Ակնարկ. Որպէսզի Չընդլայնուի Հակամարտութեան Աշխարհագրութիւնը

Համանախագահներու վերջին յայտարարութեան մէջ Վիեննայի եւ Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւնները վերահաստատելը կը նշանակէ 94-95-ի զինադադարը հիմք ունենալ իբրեւ գլխաւոր իրաւական համաձայնագիր:

Աւելցնենք, որ մինչեւ Վիեննա մշտադիտարկումի համակարգի հաստատման մասին էր խօսքը, Վիեննա կը խօսէր հետաքննութեան մեքանիզմին մասին. մշտադիտարկումը աւելի չէզոք հասկացողութիւն է, մինչ հետաքննութիւնը կ՛ենթադրէ յանցագործի բացայայտում եւ իրաւականօրէն նաեւ հետեւանքի վերացում: Ինչ որ աւելիով կը բացատրէ ազրպէյճանական կողմի խուսափումը այս բառապաշարի եւ այս հասկացողութեան օգտագործումէն:

Պէտք չէ անտեսել, որ համանախագահներու նոր յայտարարութիւնը այս բաժինը ներառած է, առանց շրջանցելու անշուշտ ԵԱՀԿ-ի կողմէ անգամ մը եւս դրսեւորուող պատասխանատուութիւններու հաւասարեցման անբովանդակ մօտեցումը: Պաշտօնական Երեւանի արձագանգը նշելով, որ երբ հետախոյզ ազրպէյճանցի զինուորին դին կը յայտնաբերուի հայկական տարածքի մէջ, պարզ է թէ ո՛վ է նախայարձակը, առանց յատուկ մշտադիտարկման գործիքակազմերու եզրայանգումներուն:

Այս բոլորը պարզ են համանախագահներուն համար: Բայց կը շարունակուի աւանդական, չէզոք, «անկողմնակալ» մօտեցումի դրսեւորումը, որ հիմնական որեւէ բեկումնային պահ ստեղծելու որեւէ նախադրեալ չի պարփակեր իր մէջ:

Դիտարկելի է նաեւ այն, որ ԵԱՀԿ-ի միջնորդական ձեւաչափը լիազօրուած է սկզբունքով արցախեան հակամարտութեան բանակացութիւնները վարելու եւ այդ պարունակին մէջ Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծերուն վրայ կատարուած միջադէպերուն նկատմամբ գնահատական տալու միայն. ասիկա Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի պետական սահմանին վերաբերող դէպք է, այլ խօսքով` Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղուած ռազմական գործողութիւն: Գուցէ Պաքուն պիտի մեղադրուի ՀԱՊԿ-ի հարթութեան վրայ կամ միջազգային այլ կառոյցներու կողմէ` երկրորդ կողմի ուղղութեամբ ռազմական ոտնձգութեան փորձ իրականացնելու մեղադրանքով:

Հաւանաբար, յայտարարութեան հետեւեալ բաժինը ուշադրութիւն կը գրաւէ իր վրայ.

Համանախագահները նաեւ կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ վերադարձնել աճիւնը, 2010-ին բարձր մակարդակով Ասթրախանի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան, հաշուի առնելով տուեալ հարցի բացառապէս մարդասիրական բնոյթը»:

Միջազգային կառոյցներու մօտ օրինաչափ է շեշտը դնել մարդասիրական բնոյթի հարցերուն վրայ եւ յղում կատարել միջազգային պայմանաւորուածութիւններու, այս պարագային աճիւններու վերադարձի կամ ընդհանրապէս ռազմագերիներու փոխանակման անհրաժեշտութիւնը ընդգծելով:

Անտեղի պիտի չըլլար այստեղ յիշելը վարժողական ծրագիր իրականացնող հայկական խոցուած ինքնաթիռի պատահարը եւ այդ առիթով նահատակուած հայ զինուորներուն աճիւնները հայկական կողմին վերադարձնելու գործողութիւնները արգելակած Պաքուի օրինակը: Ո՛չ ԵԱՀԿ-ը, ո՛չ Միջազգային կարմիր խաչը, ո՛չ ալ միջազգային որեւէ մարդասիրական կառոյց յաջողեցաւ վերցնել ազրպէյճանական արգելքը, որպէսզի միջազգային կողմը հայ սպաներու աճիւնները յանձնէ հայկական կողմին: Համանախագահներուն կողմէ այս յստակութեամբ չհնչեց նաեւ հրամայական` հայ զինուորներու աճիւններու յանձնման:

Հայկական զինեալ ուժերը նկատելով, որ սպառած են մարդասիրական բոլոր փորձերը, որոշեցին իրականացնել աճիւններու, եւ անհրաժեշտ գոյքերու ազատագրման եւ անոնց հայրենադարձութեան գործողութիւնը: Գուցէ ժամանակակից ռազմարուեստի պատմութեան մէջ նմանը չունեցած եզակի գործողութիւն, որ շրջապատեց, վնասազերծեց խոցուած ինքնաթիռի տարածքը, չէզոքացուց թշնամիին կողմէ լարուած ծուղակը եւ փրկեց հայ նահատակներուն աճիւնները:

Համանախագահները պէտք է նկատած ըլլան նաեւ, որ մէկը վարժողական ծրագիր իրականացնող հայկական ինքնաթիռ էր ու հայ սպաներ, միւսը` ներթափանցման գործողութիւն իրականացնել փորձող ազրպէյճանցի զինուոր:

Յամենայն դէպս, Չինարիի դէպքին ուղղութեամբ միջազգային ընտանիքի իրաւական գնահատականը պէտք չէ ուշանայ, այլապէս նման դէպքեր կրնան յանգեցնել Պաքուի նկատմամբ անպատժելիութեան, ինչ որ իր հերթին կրնայ արտօնել Պաքուին կրկնելու նման ապարդիւն փորձեր. այդ պարագային լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջանայ, որ հակամարտութեան աշխարհագրութիւնը կրնայ ընդլայնուիլ եւ նոր տարածութիւն տեղափոխուիլ:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել