Ինչո՞ւ Պէտք Է Քուէարկել Հ.Յ.Դաշնակցութեան…

…Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը հետեւողական է իր կեցուածքներուն մէջ եւ իր խօսքին տէրն է։

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստական փուլի օրերն են։ Կուսակցութիւններ, քաղաքական հոսանքներ կամ դէմքեր հեւքոտ աշխատանքի մէջ են դաշինքներ, ցանկեր կազմելու նպատակով։

Անցնող օրերուն ականատես դարձանք այս կամ այն դաշինքի կազմութեան, այս կամ այն քաղաքական հոսանքի կամ դէմքի՝ տուեալ դաշինքի միանալու փափաքի մերժումին, բանակցութիւններու (կամ սակարկութիւններու) ձախողութեան, կամ համաձայնութիւններու յանգումին։

Իսկ Չորեքշաբթի, 15 Փետրուարին, Դաշնակցութիւնը ըրաւ այն, ինչ որ յայտարարած էր ամիսներէ ի վեր, որ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի ինքնուրոյն, առանց այլ քաղաքական ուժի մը հետ դաշինքի։
Այդ օր կայացած մամլոյ ասուլիսին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան յայտարարեցին կուսակցութեան թեկնածուներուն ցանկը եւ այս ձեւով ալ յստակացաւ ընտրութիւններուն՝ Դաշնակցութեան ինքնուրոյն, առանձին մասնակցելու հարցը։

Յայտարարուեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ.ի ընտրական կարգախօսը՝ «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան»։

Ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ «Նոր սկիզբ»ը։ Իր անկախութենէն ի վեր առաջին անգամը ըլլալով, Հայաստանի մէջ կառավարման նախագահական համակարգը կը փոխարինուի խորհրդարանականով եւ սա կարեւոր ու միաժամանակ նոր սկիզբ մըն է, որովհետեւ միաժամանակ՝ երկրի քաղաքական համակարգն է, որ կը փոխուի։

Վաչէ Բրուտեան

ՍԿԻԶԲԷՆ ԷՐ ԲԱՆԸ…

1918ին, Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադրութեան ու ղեկավարման մէջ, մեծ էր դերը Հ.Յ.Դաշնակցութեան։ Այդ հանրապետութեան կառավաման համակարգը եւս խորհրդարանական էր եւ ոչ թէ նախագահական։ Սա կը նշանակէ, որ Հ.Յ.Դ.ի համար անփոփոխ սկզբունք է խորհրդարանական վարչաձեւը։ Այդպէս էր 1918ին, այդպէս էր 1991ին, երբ վերանկախացաւ Հայաստանը ու այդպէս է նաեւ հիմա։ 1995ին, երբ Հայաստանի քաղաքական օրակարգին վրայ դրուեցաւ սահմանադրութեան հարցը, Հ.Յ.Դ.ն պնդեց խորհրդարանական համակարգին վրայ, ընդգծեց անոր առաւելութիւնները։ Օրին, այս տեսակէտը ընդառաջում չգտաւ եւ այդ օրէն ասդին, Հայաստան կառավարուեցաւ անհատի մը՝ այս պարագային, նախագահի մը կողմէ։

Սակայն Հ.Յ.Դ.ն շարունակեց պնդել, որ անհրաժեշտ է որդեգրել խորհրդարանական վարչաձեւը։ Պնդեց ու պայքարեցաւ այդ ուղղութամբ, միաժամանակ ցոյց տալով, որ ցարդ գոյութիւն ունեցող նախագահական համակարգը արատաւոր է ու ինքզինք սպառելու վրայ է։

Օրերը ցոյց տուին Հ.Յ.Դ.ի իրաւացիութիւնը։ Արտաքին ճակատի վրայ Հայաստանի խոցելիութիւնը, միաժամանակ ներքին ընկերային ֊ տնտեսական կեանքի վատթարացումը փաստեցին Հ.Յ.Դ.ի թեզերուն արդարացիութիւնը։

Համակարգային փոփոխութեան հասնելու նպատակով Հ.Յ.Դաշնակցութեան մղած յամառ պայքարը արդիւնաւորուեցաւ սահմանադրական բարեփոխումներով։ Այս ընտրութիւնները հիմքը պիտի հանդիսանան Հայաստանի կառավարման նոր համակարգին։

Վերոնշեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Արմէն Ռուստամեան, ակնարկելով յառաջիկայ ընտրութիւներու կը յայտարարէր, որ «Մենք արդէն քանի տարի է՝ երկրում արմատական փոփոխութիւններ իրականացնելու մի ամբողջական ծրագիր ենք իրականացնում… եւ սա իր արդիւնքները պէտք է տայ կարեւորագոյն այս հանգրուանը յաղթահարելու պայմաններում։ Ընտրութիւնները լինելու են այն գլխաւոր խթանը, որ կարողանանք մեր սկսածն իր աւարտին հասցնել»։

Յառաջիկայ տարի, 2018ին, երբ աւարտի նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարումը, այս խորհրդարանէն բխած կառավարութիւնը, գործադիր իշխանութիւնն է, որ իր ձեռքը պիտի առնէ երկրին ղեկը ամբողջութեամբ։ Ու այս բոլորը, շնորհիւ մեծ մասամբ Հ.Յ.Դ.ի ճիգերուն։ Այն Հ.Յ.Դ.ին, որ ներկայ խորհրդարանին մէջ ունի միայն… 5 պատգամաւորներ։

Ռուստամեան, ընդգծելով այս մասնայատուկ կէտը, կ’ըսէր, թէ ցարդ գործող համակարգէն ներս մարդիկ փոխուած են, իշխանութիւններ փոխուած են, սակայն «իշխանութեան որակ չի փոխուել եւ մենք, նոր սկիզբ ասելով, առաջին հերթին հասկանում ենք, ակնկալում ենք, որ դա պէտք է բերի նոր որակի իշխանութիւն, որ կարող է լուծում տալ այս բոլոր կուտակուած խնդիրներին… Դրա համար մենք պէտք է ունենանք այնպիսի ներկայութիւն Ազգային Ժողովում, որ այս գործընթացները լինեն անխափան եւ նպատակային։ Սա է ընդհանուր ծրագիրը, որը Դաշնակցութիւնը պէտք է իրականացնի»։

Ու այս բոլորը շնորհիւ այն հանգամանքին, որ Հ.Յ.Դ.ն համոզումով ու վճռականութեամբ կառչած է իր փայփայած սկզբունքներուն եւ յամառօրէն կը հետապնդէ զանոնք։ Այսինքն, «նոր սկիզբ»ի ազդանշանն է, որ կը տրուի Հ.Յ.Դ.ին կողմէ։ «Նոր սկիզբ» մը, որուն նկատմամբ յանձնառու է Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։

«ԱՐԴԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»

Կառավարման արատաւոր համակարգը կը ծնի անարդարութիւն, իսկ անարդարութիւնը մայրն է ամենայն չարեաց։

Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, թէ Հայաստանի ներքին ընկերային ֊ տնտեսական կեանքէն ներս ժողովրդային ինչքան դժգոհութիւն կայ։ Այս դժգոհութիւնը արդիւնք է անարդարութեան։ Անարդարութիւն՝ տնտեսական կեանքէն ներս, ուր մենաշնորհները ոչ մէկ զարգացում թոյլ կու տան ու կը խափանեն չքաւորութեան նուազեցումը, երկրի եկամուտներու արդար բաշխումը, ուժեղ միջին խաւի մը կազմութիւնը։
Երկրին մէջ տիրող անարդար մթնոլորտն է, որ կը նուազեցնէ ապագայի հեռանկարները նոր սերունդին համար։ Գումարենք այս բոլորը իրարու վրայ եւ հետեւանքը կ’ըլլայ արտագաղթը, որուն վնասներուն մասին աւելորդ է որեւէ քննարկում։

Շուտով պիտի հրապարակուի Հ.Յ.Դ.ի ընտրական ծրագիրը (փլաթֆորմ) ու հոն պիտի տեսնենք մեր ընկերվարական մօտեցումները եւ այդ նոյն մօտեցումներէն բխած լուծումները երկրի ընկերային ֊ տնտեսական խնդիրներուն։ Նախորդ ընտրութիւններուն եւս, Հ.Յ.Դ.ի հրապարակած բոլոր ընտրական ծրագիրները հիմնուած էին իր դաւանած ընկերվարական սկզբունքներուն վրայ։
Մենք կառչած ենք այս սկզբունքներուն՝ հետեւողական կերպով։ Հ.Յ.Դ.ն հաւատացած է, որ միայն ընկերվարութիւնն է, որ կրնայ արդար հասարակարգ ստեղծել, վերջ տալ ամէն տեսակի չարաշահութիւններուն ու շահագործումներուն. ախտեր, որոնք ներկայիս մեր երկիրը ներքուստ կը կրծեն։

Ու ինչքան արդար ըլլայ հասարակարգը, այնքան ազատ կ’ըլլայ նաեւ քաղաքացին. միայն ազա՛տ քաղաքացին է, որ ի վիճակի է իր հայրենիքին նկատմամբ ամբողջական յանձնառութեան։
Կասկած չկայ, որ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը կը ձգտի հիմնական բարեփոխումներու։ Հ.Յ.Դ.ն փաստած է, որ ինք յանձնառու է այս հիմնական փոփոխութիւններուն։ Այս հիմնական պատճառով պէտք է քուէարկել Հ.Յ.Դաշնակցութեան։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

16 Փետրուար 2017

Տպել Տպել