«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Համպուրկեան համախոհութի՞ւն

Համպուրկի մէջ, Դեկտեմբեր 8-ին կատարուած՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու վեհաժողովը, սպասուածին նման ոչ մէկ յիշատակելի յառաջխաղացք կամ փոփոխութիւն արձանագրեց Արցախի հիմնահարցի առնչութեամբ:

Բնականաբար այս անփոփոխ կացութիւնն ու ստեղծուած իրավիճակը, երբեք գոհ չպահեց ազերի կողմը, որ ամէն գնով պայքար կը տանի քաղաքական բեմահարթակներէն ներս, հողատարածքի պահանջներ առաջադրելով:

khemp

Անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնելով Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի դէպքերն ու յատկապէս դատապարտելով ճակատներուն վրայ, կատարուած վայրագութիւնները, այս վեհաժողովը վերստին հաստատած էր թէ այս հիմնահարցը զինուորական լուծում չունի, եւ ոչ մէկ արդարացում կայ ծանր հրետանիի գործածութեան, կոյր ռմբակոծումներուն եւ անմեղ քաղաքացիներու մահուան առնչութեամբ:
«Անգամ մը եւս մենք կը կրկնենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն ուղղուած մեր կոչը` ճկունութիւն ցուցաբերելու եւ բանակցային սեղանին վերադառնալու` ընթացիկ աշխատանքային առաջարկներու հիման վրայ դէպի կայուն խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով: Այնքան ատեն որ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չէ արձանագրուած, վերսկսուած բռնութեան հեռանկարները միայն կը մեծնան, իսկ այդ իսկ պատճառով կողմերը լիակատար պատասխանատուութիւն կը կրեն», կը նշուի վեհաժողովի լոյս ընծայած կոչին մէջ:

Բաւական մը ընդարձակ եւ մանրամասնօրէն նկարագրուած, այս յայտարարութեան մէջ, կը նշուէր Ատրպէյճանին վերադարձնելու, Արցախի յարակից տարածքները, միեւնոյն ժամանակ նաեւ Արցախին ապահովելով միջանկեալ կարգավիճակ, որ կ՛ապահովէ անվտանգութեան եւ ինքնակառավարման երաշխիքներ, Հայաստանին միացնող միջանցք, տեղահանուած բոլոր բնակիչներու եւ գաղթականներու վերադարձ իրենց հօրենական բնակավայր, միջազգային անվտանգութեան խաղաղութիւն հաստատելու գործընթաց, եւ անշուշտ Արցախի վերջնական իրաւական կարգավիճակը սահմանող իրաւականօրէն պարտադիր կամքի արտայայտութիւն:

Համպուրկի այս վեհաժողովին, նաեւ կարելի եղաւ իրականացնել հանդիպում մը հիմնահարցի ետին կանգնող Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարարներ՝ Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մահմետիարովի միջեւ, Մինսքի խմբակի համանախագահներ՝ Ճէյմս Ուորլիքի (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան) եւ Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) մասնակցութեամբ: Փրոթոքոլային բնոյթ ունեցող այս հանդիպումը, աւարտեցաւ երկուստեք չհամաձայնելու համաձայնութեամբ:

Մինչ այդ, Համպուրկեան այս տեսակցութեան օրերուն, Իլհամ Ալիեւի հլու հրահանգներուն ենթարկուելով, ազերի բանակը շարունակ խախտեց զինադադարը, մինչդեռ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը այցելեց Արցախեան ռազմաճակատ, ընկերակցութեամբ, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, երկու երկիրներուն պաշտպանութեան նախարարներուն եւ բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ:

Այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ, ինչպէ՞ս կարելի է գնահատել Համպուրկեան այս վեհաժողովը՝ համախոհութի՞ւն թէ անխոհեմութիւն:

hairenikweekly.com

Դեկտեմբեր 12, 2016

Տպել Տպել