«Ազդակ»ի խմբագրական. Խորհուրդը Պիտի Վերագրաւէ Իր Համարժէք Պատուանդանը

(Փետրուարեան Ապստամբութեան 96-ամեակին Առիթով)

Փետրուարեան ապստամբութեան նշումը երկար ատենէ ի վեր չ՛ունենար համարժէք արձագանգ: Կար ժամանակ, երբ փետրուարեան խորհուրդին ամրօրէն կառչած, յատկապէս սփիւռքեան ամէնէն կազմակերպ համայնքներուն մէջ փետրուարեան այս խորհրդանշական օրը կը նշուէր, կը տօնուէր, կ՛արժեւորուէր արժանավայել կերպով, երբ մանաւանդ խորհրդային պատմաքաղաքական շրջանակները զայն նսեմացնելու եւ իրողութիւնները խեղաթիւրելու իրենց քաղաքականութեան մէջ ապստամբութիւնը կ՛որակէին աւանդուրա (արկածախնդրութիւն):

Աւելի ուշ, երբ քաղաքական իրադարձութիւններու ելեւէջները համեմատաբար խաղաղ բնոյթ տուած էին հակախորհրդային գաղափարական պայքարին, Փետրուարեան ապստամբութեան նշումը չէր արձանագրեր նոյն ուժգնութիւնը: Հայրենիքի վերանկախացումէն ետք փետրուարեան կարեւոր այս խորհուրդին նշումը սահմանափակուեցաւ ապստամբութեան ծայր առած միջավայրին` Գառնիի մէջ կայացող ձեռնարկներու շարքով եւ չգրաւեց համահայաստանեան հարթութիւն` արդէն կորսնցուցած ըլլալով իր համասփիւռքեան տարողութիւնը:

Կան խորհուրդներ, իրադարձութիւններ, որոնց նշումը պէտք չէ ազդուի քաղաքական իրադարձութիւններու ելեւէջներէն կամ նոյնիսկ գաղափարական պայքարներուն արձանագրած մակընթացութիւն-տեղատուութիւն գործընթացներէն:

Համաժողովրդային շարժումները, ապստամբութիւնները պատմական իրենց պարունակին մէջ արժեւորելը, ապստամբութիւններու գաղափարական ակունքները լոյսին բերելը եւ ազատութեան ու ազատագրութեան ձգտումին համար նահատակուելու իրականութիւնը մնայունօրէն իրերայաջորդ սերունդներուն փոխանցելը բնական ընթացք է, գիտակցական մղում, որ չի կրնար արժեւորման ելեւէջներու ենթարկուիլ: Այս առումով ալ, եթէ չկան փետրուարեան խորհուրդին դէմ յարձակողներ` երբ չկան հիմա զայն արկածախնդրութիւն որակողներ, այդ չի նշանակեր, որ համաժողովրդային ապստամբութեան նշումը նախկին հնչեղութիւնը պէտք է կորսնցնէ: Հակազդեցութեան կարգով չէ, որ կը նշուին նման խորհուրդները:

Յուլիսեան դէպքերուն, հրապարակային քննարկումներուն լսեցինք ու կարդացինք անտեղի զուգահեռներ Էրեբունիի գործողութեան եւ Պանք Օթոմանին կամ Լիզպոնին հետ: Եղան նաեւ չհիմնաւորուած բնութագրումներ Էրեբունիի գործողութեան յաջորդած ցոյցերուն` զանոնք նկատելով ժողովրդային ապստամբութիւն: Բացակայեցաւ համեմատութիւնը Փետրուարեան ապստամբութեան հետ:

Անշուշտ անհամեմատելի է Փետրուարեան ապստամբութիւնը յուլիսեան ցոյցերուն հետ, ինչպէս անհամեմատելի էին Պանք Օթոմանն ու Լիզպոնը Էրեբունիին հետ: Սակայն Փետրուարեան ապստամբութեան չյիշատակուիլը, ոչ թէ անհամեմատելիութեան գիտակցութենէն կու գար, այլ ընդհանրապէս մարդոց մտապաստառէն բացակայելէն:

Փետրուարեան ապստամբութեան խորհուրդի ատենին բացատրութիւնը, հիմնաւորումը, դէպքերու ներկայացումը եւ օրուան պայմաններուն մէջ նախաձեռնուած շարժումին շատ արագ համաժողովրդականացումը կը համոզեն բոլորը, որ ժողովրդային ապստամբութիւնը կ՛իրականանայ արտաքին, բռնագրաւող ուժի ներկայացուցիչներուն դէմ, որոնք ամէն տեսակի բռնատիրական հալածանքներու կը ձեռնարկեն երկրի սեփական ժողովուրդին եւ անոր քաղաքական ներկայացուցիչներուն դէմ:

Այժմէականացման կարգով Փետրուարեան ապստամբութեան խորհուրդը իր պատմաքաղաքական հիմնաւորումներով լոյսին բերելը հիմնովին կը նպաստէ ջրելու այս պարագային ներքին թշնամիի կերպար ստեղծելու փորձ կատարողներուն, սահմանային իրավիճակները անտեսելով ներքին լարուածութիւն ստեղծելու կոչեր հրապարակողներուն եւ ցնցումային հանգրուաններ խոստացողներուն մօտեցումները:

Փետրուարեան ապստամբութեան խորհուրդի նշումը անհրաժեշտ է, որ վերագրաւէ իր համարժէք պատուանդանը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել