Բո­ղո­քի յու­շա­գի­ր

Հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ պա­հան­ջե­ցին ­Լափ­շի­նի ա­զատ ար­ձա­կու­մը

Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը եւ յու­նա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը՝ առ ի զօ­րակ­ցու­թիւն ­Մինս­քի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի պա­հան­ջով ձեր­բա­կա­լո­ւած լրագ­րող-պլո­կեր Ա­լեք­սանդր ­Լափ­շի­նի, բո­ղո­քի քայ­լե­րու դի­մե­ցին ան­ցեալ ­շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին։

Ի մաս­նա­ւո­րի ան­ցեալ Ուր­բաթ՝ 3 ­Փետ­րուա­րի կէ­սօ­րին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ­Պե­լա­ռու­սիոյ հիւ­պա­տո­սա­րա­նը այ­ցե­լեց պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, բաղ­կա­ցած ­Հայ ­Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան «­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան» խում­բի ան­դամ­նե­րէ, գլխա­ւո­րու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­Պետ­րոս Հա­լա­ճեա­նի։

Բո­ղո­քի յու­շա­գի­րը յղո­ւած էր ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ­Պե­լո­ռու­սիոյ պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տոս Պո­րիս ­Մու­զե­նի­տի­սի՝ նկա­տի ա­ռած, թէ ­Պե­լա­ռու­սիա Ա­թէն­քի մէջ դես­պա­նա­տուն չու­նի։ Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը պա­հան­ջեց հան­դի­պում ու­նե­նալ պրն. ­Մու­զե­նի­տի­սի հետ, սա­կայն մեր­ժո­ւե­ցաւ եւ ստի­պո­ւե­ցաւ յու­շա­գի­րը նե­տել փոս­տարկ­ղին մէջ։

Յու­շագ­րին մէջ կը պա­հան­ջո­ւի լրագ­րող ­Լափ­շի­նի ա­զատ ար­ձա­կու­մը եւ խստօ­րէն կը քննա­դա­տո­ւի մամ­լոյ եւ լրագ­րող­նե­րու ա­զա­տու­թիւն­նե­րու սահ­մա­նա­փակ­ման ու հա­լա­ծան­քի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

azator.gr

Տպել Տպել