Ակնարկ. Թէ՛ Դէպի Եւրասիա Եւ Թէ՛ Դէպի Եւրոպա

Իրանեան բարձրագոյն մակարդակով մեր երկիր տրուած այցելութիւնը ինչպէս քաղաքական, այնպէս նաեւ տնտեսական առումով ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի եւ բնականաբար չի սահմանափակուիր փրոթոքոլային արարողակարգային կամ ընթացիկ աշխատանքային հանդիպումներու ճշդած օրինաչափութիւններուն մէջ:

Խորքին մէջ ապամեկուսացման ճամբան բռնած Իրանի առաջին կարեւոր դրսեւորումն էր ասիկա, որ որքան Իրան-Հայաստանի Հանրապետութիւն, նոյնքան եւ աւելի Իրանի` դէպի արտաքին աշխարհ եւ Արեւմուտք նոր ուղղութիւններու նուաճման նախադրեալները կը պարփակէ:

Ապամեկուսացուող Իրանի առաջին դուռն է Հայաստանը, ոչ անպայման միայն Եւրասիական տնտեսական միութիւն (ԵՏՄ). փաստօրէն Ռուհանիի այցելութեան երկրորդ եւ երրորդ հանգրուաններն են Ղազախստանն ու Խըրխըզիստանը: Ասիկա կը նշանակէ, որ դէպի ԵՏՄ նախադուռը Իրանի համար աշխարհագրականօրէն եւ տարանցիկ հանգամանքի բոլոր յատկանիշներով մեր հանրապետութիւնը իր դիրքով նոր կարգավիճակ ստանալու տուեալները կը սկսի ամբողջացնել:

fotorcreated

Այս հանգամանքը հաւանաբար մեկուսացման վիճակի մէջ գտնուած պահուն ալ կրնար աշխատիլ եւ որոշ առաւելութիւններ ձեռք բերել ինչպէս Իրանի, այնպէս նաեւ Հայաստանի համար:

Խնդիրը աւելի հեռահար է ու հեռանկարային` հետեւեալ բացատրութեամբ նաեւ: Իրանը ցամաքային առումով դէպի Սեւ ծով դուրս գալու եւ անկէ նաեւ դէպի Եւրոպա դարձեալ առաջին դուռը, որմէ մուտք պիտի գործէ, անմիջականօրէն կը տեսնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հայաստանեան այս տարանցիկութիւնը եզակի հանգամանք է Իրանի իրողական ապամեկուսացման գործընթացին մէջ:

Պարսից ծոցը Սեւ ծովուն կապող ցամաքային կամուրջ է Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ իբրեւ այդպիսին իրանեան ապրանքաշրջանառութեան դէպի Արեւմուտք հունաւորման անշրջանցելի ուղի կը հանդիսանայ:

Հայկական լրատուադաշտերուն մէջ որոշ հիմնաւորումներով նկատելի դարձաւ ռուսական գործօնի բացասական ազդեցութեան մասին Իրան- Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւններու սերտացման թափը կասեցնելու կամ դանդաղեցնելու առումով:

Բնականաբար չէ բացառուած, որ յատկապէս կազի մատակարարման ուղղութեամբ ռուսական գործօնը աշխատած ըլլայ իրանեան կազատար խողովակներու տրամաչափերու սահմանափակման համար: Այսուհանդերձ չափազանցուած պիտի ըլլայ ներկայացնելը այն, որ ռուսական ճնշումով եւ հայկական կողմի մեղքով է, որ նման բարձր մակարդակի այցելութիւնը ձգձգուած է եւ միայն այսօր է, որ տեղի կ՛ունենայ:

Միջպետական յարաբերութիւնները երկկողմանիօրէն նպաստաւոր կ՛ըլլան եւ անոնց մակարդակներու աստիճանի բարձրացումները քաղաքական համատեղ նպաստաւոր պահու ընտրութեան հետ առնչուած են սերտօրէն:

Իրանը պէտք է սպասէր ապամեկուսացման միջազգային որոշումներուն (թէկուզ պարանաձգուող եւ դանդաղող), որպէսզի իմաստ ունենար մեր երկրին վրայով հասնելու Սեւ ծով եւ դուրս գալու դէպի Եւրոպա: Պատժամիջոցներու ենթարկուած եւ դէպի Եւրոպա ելքը արգիլուած Իրանի համար նախապէս այդքան նշանակութիւն պիտի չունենար Հայաստանի տարանցիկութիւնը:

Ամենայն հաւանականութեամբ այդքան անարգել պիտի չըլլայ Իրանի ապրանքաշրջանառութիւնը Հայաստանի վրայով դէպի Եւրոպա ուղղորդելը: Բայց միտումները յստակ են, եւ Իրանը ապամեկուսացման ընթացքի մէջ է, որուն համար ալ հետզհետէ կը շեշտուի Հայաստանի Հանրապետութեան նշանակութիւնը իբրեւ կարեւորագոյն, անշրջանցելի կամուրջ:

Ի դէպ անոնք, որոնք կը հետեւէին հայ-իրանական յարաբերութիւններու ընթացքին, նկատած պէտք է ըլլային, թէ պատժամիջոցներու մեղմացումէն ետք հայկական կողմը որքա՛ն աշխուժօրէն ձեռնամուխ եղաւ տնտեսական (թէ տնտեսաքաղաքական) յարաբերութիւններու աշխուժացման: Շարք մը հայ պաշտօնատարներ իրարու ետեւէ կը մեկնէին Թեհրան: Պէտք է նշել, որ այս երեւոյթին մէջ նկատելի էր նաեւ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանին ներդրումը: Անշուշտ համարժէք եղած է նաեւ Իրանի իշխանութիւններուն արձագանգը:

Եւ ահա ականատես ենք կատարուած աշխուժ աշխատանքի արդիւնքին:

Միջպետական յարաբերութիւնները երկկողմանիօրէն ընկալելի շարժառիթներով կ՛աշխատին, կը զարգանան եւ կը հասնին բարձրագոյն մակարդակներու: Հիմա նախապատրաստութիւնն է Իրանի ապամեկուսացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կարեւոր կամուրջի դեր ստանալու հանգամանքին ստանձնման:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել