պետութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համահեղինակներու ձեւաչափով ներկայացուցած ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին: Նախ նախագիծի համընդհանրութիւնը, երկրորդ` միջազգային ընտանիքի ընկալելիութեան նկատառումը, եւ ապա դարձեալ միջազգային հանրութեան բառապաշարին համապատասխան հնչեղութեամբ կանխարգիլման անհրաժեշտութիւնը շեշտելը, որդեգրելի բանաձեւը դարձուցած են անառարկելի:

Այնքան, որ Անգարան յայտնուած է անճրկած վիճակի մէջ եւ դարձած համահեղինակ պետութիւն այս բանաձեւին:

Թիրախին հասնելու հայկական մարտավարութիւնը արդիւնաւորուած է: Անգարան թեւաթափուած վիճակի մէջ այլ ընելիք չունենալով միացած է բանաձեւին: Ընդհանուր ցեղասպանութիւններու մասին իրաւաքաղաքական եւ քարոզչական մօտեցումները իբրեւ հարցի արծարծման ընդհանուր մարտավարութիւն կ՛երեւան նաեւ այլ նախաձեռնութիւններու մէջ: Ցեղասպանագէտներու միջազգային համագումարի կազմակերպում Երեւանի մէջ: «100 կեանք» կարգախօսին տակ կազմակերպուած ծրագիրներ, տարբեր ցեղասպանութիւններու յատկացուած միացեալ գիտաժողովներ եւ որոշ երկիրներու խորհրդարաններու մէջ քուէարկուած հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան ճանաչումներ:

Ռաֆայէլ Լեմքինի Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ եզրոյթը բնութագրող կարեւորագոյն օրինակ մինչեւ անցեալ տարուան բանաձեւի ընդունումը ի պահանջել հարկին կ՛օգտագործուէր միայն հայկական շրջանակներու կողմէ: Հիմա 9 դեկտեմբերի բանաձեւով եւ ՄԱԿ-ի օրացոյցին մէջ յատուկ նշումով կը ստանայ միջազգային հնչեղութիւն, եթէ մանաւանդ այս մօտեցումով կարենանք միջազգային շրջանակներու մօտ համոզիչ դարձնել, որ ինչու Երեւանը նախաձեռնեց 9 դեկտեմբերը դարձնել բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի եւ հետագայ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը շեշտող օրուան միջազգայնացումին:

aztagdaily.com

Տպել Տպել