Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-ամեակը նշուեցաւ Մոնթրէալի մէջ

fotorcreatedԿիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2016–ին, երեկոյեան ժամը 7:00–ին Մոնթրէալի Ս. Յակոբ ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-ամեակի տօնակատարութիւնը:

Հ.Մ.Ը.Մ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ Հայաստանի ու Հ.Յ. Դաշնակցութեան քայլերգներու ունկնդրութիւն։
Օրուան հանդիսավար ընկ. Գաբօ Սոմունճեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս կանգնիլ՝ յարգելու յիշատակը Հ.Յ. Դաշնակցութեան բոլոր հանգուցեալ ընկերներուն եւ նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին յանուն հայ ժողովուրդին։

Հ.Յ.Դ. «Մ. Փափազեան», «Ս. Զէյթլեան» կոմիտէներու եւ «Ա. Գարօ» Ուսանողական միութեան կողմէ հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց ընկ. Գաբօ Սոմունճեան։ Ողջունելէ ետք ներկաները ընկերը ներկայացուց Հ.Յ. Դաշնակցութեան հակիրճ պատմականը եւ շեշտեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութիւնը դարձաւ հայոց պատմութիւն, եւ հայոց պատմութիւնը դարձաւ Դաշնակցութեան պատմութիւն։ Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս հայ ժողովուրդի մեծագոյն մասի գաղափարներու արտայատիչն է, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է իրապաշտ, իբրեւ կուսակցութիւն, իրական գաղափարներու եւ իրական պայմաններու ծնունդ։ Ընկ. Սոմունճեան իր խօսքը եզրափակեց, հաստատելով որ այնքան ատեն որ կ’ապրի հայ ժողովուրդը, պիտի ապրի դաշնակցութիւնը, եւ կոչ ուղղեց բոլորին՝ միասնաբար ապրելու Դաշնակցութիւնը։

Բացման խօսքին յաջորդեց ասմունք, Ժագ Յակոբեանի «Յաղթերգութիւնը», կատարողութեամբ Սոնա Թիթիզեանի։ Ապա տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Պատանեկան միութիւններէն Հ.Յ.Դ. Գանատայի Երիտասարդական միութեան շարքեր փոխանցման արարողութիւն։ 42 պատանիներ կատարեցին իրենց խոստումը՝ ծառայելու եւ նուիրուելու հայ ժողովուրդին, Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ.-ի շարքերուն անդամակցելով։
Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ.-ի «Լ. Շանթ» եւ «Բ. Աշոտ» մասնաճիւղերու անունով խօսք առաւ ընկ. Ժան-Յակոբ Չուխաճեան, որ ողջունեց Գ.Ե.Մ.-ի շարքերը փոխանցուող ընկերները, շեշտելով որ այս քայլը վճռական դարձակէտ մը պիտի ըլլայ իրենց կեանքին մէջ, ուր պիտի անցընեն իրենց դաշնակցական կեանքի յաջորդ հանգրուանը՝ շարունակելով իրենց աշխատանքները Հ.Յ. Դաշնակցութեան հովանիին տակ։ Ան կոչ ուղղեց նորագիր Գ.Ե.Մ.-ականներուն ըլլալու Հայ Դատի պաշտպան զինուորներ եւ անհրաժեշտ նկատեց իրենց բոլոր ուժերուն ի գործ դնելը Հայ Դատի սուրբ գործին։

Օրուան պատգամը փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի Ներկայացուցիչ ընկ. Ռաֆֆի Տօնապետեան։

Ընկ. Տօնապետեան ողջունելէ ետք ներկաները, նշեց, որ Հ.Յ.Դ.-ն ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենէն օրհասական եւ դժուարին օրերուն։ Հ.Յ.Դ.-ն կիսեց իր ժողովուրդի գողգոթան եւ առաջնորդեց իր ժողովուրդը մերժելու յուսահատութիւնը, մահը, եւ նայելու ճակատագրի աչքերուն մէջ եւ փոխելու զայն։

Ընկ. Տօնապետեան հաստատեց, որ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը ինչպէս անցեալին, այսօր եւ վաղը պիտի շարունակէ Հայաստանի ու հայութեան հանդէպ իր անսակարկ ծառայութիւնը։ Ան նաեւ շեշտեց, որ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը միշտ կարեւոր նկատած է հայութեան հզօրութեան բոլոր կռուանները, նամանաւանդ հայկական զինուած ուժերը եւ հայրենիքի պաշտպանութիւնը։ Այս ծիրէն ներս Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդէն իսկ կնքած են համաձայնագիր եւ Հ.Յ.Դ.-ն իր կամաւորներու ցանկը դրած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրութեան տակ, անգամ մը եւս վերահաստատելու համայն հայ ժողովուրդին ծառայելու իր տեսլականը։

Ընկ. Տօնապետեան նաեւ անդրադարձաւ Գանատայի մէջ Հ.Յ. Դաշնակցութեան գործունէութեան եւ յատկապէս Գանատայի տարածքին հայկական գաղութներու կազմաւորման մէջ ունեցած իր դերակատարութեան։ Ընկերը ներկայացուց միութեան կողքին գործող հայկական եկեղեցին, միութիւնները, Հայ Դատի աշխատանքները եւ կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ը։

Ընկ. Տօնապետեան նկատել տուաւ, որ թէեւ Գանատայի գաղութները այսօր կազմակերպուած են եւ տարած են ու կը շարունակեն տանիլ քաղաքական յաջողութիւններ Հայ Դատին առնչութեամբ, սակայն Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը կը դիմագարւէ յաւելեալ մարտահրաւէրներ։ Ան շեշտեց, որ Հայ Դատի բնագաւառին մէջ պէտք է շարունակել պայքարը, եւ ընդունելի չէ տեղքայլը։ Դաշնակցութիւնը իրաւունք չունի թերանալու, որովհետեւ այնտեղ ուր հայութեան վտանգ կը սպառնայ, հայ ժողովուրդը պէտք ունի, Դաշնակցութիւնը հոն ներկայ է եւ կը գործէ։

Ընկ. Տօնապետեան եզրափակելով իր խօսքը հրաւիրեց բոլորը խոնարհելու անցեալի բոլոր հերոսներուն յիշատակին, վաստակին եւ անոնց թափած արեան առջեւ։

Օրուան հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանը փոխանցելու իր սրտի խօսքը։ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը բնական արդիւնքն էր հայ ժողովուրդի անբնական կեանքի պայմաններուն։

Սրբազան Հայրը նկատեց, ու ծառայութիւնը աստուածային պարգեւ է մարդուն, ինչպէս՝ ազատութիւնը։ Սակայն կարեւորը այն է, թէ մարդ ինչպէ՞ս կ’ապրի այդ ազատութիւնը եւ կը պայքարի պահելու իր ազատութիւնը։ Նաեւ կարեւոր է, թէ մարդ ինչպէ՞ս կը դրսեւորէ եւ կ’արժեւորէ ծառայութիւնը իր անհատական, ընտանեկան, հաւաքական, ընկերային եւ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Հ.Յ. Դաշնակցութեան 126-ամեակը առիթ մըն է մտածելու այս կուսակցութեան 126 տարուան գործունէութեան, գաղափարախօսութեան եւ պայքարին մասին։ Սրբազան Հայրը դրուատեց Հ.Յ. Դաշնակցութեան գործունէութիւնը եւ շեշտեց, որ կուսակցութիւնը եղաւ հայ ժողովուրդի կողքին իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան բոլոր գաղութներու կազմաւորման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ։

Իր խօսքը աւարտելով Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան շնորհաւորեց Հ.Յ. Դաշնակցութեան ընտանիքը ընդհանրապէս եւ Գանատայի Հ.Յ.Դ.-ի ընտանիքը յատկապէս եւ մաղթեց շարունակել ժողովուրդի ծառայութեան իր յանձնառութեան նուիրական առաքելութիւնը՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման։

Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին, սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի ու Արցախի, միասնաբար ծառայելու եւ աշխատելու, գրիչով, բահով թէ սուրով պայքարելու, որպէսզի օր մը Արարատի վրայ ընդմիշտ ծածանի Եռագոյն Դրօշը։

Ձեռնարկի աւարտին ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան հիւր երգիչներ Սագօ Թաշճեան եւ Գօգօ Թիւթիւնճեան։

horizonweekly.ca

13/12/2016

Հայ Դատի Բնագաւառին Մէջ Պէտք Է Շարունակել Յառաջխաղացքը

Ստորեւ կը ներկայացնենք Մոնրէալի մէջ կայացած ՀՅԴ 126-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանին խօսքը:

Ուրախ եմ, որ այսօր մեզի հետ կը կիսէք մեր տօնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տարեդարձը, որովհետեւ ան նաեւ ձեր տօնն է, համայն հայ ժողովուրդին տօնն է. քանզի արդի եւ ժամանակակից հայոց պատմութիւնը կարեւոր չափով միահիւսուած է Դաշնակցութեան 126-ամեայ երթի ելեւէջներուն, թռիչքներուն, խարխափումներուն, նուաճումներուն, կորուստներուն, իրագործումներուն եւ յաղթանակներուն հետ:

ՀՅԴ-ն ծնաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենաօրհասական, դժուարին օրերուն, իր ժողովուրդին հետ կիսեց անոր գողգոթան, իր ժողովուրդին առջեւէն քալեց կենաց-մահու ամենադժուարին անդունդներէն, անոր սորվեցուց մերժել յուսահատութիւնը, մերժել մահը, նայիլ ճակատագրի աչքերուն մէջ եւ զայն փոխել: Հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութեան դասերն էին, որ Դաշնակցութիւնը բիւրեղացուց, անմահ Քրիստափորի գրչով զայն վերածեց «Յարատեւ կռիւ»-ի տեսութեան եւ վերադարձուց նոյն ժողովուրդին` զայն ամբոխէն բարձրացնելով ազգի մակարդակին: Եւ այսօր մեր անմահ ժողովուրդը իրաւա՛մբ կը հպարտանայ արցախեան մարտադաշտերուն վրայ իր գերակայութիւնը բազմիցս ապացուցած իր յաղթական բանակով եւ անոր հովանիին տակ ծաղկող իր զոյգ անկախ պետութիւններով, ուր մեր կուսակցութիւնը, ինքնիշխան, կը ձգտի հաստատել եւ զարգացնել ժողովրդավարական, իրաւական, եւ ընկերային արդարութեան բարձրագոյն չափանիշներով հասարակարգեր: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ծաւալած այս գործընթացը անշուշտ տակաւին ամբողջացած չէ: Գործընթաց մը, որ իր ոչ միայն ներկայի իրավիճակը պէտք է հասցնէ ընկերային, տնտեսական արդարութեամբ բնորոշուող նախանձելի բարձրութեան մը, այլ մեր պետականութեան այսօրուան կորիզը դարձնէ այն ադամանդին, այն կարծր կորիզին, որուն ճառագայթող շողերուն շուրջ պիտի համախմբուին ե՛ւ մեր հողերը` մեր պատմական հայրենիքը, ե՛ւ մեր ժողովուրդը. հողահաւաքի եւ հայահաւաքի բանաձեւը, Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովներէն բխած, իր այժմէականութիւնը չէ կորսնցուցած:

Պատմութեան անիւը կանգ չ՛առներ, ան կը շարունակուի իր վերիվայրումներով, յուսախաբութիւններով, եւ նորանոր յոյսերով: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը շարունակէ եւ վաղը պիտի շարունակէ Հայաստանի ու հայութեան հանդէպ իր անսակարկ ծառայութիւնը: Բանաստեղծին բառերով` «Մենք չհանգանք, դեռ կը գանք»:

* * *

ՀՅԴ 126-ամեակը կը զուգադիպի ժամանակաշրջանի մը, երբ քաղաքական շարժումներ կը գոյանան այս կամ այն բնագաւառէն ներս հռչակ ապահոված` celebrity-ի դարձած անձերու շուրջ, որոնք առանց գաղափարական լուրջ ենթահողի, կարգախօսային, ամբոխավարական պատգամներով կը հասնին իշխանութեան եւ զայն կը վարեն իրենց կարգախօսներուն արժանի թեթեւամտութեամբ: Այս երեւոյթը միայն Արեւմուտքին յատուկ չէ, այլ վերջին տասնամեակներուն տարածուած է աշխարհով մէկ` հասնելով նաեւ Հայաստան:

Կուսակցութիւն հասկացողութիւնը դուրս եկած է քաղաքացիին եւ կառավարութեան միջեւ կապի իր դասական դերէն. ան այլեւս չի ծառայեր քաղաքացին եւ պետականութիւնը հզօրացնելու, անոնց միջեւ համագործակցութիւնը քաջալերելու, այլ պարզապէս կը ծառայէ իշխելու եւ իր մօտիկ շրջանակներուն անձնական շահերը ապահովելու:

Հռոմէացի փիլիսոփան կ՛ըսէ, թէ` «Ան, որ չի գիտեր, թէ դէպի ո՛ւր կ՛ուզէ նաւարկել, նպաստաւոր քամի չի գտներ»: Հայաստանի ու հայութեան վերաբերող հարցերուն մէջ Դաշնակցութեան մօտեցումը միշտ եղած է նպատակային: Մենք որոշած ենք հետամուտ ըլլալ, որ Հայաստանի քաղաքական համակարգը փոփոխութեան ենթարկուի սահմանադրական բարեփոխումներու ճանապարհով եւ ընկերային արդարութեան հաստատումով: Միաժամանակ մենք կը պայքարինք համահայկական տեսլականով` Արցախի անկախութեան ճանաչման խնդիրը հետապնդելով, պաշտպանելով Ջաւախքի հայութեան իրաւունքները, ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերելով Սուրիոյ հայութեան, եւ, անշուշտ, շարունակելով ամրապնդել սփիւռքի գաղթօճախները եւ հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ համագործակցութիւնը` ի խնդիր համահայկական հզօրացման:

Այս մօտեցումով է նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կարեւորած է հայութեան հզօրութեան բոլոր կռուանները, եւ մանաւանդ, ի մտի ունենալով հայութեան դրացիները, Դաշնակցութեան ուշադրութեան կիզակէտին վրայ եղած են մեր զինուած ուժերը, որոնք օրնիբուն կը պաշտպանեն մեր հայրենիքի սահմանները, կ՛ապահովեն հայութեան անվտանգութիւնը: Դեռ վերջերս էր, որ Դաշնակցութեան եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը` պահեստազօր հիմնելու մասին եւ, առանց ժամավաճառութեան, Դաշնակցութիւնը անմիջապէս գործի լծուեցաւ եւ հարիւրաւոր կամաւորներու ցանկ մը արդէն իսկ կը գտնուի նախարարութեան տրամադրութեան տակ:

Այս է այսօրուան Դաշնակցութիւնը:

* * *

Մեր ընելիքը ինքնիշխան, ժողովրդավար, իրաւական եւ ընկերային բարձր չափանիշներով հայրենի զոյգ պետութեանց զարգացումն է: Պետութիւններ, որոնք պիտի դառնան հիմնաքարը միացեալ Հայաստանին, ա՛յն վայրին, ուր պիտի իրականացնենք հայահաւաքը:

Սփիւռքը իր կարգին կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնք յաղթահարելու համար եւս Դաշնակցութիւնը ընելիքներ ունի` անոր միասնականութիւնը ապահովելու եւ ուժականութիւն բարձրացնելու ուղղութեամբ, որովհետեւ Դաշնակցութեան համար, սփիւռքը ինքնանպատակ չէ, այլ ունի իր յստակ տեղը եւ դերը համահայկական մեր տեսլականին մէջ, միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի տեսլականի իրականացման մէջ:

Մեր շրջանը` Քանատայի շրջանը, մաս կը կազմէ հայութեան սփիւռքեան իրականութեան, եւ այսօր, մեր կուսակցութեան տարեդարձին առթիւ, կ՛ուզեմ պահ մը անդրադառնալ ՀՅԴ Քանատայի շրջանին:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Քանատա մուտք գործած է անցեալ դարի սկիզբին, շուրջ 114 տարիներ առաջ: Առաջին հերթին, Դաշնակցութիւնը գործեց հարաւային Օնթարիոյի Պրանթֆըրտ, Համիլթըն եւ Սենթ Քաթրինզ քաղաքներուն մէջ, ուր 1880-ականներէն սկսեալ պանդուխտ հայեր, մեծամասնութեամբ տղամարդիկ, կու գային աշխատելու գործարաններուն մէջ: Դաշնակցութեան Քանատա մուտքի տարիներուն անոնց թիւը շուրջ 2000 էր: Առաջին իսկ օրերէն Դաշնակցութիւնը աշխատեցաւ կազմակերպել գաղութը, առաջին ալիքի հայերը, որոնց Քանատա հոսքը շարունակուեցաւ մինչեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմը:

Դէպի Քանատա հայութեան երկրորդ ալիքը 1915-1922 տարիներուն էր, մեծ մասամբ` Եղեռնը վերապրած մարդիկ, կիներ ու երեխաներ: Այս ալիքին մաս կը կազմեն հանրածանօթ Ճորճթաունի տղաքն ու աղջիկները: Փոքրաթիւ էր այս ալիքը, թիւով քանի մը հազար, եւ հաստատուեցան հարաւային Օնթարիոյի արդէն իսկ կազմակերպուած շրջանները: Երկու աշխարհամարտերուն միջեւ դէպի Քանատա հայութեան ներհոսք չեղաւ, որովհետեւ Քանատայի ներգաղթի այն ատենուան օրէնքներով ասիացիներու մուտքը արգիլուած էր, եւ հայերը ասիացի կը համարէին: Այս երեւոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտը:

1945-էն ետք Միջին Արեւելքի գրեթէ անընդմէջ տագնապներն ու քաղաքացիական կռիւները գաղթականական նոր ալիքներ յառաջացուցին: 1950-էն 1990 Յունաստանէն, Պոլիսէն, Եգիպտոսէն, Լիբանանէն, Իրանէն, Սուրիայէն բազմահազար հայեր եկան` հաստատուելու այս ափերուն վրայ: Այդ տարիներուն է, որ գաղութը համախմբուեցաւ Մոնրէալի, Լաւալի եւ Թորոնթոյի բազմաթիւ արուարձաններուն մէջ: Մեր կառոյցները` կուսակցութիւն, ՀՕՄ, եկեղեցի, երիտասարդական ու պատանեկան միութիւններ, ՀՄԸՄ եւ Համազգային, ինչպէս նաեւ` այլ յարանուանութիւններ, կուսակցութիւններ, միութիւններ, գործի լծուեցան գաղութը կազմակերպելու համար: 37 տարիներէ ի վեր Դաշնակցութիւնը ունի իր պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»-ը, իսկ տասը տարի առաջ հիմնուեցաւ Հայ դատի Օթթաուայի գրասենեակը: Կեդրոններ, ակումբներ, կրթական օճախներ եւ եկեղեցիներ եկան հայ գաղութի կեանքին միս ու ոսկոր տալու եւ հետզհետէ ստանալու այն ձեւը, որ ունինք այսօր` Ատլանտեանէն Խաղաղական, աւելի ճշգրիտ` Մոնրէալէն Վանքուվըր սփռուած կեդրոններով ու համայնքներով:

* * *

Սիրելինե՛ր,

Քանատայի հայ գաղութի պատմութեան այս յետադարձ ակնարկը կատարեցի նշելու համար, որ մենք արդէն այսօր թեւակոխած ենք մեր գաղութի կեանքին 4-րդ փուլը, ուր ունինք կազմակերպուած համայնքներ Մոնրէալի, Լաւալի, Թորոնթոյի, հարաւային Օնթարիոյի զանազան քաղաքներու եւ Վանքուվըրի մէջ: Իրենց ամէնօրեայ կամ շաբաթօրեայ դպրոցներով, բազմաթիւ եկեղեցիներով, Հայ դատի յանձնախումբերով, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի մասնաճիւղերով, ՀՅԴ կոմիտէներով, ՔԵՄ-ի եւ ՔՊՄ-ի մասնաճիւղերով բնակեցուած մեր կեդրոնները մեր համայնքներու գլխաւոր հրապարակներն են, ուրկէ իրենց ուժականութիւնը կը ստանան Հայ դատի եւ հայապահպանման մեր աշխատանքները, մեր հոգեւոր ու մշակութային կեանքը:

Այո՛. ունինք կազմակերպուած գաղութ, ճիշդ է որ արձանագրած ենք զանազան քաղաքական յաջողութիւններ Հայ դատի գծով, հպարտութեամբ կը նշենք ամէնուր, թէ մեր Հայ դատի ճիգերուն շնորհիւ Քանատան այսօր մաս կը կազմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած երկիրներու ցանկին: Որպէս քանատացիներ` մենք այսօր ներկայ ենք այս երկրի կեանքին բոլոր մարզերէն ներս, պատրաստած ենք այս երկինքին տակ ծնած սերունդներ, եւ ընդունած ու կը շարունակենք ընդունիլ նոր հայ քանատացիներ աշխարհի բոլոր ծագերէն, ինչպէս է պարագան վերջին տարիներուն Սուրիայէն հոս ապաստանած մեր ազգակիցներուն:

Այս բոլորը սակայն չեն նշանակեր, որ մենք կրնանք հանգիստ քնանալ մեր դափնիներուն վրայ, ընդհակառա՛կը, այս յաջողութիւնները մեր առաջ կը բերեն յաւելեալ մարտահրաւէրներ:

Ներազգային առումով, հարկ է ամրապնդել մեր գաղութը` ընդարձակելով կրթական մեր օճախներու ցանցն ու ծաւալը, որպէսզի մեր նոր սերունդները լաւապէս տիրապետելով հանդերձ տեղւոյն մշակոյթին եւ լեզուներուն, ըլլան նա՛եւ հայախօս, ըլլան նա՛եւ հայ ազգայիններ, որոնք պատրաստ պիտի ըլլան այս կառոյցներու յարատեւութիւնը ապահովել ապագային, երբ իրենց կարգը գայ ստանձնելու ղեկավարութիւնը մեր եկեղեցիներուն, միութիւններուն եւ գաղութի ինքնութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը ապահովող զանազան օղակներուն:

Հայ դատի բնագաւառին մէջ պէտք է շարունակել պայքարը, պէտք է շարունակել յառաջխաղացքը, որովհետեւ չենք կրնար տեղքայլ ընել: Մեր թշնամիները անընդհատ կը փորձեն մեր վերջին տասնամեակներու նուաճումները ետ տանիլ, հետեւաբար պէտք է աւելի յառաջանանք, որպէսզի թշնամիները իրե՛նք ստիպուին պաշտպանողականի դիմելու եւ չկարենան յարձակիլ: Այս աշխատանքներուն մէջ իրաւունք չունինք թերանալու. Հայաստանը, Արցախը, Ջաւախքը մեզի պէտք ունին: Բոլոր այն գաղութները, ուր հայութեան վտանգ կը սպառնայ, մեզի պէտք ունին: Մեր գաղութին հզօրութիւնը նաեւ համայն հայութեան` Հայաստանի եւ սփիւռքի հզօրութիւնն է, եւ Հայ դատի աշխատանքները այն գլխաւոր ռազմադաշտն են, ուր այդ հզօրութիւնը կը դրսեւորուի ամենափայլուն ձեւով:

Հայրենակիցնե՛ր,

Ի տարբերութիւն երգին, մենք` դաշնակցականներս չենք սպասեր, որ «տան զանգը, ահազանգը»: Մեզի համար զանգը միշտ տրուած է: Արամ Ա. վեհափառ անցնող տարին հռչակած էր Ծառայութեան տարի: 126 տարիներ ծառայելէ ետք, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կու գայ այսօր վերանորոգելու իր յանձնառութիւնը` ծառայելու մեր ազգին եւ մեր հայրենիքին, յանձնառութիւն մը, որ ամէն դաշնակցական ուխտած է կատարել, նոյնիսկ` իր կեանքին գնով, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ:

Այսօր պահ մը կը խոնարհինք անցեալի բոլոր հերոսներու յիշատակին, անոնց վաստակին եւ թափած արեան առջեւ:

Այսօր նաեւ յոտնկայս կը խմենք կենացը մեր նորօրեայ հերոսներուն, անոնց, որոնք գիշեր ու ցերեկ կը հսկեն հայրենի սահմաններու ապահովութեան, ուժ եւ կարողութիւն կը մաղթենք անոնց բազուկներուն, եւ անվրէպութիւն անոնց հարուածին:

Այսօր նաեւ կու գանք խոնարհաբար մեր տիրոջ` հայ ժողովուրդին մաղթելու փայլուն եւ պայծառ ապագայ, նորանոր նուաճումներ եւ աշխարհը զարմացնող յաջողութիւններ:

Կեցցէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը,

Կեցցէ հայ ժողովուրդը,

Կեցցէ միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանը:

Տպել Տպել