«Հայրենիք»ի խմբագրական. Մոսկուա – Պաքու տագնա՞պ

Երբ Դեկտեմբեր 15, 2016-ին, Ատրպէյճանի ճնշումներուն ենթարկուելով, Պելոռուսիոյ պետութիւնը ձերբակալեց ռուս լրագրող Ալեքսանտր Լափշինը, հաւանաբար երկու երկիրներուն ղեկավարները կարծեցին թէ, իրենց երկրէն ներս կատարած զեղծարարութիւններուն եւ ապօրինի միջամտութիւններուն նման, շուտով կրնան հասնիլ իրենց նպատակին եւ Պելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ, ձերբակալելէ ետք իրենց գլխուն ցաւ պատճառող լրագրողը, փոխադրել զայն Պաքու:

Սակայն, այս առաքելութիւնը այդչափ ալ հեզասահ կերպով ընթացող գործողութիւն մը չէր:

Մանաւանդ, որ դեռ քանի մը օր առաջ, անցեալ շաբաթավերջին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան պաշտօնապէս արտայայտեց իր դժգոհութիւնը, նշելով թէ Ռուսաստանի դաշնակցային պետութիւնը պաշտօնապէս դէմ է իր երկրի հպատակ Լափշինը ձերբակալելու, արգելափակելու եւ Ատրպէյճան փոխադրելու Պելոռուսիոյ որոշումին:

Ռուսաստանի մարդկային իրաւունքներու միութիւնն ալ օրին դատապարտած էր Պաքուի այս յարձակողական գործելաձեւը, շեշտելով թէ համաձայն սահմանադրութեան, Ռուսիոյ քաղաքացի մը չի կրնար արտաքսուիլ Ռուսաստանի սահմաններէն դուրս կամ նոյնիսկ յանձնուիլ այլ պետութեան մը:

Շաբաթներ առաջ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լավրովը, քաղաքական ճկուն արտայայտութեամբ մը քննադատած էր Պաքուի որդեգրած քաղաքական գործընթացը, նշելով թէ այսպիսի ամբաստանութիւններ եւ ձերբակալութիւններ կրնան դժուարացնել Արցախի հիմնահարցի գծով առնուած որոշումներն ու կիրարկուած քաղաքականութիւնը:

Ռուսաստանի համար յստակ էր թէ, նմանօրինակ ձերբակալման հրամանագրեր ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնային ունենալ, որ Մոսկուա աւելի լրջութեամբ հետեւի շրջանէն ներս պատահած դէպքերուն: Լավրովի ազերի պաշտօնակից Էլմար Մահմետիարովին համար, Լափշինի ձերբակալութիւնը, դատապարտուիլն ու բանտարկուիլը, կրնար Արցախեան տարածաշրջանէն ներս, հիմնահարցի լուծման ազդանշանը դառնալ, նաեւ գրաւուած հողերէն՝ հայոց բանակին նահանջով: Նմանօրինակ անհեթեթ աշխատելաձեւ եւ գործունէութիւն լուրջ հարցադրումներու դուռ կը բանայ:

Բնականաբար, ամենէն աւելի տուժողը պիտի ըլլայ նոյնինքն ռազմաճակատներու վրայ, թէ քաղաքական կեանքէն ներս յարձակողական քաղաքականութիւն կիրարկող երկիրը՝ Ալիեւի ղեկավարած Ատրպէյճանը:
Մինչ այդ ակնթարթ մը երեւակայել թէ Պաքուի ղեկավարութիւնը որքան սնանկացած է որ անձի մը դէմ պայքար կը մղէ, քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելով լրագրող մը, այս պարագային Լափշինը` Արցախի Հանրապետութիւն այցելելուն, հրապարակաւ անոր անկախութեան ճանաչման զօրակցելուն եւ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը քննադատելուն համար:

Այսպիսի սանձարձակ միջամտութիւններ, նոյնքան մտահոգիչ են, որքան զինադադարի (…անշուշտ եթէ դեռ գոյութիւն ունի) խախտում եւ դեռ աւելին անցեալ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նման մտահոգիչ գործողութիւններ:

hairenikweekly.com

07/02/2017

Տպել Տպել