Մեր ժողովուրդը պէտք չունի պառակտիչ ու գձուձ ելոյթներու

Յաղթանակներով եւ ցաւերով լի տարի մը բոլորեց հայրենիքը։ Յաղթանակներ, որովհետեւ Հայ զինուորն ու ազատամարտիկը կասեցուցին հայրենի հողերը գրաւելու ատրպեճանական ու թրքական զինեալ թէ քաղաքական նախայարձակումները։ Ցաւեր, որովհետեւ տակաւին չենք կարողանար գտնել ճիշդ լուծումները՝ մեր ժողովուրդի ընկերային ու տնտեսական բարելաւման մակարդակները որակաւորելու հարցերուն։ Մեր հայրենիքը, իր ժողովուրդով եւ իշխանութեամբ կը գիտակցի ե՛ւ յաղթանակներուն եւ ցաւերուն։

Ժողովուրդով եւ կառավարութեամբ մենք կ՚ընթանանք ապահովելու թէ՛ նոր յաղթանակներ՝ նախայարձակ թշնամիին դէմ եւ թէ ճիշդ լուծումները գտնել մեր հայրենիքի բարգաւաճման կնճռոտ խնդրին։

fotorcreated

Այս բոլորը շատ լաւ։ Սակայն, ի՞նչ ըսել այն մարդոց, որոնք հակառակ իրենց վայելած հանգամանքներուն, ոչինչ ըրին մեր յաղթանակներու ընդարձակման եւ ցաւերու դարմանման մասին։ Անոնք պարզապէս խօսեցան, ճարեր արտասանեցին եւ մամուլով գրութիւններ հրապարակեցին՝ պախարակելու ամէն ինչ։ Այս տեսակ մարդիկ կարծեցին թէ մեր ժողովուրդը կը մոռնայ իրենց պատասխանատուութիւնը իբրեւ երբեմնի ղեկավար թէ հրապարակագիր։

Ո՞ւր էին աս մարդիկը երբ Թալիշի մէջ մեր տղաքը կը պայքարէին իրենց ատամներով։ Ո՞ւր էին այս մարդիկը, երբ մեր ժողովուրդը կարիքը ունէր իրենց «փորձուած», «մասնագէտ» եւ «հրապարակագիր» ներդրումներուն։

Սեդօ Պոյաճեան

Սեդօ Պոյաճեան

Այո՛, քննադատելը դիւրին է այս մարդոց համար, սակայն լուծումներ եւ սեւ աշխատանքի մէջ սեփական արիւն եւ քրտինք թափելը այլ հարց է։

Հետեւաբար, մենք ականատես կ՚ըլլանք նման մարդոց ելոյթներուն եւ տարեվերջի վերլուծական գրութիւններուն, որոնք պարզապէս կու գան ապացուցելու իրենց քաղաքական դատարկաբանութիւնը եւ գաղափարական սնանկութիւնը։

Այս մարդոցմէ մէկը կը յայտարարէ թէ պէտք է հողը վերադարձնել, որպէսզի մենք մեր փորերը կշտացնենք։ Ուրիշ մը կը գրէ թէ մինչեւ հիմա ինչ որ ըրինք սխալ է, սխալ է մանաւանդ հայ բանակայինին հազար դրամ յատկացումը։ Տակաւին այս տեսակ մարդիկ մինչեւ իսկ կը հերոսացնեն ու կ՚արդարացնեն մարդոց, որոնք զոհ դառնալով արտաքին սադրանքներու հայոց պետութեան ոստիկանատունը գրաւելու եւ ոստիկաններ սպաննելու հակաօրինական արարքը գործեցին։

Կրկին անգամ, այս բոլորը շատ լաւ։ Մարդիկ փորի ցաւ ունին։ Մարդիկ այլ ճղճիմ հաշիւներ ունին, որոնք ըստ իրենց գերակայ են հայրենի հողի պաշտպանութեան ու ժողովուրդի ցաւերու հոգատարութեան առաջնահերթութիւններէն։

Բայց այս մարդիկը պահ մը կ՚անդրադառնան թէ ինչի՞ մասին կը խօսին, ինչի՞ մասին կը գրեն։

Մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը կը դիմակալեն լուրջ վտանգներ, լուրջ հարցեր։ Սակայն, խօսքի ազատութեան պատրուակին ներքեւ այս մարդիկը իրենց ելոյթներով եւ հրապարակագրութիւններով կը փորձեն իրենք իրենց հերոսացնել՝ առանց վտանգելու իրենց կեանքը՝ Թալիշի ճակատներուն վրայ։ Այս մարդիկը խօսքի ազատութեան քօղի ետին գրչեայ սուրեր կը ճօճեն վարքագծային հարցերու ուղղութեամբ, որոնց մասին քաղաքական ու մտաւորական դոյզն իսկ գիտելիքները ընկալած են։

Հետեւաբար, մենք ականատես կ՚ըլլանք մեր հայրենիքի հարցերու ու ցաւերուն նկատմամբ քննարկումներու ուղղութեան մը, որ զարտուղի է, խորթ է, անընդունելի է։ Այս ուղղութիւնը ապականող, մաղձոտ եւ ժխտական մօտեցումներով օժտուած է։ Այս ուղղութիւնը արտաքին ապսպրանքներու թէ անձնական ճղճիմ հաշիւներու խոստովարանն է։

Եթէ կ՚ուզենք քննադատել ու վարքագծային վերափոխումներ առաջարկել, ճիշդը պիտի ըլլայ դրական, կառուցողական ու շինիչ քննարկման ուղին։ Այս ուղղութիւնը սրտցաւ սակայն առարկայական, մտահոգ սակայն յուսադրիչ, պախարակող սակայն կառուցողական մօտեցումն է։ Մեր ժողովուրդը իր քաղաքական ղեկավարներէն եւ հրապարակագիրներէն ա՛յս է որ կ՚ակնկալէ։ Ըլլա՛լ կառուցողական եւ շինիչ։

Մեր ժողովուրդը իմաստուն է։ Մեր ժողովուրդը գիտէ զանազանել անձնական գձուձ հաշիւներ հետապնդողի եւ շինիչ մօտեցումով ներկայացող ղեկավարին միջեւ, ճղճիմ նպատակներ հետապնդող հրապարակագիրներու եւ ժողովուրդին հարազատ ծառայողներուն միջեւ։

Երբ կը դիմակալենք նոր տարի մը, ազգային գիտակցութեան զգաստութիւնը կը պահանջէ, որ կեդրոնանանք մեր ժողովուրդի ցաւերուն վրայ, ոչ թէ այդ ցաւերու շահագործման։ Մեր ազգային պատասխանատուութիւնն է նաեւ, որ սեւեռենք մեր ուշադրութիւնը մեր սահմաններու պաշտպանութեան եւ ընդարձակման վրայ, ոչ թէ քաղաքական անտեղի, այլեւ վնասաբեր ելոյթներու եւ հրապարակագրական մաղձոտ, այլեւ ազգային կեանքը պառակտող գրութիւններու վրայ։

Այս կեցուածքին հետեւելու համար, բաւ է մտաբերել մեր ազգային ազատագրական պայքարի կերտիչ Քրիստափորի պատգամը.- «Դուք խօսում էք յաւելեալ աշխատանքի մասին, որ շահագործում է պուրժուազիան յօգուտ իր շահերի, բայց մենք գործ ունենք յաւելեալ արեան հետ, որ թափուում է ամենայն օր շնորհիւ տաճիկ կառավարութեան»:

Մենք գործ ունինք յաւելեալ արեան եւ յաւելեալ հողի հետ։ Մենք գործ ունինք մեր ժողովուրդի բարօրութեան հետ։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Տպել Տպել