Ինչո՞ւ կ’ամբարոյականան ընկերութիւնները

Բարոյականը, իմաստութիւնը, գիտութիւնը եւ ծառայութեան փաստը դադրած են փառասիրութեան, դիրքի տիրացման եւ ընդհանրապէս ղեկավարման լծակ եւ չափանիշ ըլլալէ, պետութիւններու եւ ընկերային կազմակերպութիւններու պարագային: Ինչպէս սովորութիւն է ըսել, կրկնենք՝ յարգելով բացառութիւնները:

Մեր մոլորակի հեռու եւ մօտ անկիւնները, ընկերութիւններու առօրեային մաս կը կազմեն գայթակղութիւնները, բոլոր մակարդակներու վրայ, արքայական տուներէն մինչեւ նախագահները, երեսփոխանները, կուսակցութիւնները, միութիւնները, հաստատութիւնները, բոլոր այն վայրերը ուր մարդիկ խմբուած կ’ըլլան գործակցութեան եւ ծառայութեան կարգախօսներով:

Լրատուամիջոցները այդ բոլորի ամբոխները զուարճացնող թատերաբեմ են եւ կեր կը հայթայթեն իշխանատենչական մրցակցութիւններու, բոլորն ալ ընկերութիւնը եւ մարդկային յարաբերութիւնները բարելաւելու խոստումներով:

Երբեմն չարաշահումներու հեղինակները դիմակազերծ կ’ըլլան, կամ կը մնան դիրքերու վրայ, նոյնիսկ յետ մահու կ’արժանանան լուսապսակի, իրենցմէ ետք եկողներու դիրքերը ամրացնելու համար: Ժողովուրդը ընդոծին ողջախոհութեամբ կը զգայ, կը տեսնէ, բայց քանի մը տարին անգամ մը իրեն տրուած քուէի զէնքով սրբագրելու անկարող է խաղքութիւնները:

Անմիջապէս տեսանելին անաշխատ հարստացումներն են, բազմաշերտ մակարդակներու վրայ, ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած փտախտը, «կոռուպցիա»ն (corruption), որուն հետեւանքով «յաջողութիւններ» կ’արձանագրուին, որոնք իրենց կարգին կը ծառայեն որպէս օրինակ ուրիշներու: Այսինքն փտախտը կը տարածուի ընկերութեան բոլոր շրջանակներուն մէջ, մեծ եւ պզտիկ համեմատութիւններով:

Ոչ միայն յետադէմ եւ ոչ-զարգացած, այլ մեծ, անցեալ ունեցող եւ օրէնքներու յստակ համակարգով կառավարուող երկիրներու մէջ: Միջազգային ամպագոռգոռ ժողովներու մէջ ճառերը անպակաս են, զանազան պաշտօններու տիրացման թեկնածուները խոստումներ կ’ընեն վերացնելու համար փտախտը, «կոռուպցիա»ն իր բոլոր ձեւերով, կաշառակերութիւն, իշխանութեան չարաշահում անձնական հարստացման համար, ընտանեկան իշխանութեան հաստատում (népotisme), խարդախութեամբ պետական գանձի կողոպուտ, երբեմն ալ օրինականութեան շղարշի տակ, առանց արդիւնքի հասնելու: Դատարաններու վճիռները սառցալերան երեւցող փոքրիկ մասն են միայն:

Փտախտը (կոռուպցիա) կ’արտայայտուի զանազան ձեւերով եւ զանազան մակարդակներու վրայ: Հայրը կամ մայրը, դիրքի չարաշահումով, իրենց զաւակները կը տեղաւորեն զանազան պաշտօններու վրայ, ստեղծելով նոր օրերու «էսթէպլիշմընթ»ային աւատապետութիւնը: Եթէ կարելի ըլլար կազմել ցանկը իւրաքանչիւր երկրի հասութաբեր դիրքերու վրայ գտնուող անձերու ընտանեկան պատկանելիութեան, աւելի իրատես կ’ըլլայինք:

Երբեմն փտախտի (կոռուպցիա)ի պարագաներ կը հրապարակուին եւ յայտնի մարդիկ դատարան կը տարուին, նոյնիսկ կը դատապարտուին, բայց քանի մը տարի ետք կը վերայայտնուին, եւ առանց խպնելու կ’ըսեն, թէ «ընկերութեան հանդէպ իրենց պարտքը վճարած են», յանցանքը քաւած են, եւ կը վերսկսին, կարծէք ոչինչ պատահած ըլլայ: Եւ ոչ ոք կը զարմանայ: Չզարմանալով եւ մոռացութեամբ՝ բարենիշ կը տրուի:

Փտախտը (կոռուպցիա) ոճիր է, եւ ինքզինք յարգող պետութիւնը, կամ այլ իշխանութիւն մը, որ ինքզինք կոչած կ’ըլլայ ժողովուրդի ծառայութեան (այդպէս կը լսենք), այդ ոճիրին դէմ պայքարը առաջնահերթ պէտք է համարէ, եթէ ինք ալ մասնակից-մեղսակից չէ: Փտախտը, ուր որ ալ երեւան գայ, բարձրագոյն կամ համեստ մակարդակներու վրայ, ընկերութիւնը, ընկերային կարգերը, կանոնները, բարքերը հարուածող ոճիր է: Փտախտը, ուր ալ գտնուի, կ’արգելակէ յառաջդիմութիւնը եւ բարօրութիւնը:

Փտախտը (կոռուպցիա), որ համատարած երեւոյթ է, ընկերատնտեսական զարգացումը կը խոչընդոտէ, անկարելի կը դարձնէ, կը շեշտէ անհաւասարութիւնները, որոնց հետեւանքով կ’աճի թշուառութեան կեղը: Փտախտը կաշառակերութենէն անդին կը տարածուի, երբ անմիջական եւ մեծ շահերու հետամուտ ըլլալով, ներդրումները եւ նախաձեռնութիւնները կը դադրին ուղղուած ըլլալէ դէպի ընկերութեան եւ երկրին համար օգտակար եւ կենսական նպատակները: Ցած աշխատավարձով այլ երկիրներ երբ կը փոխադրուի արտադրութիւնը, յաւելեալ շահի համար երեւութապէս հանդուրժուող փտախտ է (կոռուպցիա), օրինականութեան պիտակով:

Փտախտը (կոռուպցիա) աշխատանքի արդիւնքի եւ միջոցներու անհատական իւրացման եւ կեդրոնացման հետեւանքով կրթական համակարգը կը զրկէ կարելիութիւններէ, հետեւանքը կ’ըլլայ այն՝ որ բնակչութեան ուսումնական մակարդակը անկում կը կրէ, նոյն ձեւով անկում կը կրէ նաեւ առողջապահական մարզը,- բժշկութիւն, դարմանումներու որոնում, կենսամակարդակի անկում: Այս վերջինի հակապատկերն է փոքրամասնութեան գայթակղեցնող ճոխութիւնը, պերճանքը, յղփացումը:

Անմիջականի ճնշումէն եթէ պահ մը հեռանանք, կը հաստատենք նաեւ որ փտախտը իր յորձանքին մէջ կ’աւերէ նաեւ անհատական ազատութիւնները եւ ժողովրդավարութիւնը, քանի որ զանոնք կը դարձնէ վաճառքի ապրանք, թշուառութեան մատնուածներու ազատութիւն-քուէն գնելով կամ մեծածախս ծանուցում-քարոզչական միջոցներով հանրային կարծիք ձեւաւորելով: Հարկ է երբեմն մտածել թէ ի՞նչ կ’արժեն երեսփոխանական կամ նախագահական ընտրութիւն մը:

Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ արդարադատութիւնը եւ զանգուածային լրատուամիջոցները յաճախ թիրախ են եւ զոհ նոյն փտախտին, այսինքն՝ դրամի կայսերական նախայարձակման եւ տիրակալութեան:

Փտախտի (կոռուպցիա) ընկերային կեղը կայ ամենուրեք, մեծ եւ փոքր, հարուստ եւ աղքատ երկիրներու մէջ, ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն, քաղաքներու եւ համայնքներու մէջ: Երբեմն գայթակղութիւն մը կ’իմացուի, կը յառաջանայ յուզում, նիւթ կը հայթայթուի լրատուամիջոցներուն, կը սրուին հետաքրքրութիւնները եւ ապա կեանքը կը վերագտնէ իր հունը: Հանրային կարծիքը հանդարտեցնելու համար օրէնքները սրբագրութիւններ կը փորձեն ընել, բայց անզօր են չարաշահումներու կեղը վերջնականապէս վիրահատելու:

Փտախտը կը հարուածէ համեստ խաւերը, վերնախաւի մարդիկ զիրար կը ճանչնան, մենաշնորհները եւ պաշտօնները իրարու միջեւ կը բաժնուին,- ընտանեկան, ընկերահամակրական: Չենք զարմանար, կը հաշտուինք, սերունդէ սերունդ կրկնուող անուններով, դիրքերու վրայ տեսնելով նոյն ընտանիքի անդամները:

Մեծ քաղաքագէտ եւ իմաստուն ըլլալու կարիք չկայ տեսնելու համար, որ փտախտի (կոռուպցիա) պատճառով ընկերային կեանքը կը խանգարուի,- քաղաքական, ընկերային, մշակութային, կրթական, բարոյական,- պատեհապաշտութիւնը կը դառնայ համատարած, բնականօրէն կը բազմանան ոճիրները, մենաշնորհներու պատճառով կը խախտին շուկայի օրէնքները: Մանր առեւտուրը, արհեստները աստիճանաբար կ’անհետանան, մեծ ընկերութիւնները, ինչպէս մեծ վաճառատուները կը յառաջացնեն գործազրկութիւն, եւ անոր հունով՝ թշուառութիւն:

Սահման չճանչցող փտախտը պատճառ է նոյն երկրին մէջ ապակայունութեան, նաեւ՝ միջազգային հաւասարակշռութեան ապակայունացման, քանի անաշխատ շահերու կուտակումը ինքնին փտախտ է, եւ այդ կուտակման հզօր ցանկութիւնը յարաճուն է, սահման չի ճանչնար: Պայքարող կազմակերպութիւններ կան, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, ինչպէս ՄԱԿի Զարգացման Ծրագիրը կամ թմրեցուցիչներու եւ ոճիրներու դէմ պայքարի գրասենեակը: Արդիւնքները վտիտ են:

Ինչպէ՞ս օրինական ձեւերով պայքարիլ համատարած փտախտի (կոռուպցիա) դէմ, երբ ան կ’անտեսէ օրէնք եւ բարոյական, շահագործելով եւ իրեն ծառայացնելով նոյնիսկ օրէնքները, անբարոյացնելով զանոնք, մանր մակարդակէն մինչեւ վերերը:

Երբ մանուկ էինք, հեռատեսիլ չկար, երէցները հէքիաթներ կը պատմէին: Անոնցմէ մէկը կը յիշեմ, ուր կը խօսուէր հարստացում դիզած թագաւորի մը դէմ եղած ըմբոստութեան մասին: Այդ թագաւորը հետեւեալը ըսած է իր հեռացումը պահանջողներուն: Ես ոչինչ ունէի, հարստութիւն դիզեցի եւ կշտացայ, հիմա զիս պիտի փոխարինէք ոչինչ ունեցող մը, որ իր կարգին հարստութիւն պիտի դիզէ… Կարծէք այդ թագաւորը այսօր ապրէր:

Յիշուած հէքիաթէն ներշնչուելով ըսենք, որ թագաւորները պիտի կարենա՞ն գերանցել իրենց փտածութիւն յառաջացնելու հակամէտ ախտը:

Յաճախ կը յիշեմ անցեալ դարու իմաստունը, որ կ’ըսէր, թէ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»*, փոխանակ աւազակութիւնը խելացութիւն, ճարպիկութիւն եւ աչքաբացութիւն համարելու, որոնք հաւաքաբար անբարոյութիւն են:

Յ. Պալեան

hairenikweekly.com

07/02/2017

Տպել Տպել