ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ – Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի

Յունուար 27-ին, Յատուկ հրամանագրով մը, Ա.Մ.Ն.-ի նախագահ Տոնըլտ Թրամփ մինչեւ ցնոր տնօրինում, որոշած է եօթ երկիրներու (մեծամասնութեան իսլամական կրօնքի տէր) հպատակութիւն ունեցող անհատներու մուտքը Միացեալ Նահանգներ արգիլել:

Այս որոշումը առնուեցաւ Հրեաներու Ողջակիզման օրը, այն օրը ուր կը քննադատուին կրօնամոլ եւ ազգայնամոլ դիրքորոշումները:
Այս յատուկ որոշումը արգելք կը հանդիսանայ, որպէսզի Սուրիացի հպատակներ, որոնց կարգին Սուրիահայեր մուտք գործեն Միացեալ Նահանգներ:

Այս արագ որոշման արդիւնք, նաեւ Միացեալ Նահանգներէն ներս ապրելու եւ գործելու իրաւունք (կրին քարտ) ունեցող հայորդիներ անհաճոյ անակնկալներու եւ դժուարութիւններու առջեւ գտնուեցան, ժամեր շարունակ արգելափակուելով եւ հարցաքննուելով: Ամերիկահայ գաղութը քաջատեղեակ է նմանօրինակ իրադարձութիւններէ: Ի վերջոյ նմանօրինակ պայմաններու տակ, բազմաթիւ հայորդիներ ապաստան գտած են Միացեալ Նահանգներէ ներս:

Հասկնալով հանդերձ, թէ ամէն բանէ վեր է Միացեալ Նահանգներու ներքին ապահովութիւնը, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. կը հաւատայ թէ նմանօրինակ որոշում գաղթականներու եւ փախստականներու դէմ, կը խախտէ հիմնական ամերիկեան համոզմունքները՝ հաւասարութեան, հանդուրժողականութեան եւ արդարութեան:
Միացեալ Նահանգները հիմնուած են աշխարհի զանազան անկիւններէն ժամանած գաղթականներէ: Բոլոր ամերիկացիները, թէ՛ գաղթական եւ թէ՛ ամերիկածին, մաս կը կազմեն Ամերիկեան կառոյցին, առանց նկատի ունենալու որեւէ կրօնք, սեռ եւ ազգային պատկանելիութիւն: Այս բազմազանութիւնն է որ կը կերտէ Ամերիկան եւ կը վերածէ հզօր երկրի:

Հայոց Ցեղասպանութէնէն, Լիբանանի ներքին քաղաքացիական պատերազմի օրերէն, Ատրպէյճանի հալածանքներէն եւ 1980-ի փոկրոմէն, մինչեւ վերջին տարիներու Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող քաոսային վիճակէն խոյս տալով, հայորդիներ ժամանած են հոս եւ ապահով պայմաններու տակ սկսած նոր կեանքի, այլ գաղթականներու նման:

«Ղրկէ՛ ինծի քու յոգնած, աղքատ, խճողուած բազմութիւններդ որոնք կ՛ուզեն ազատ շնչել»…Այս բառերը պարզապէս չեն տեղադրուած յուշարձաններու վրայ: Այս բառերը կը ներկայացնեն իսկական իմաստը «Ազատութեան Արձան»ին: Մենք կը միանանք բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին համերաշխութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ արդարութեան համար:

Ամերիկահայ համայնքը չկրնար լուռ մնալ, երբ այս ժառանգութիւնը, վտանգի տակ կը գտնուի:

Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէ
Յունուար 30, 2017

Տպել Տպել