Յայտարարութիւն. Ազգային Բանակը` Փրկութեան Եւ Միութեան Ջահակիր

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախ աշխարհի փրկութեան, պահպանութեան եւ պաշտպանութեան երաշխիքը կը հանդիսանայ ազգային բանակը` իր ուժականութեամբ եւ հզօրութեամբ, իր մարտունակութեամբ եւ ռազմավարութեամբ:

Ասոր համոզուած պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայորդի, ուր որ ալ գտնուի, ինչ գաղափարի ալ պատկանի, պարզապէս անոր համար, որ միայն ազգային բանակը կրնայ դառնալ հայրենիքի անվտանգութեան եւ ապահովութեան հաստատուն գրաւականը, ապա` հայ ժողովուրդին միասնութիւնը եւ միասնականութիւնը երաշխաւորող կռուանը:

Ազրպէյճանը, որ կը յաւակնի Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու մասնաւորաբար Արցախը դարպասել սահմանային շարունակուող բռնախախտումներով եւ ոտնձգութիւններով, տակաւին չկրցաւ ըմբռնել, թէ հայկական հողերը չեն կրնար կուլ երթալ իր սին ախորժակներուն եւ սանձարձակութիւններուն, ի դէմս հայ քաջարի եւ անձնազոհ բանակայիններուն:

Հայկական պետականութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին առաջնահերթութիւնը պէտք է մնայ ազգային բանակին հաւաքական տիրութիւն կատարելը` զայն համալրելով գերարդիական զինամթերքով, օժտելով հզօր եւ ազդու ռազմական հրետանիով, ինչպէս նաեւ միջազգային քաղաքական շրջանակներուն եւ ատեաններուն մօտ մերկացնելով Ազրպէյճանի հակահայ քարոզչութիւններն ու խեղաթիւրումները:

ՀՅԴ-ն, ՍԴՀԿ-ն ու ՌԱԿ-ը, որոնք միշտ զօրավիգ կանգնած են հայ ժողովուրդի գոյութեան գործօններու ամրապնդման եւ արմատաւորման, ամէն ժամանակէ աւելի այս փուլին` հայոց բանակի հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով, յատուկ կերպով կը շեշտեն հայկական հողերու անհպելիութիւնն ու անձեռնմխելիութիւնը` բարօր ապագայի մը հեռանկարով:

ՀՅԴ-ն, ՍԴՀԿ-ը եւ ՌԱԿ-ը այս մեկնակէտով կառչած կը մնան իրենց սկզբունքային ընտրանքին` այս պարագային ամբողջովին զօրակցելով ազգային բանակին, արժեւորելով անոր բանակային միաւորներն ու կարողականութիւնները, յարատեւ ուժ եւ անսպառ դիմադրողականութիւն մաղթելով անոր:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

aztagdaily.com

28/01/2017

Տպել Տպել