«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Տողանի Քննադատական Տողանցքը

Անգարայի մէջ, Դեկտեմբեր 19-ին կատարուածը կրնայ կրկնուիլ, եւ դժբախտաբար այս ընթացքով պիտի կրկնուի: Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ Ռուսաստանի դեսպան Անտրէյ Քարլովի ահաբեկումը, այնքան «դիւրութեամբ» իրագործուեցաւ, որ կրնայ այս խառնիճաղանճ կացութիւնը գործի լծել այլ մութ ձեռքեր, թիրախ ունենալով այլ անձեր, այլ նպատակներ:
Այս զարհուրելի դէպքէն առաջ իսկ, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը ահազանգ հնչեցուցած էր Միջազգային ընտանիքին, տեղեկացնելով թէ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանը, մահուան լուրջ սպառնալիքներու դէմ յանդիման կը գտնուի: Նոյնանման դէպք մը կրնայ կրկնուիլ, այս անգամ այլ Էրտողանեան սուլթանական ուղեղալուացքով թրծուած ոստիկանի մը կողմէ:

fotorcreated

Այս գծով, արդէն իսկ Անգարայի մէջ կատարուած ահաբեկչութենէն շաբաթ մը առաջ, Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ` Պոլսոյ հայազգի երեսփոխան Սելինա Տողան, Խորհրդարանի նիստին, խիստ ու կտրուկ ելոյթ մը ունեցած էր, մտահոգութիւն յայտնելով:

Անոր կիզակէտն էր, փոխվարչապետ՝ Նուման Քուրթուլմուշի գործածած «կեաւուր» արտայայտութիւնը, որ կրնայ ժխտական եւ վտանգաւոր եզրակացութիւններու երթալ: Փայլանի նման, Տողանն ալ, մատը ճիշտ վէրքին վրայ դնելով յայտնած էր թէ սփիւռքն ու սփիւռքահայը, իբրեւ թշնամի կը ներկայացուին: Էրտողանի ղեկավարութեան կողմէ, այս սփիւռքահայերը այն մարդիկն են, որոնք Անատոլիայէն վտարուած են եւ կարօտով կը յիշեն անցեալ մը:

Ամիսներէ ի վեր, կը նշուի ատելութիւն ստեղծող այս երեւոյթը, որուն համար թէ՛ Տողան եւ թէ՛ Փայլան կը յայտնեն թէ, հարցին անհրաժեշտ է մօտենալ աւելի խաղաղ միջոցներով, առանց յաւելեալ թշնամութիւն եւ ատելութեան ալիք ստեղծելու:

Յատկապէս, անցեալ Յուլիս 15-ին ձախողած պետական հարուածէն ետք, հետզհետէ աւելի կը գործածուի, այդ ատելութիւն սփռող «կեաւուր» արտայայտութիւնը, որուն քաւութեան նոխազներն են՝ փոքրամասնութիւնները, եւ յատկապէս հայութիւնը:

Այս կասկածամտութիւնն ու ծայրայեղական արտայայտութիւնները կրնան դուռ բանալ ծայրայեղական արարքներու, որոնք կրնան պատահիլ գեղանկարչական ցուցահանդէսի մը ընթացքին, ինչպէս էր ռուս դիւանագէտին պարագային, կամ այլուր, հոծ բազմութեան մէջ՝ խճողումի մը ընթացքին, ինչպէս որ պատահած էր Հրանդ Տինքի պարագային…գրեթէ տաս տարի առաջ՝ Յունուար 19, 2007-ին:
Սելինա Տողան Ներկայ կացութիւնը ներկայացնելու համար, եօթներորդ արուեստի աշխարհի հանրածանօթ «Քազապլանքա» ժապաւէնին օրինակը կը նշէ, յայտնելով թէ այդ ժապաւէնին կատարուած անցուդարձերուն նման, կտրուկ կերպով կը հրահանգուի հաւաքել բոլոր ժամանակներու կասկածելիները:

Հաւանաբար, շատ աւելի ամբողջական պիտի ըլլար, եթէ Տողան եւ Փայլան (շատ աւելի ամբողջական պիտի ըլլար, եթէ Էրտողանի իշխող՝ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայացուցիչ՝ Մարգար Եսայեանն ալ միանար ) յաջողէին Խորհրդարանէն ներս կազմակերպել ցուցադրութիւնը՝ այլախոհ գերմանաբնակ Ֆէթիհ Աքինի պատրաստած «Տը Քաթ» ժապաւէնին, կասկածէ վեր կը բացայայտուէր կասկածամտութեան արդիւնք՝ կատարուած հայոց տեղահանութիւնն ու Ցեղասպանութիւնը:

Վտանգաւոր է ներկայ կացութիւնը, յատկապէս այլախոհ եւ ընդդիմադիր հայազգի երեսփոխաններուն համար:

Տողանի քննադատական տողանցքը պարզ ցասում մը չէ, այլ շատ աւելի անդին երթալով՝ ահազանգային բնոյթ ունի:

hairenikweekly.com

19/12/2016

Տպել Տպել