Անձէն Առաջ Առաջադրանքներու Ճշդումի Հրամայականը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հրապարակած յայտարարութիւնը իր բովանդակային իւրայատկութեամբ եւ եզակիութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական նորարար մշակոյթի ձեւաւորման նպաստող հիմնական քայլ է: Նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ` Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութիւնը անհրաժեշտութիւն կը նկատէ թեկնածուի անձի ճշդումէն, մասնակցելու եղանակի որդեգրումէն, սեփական թեկնածուո՞վ, թէ միասնական թեկնածուով ընտրութիւններուն մասնակցելու ընտրանքը կատարելէն առաջ, առաջադրել այն խնդիրները, որոնք հիմնական նշանակութիւն ունին պետականաշինարարական աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս հանրապետութեան համար տեսանելի մարտահրաւէրները դիմակայելու առումով:

Խնդիրները, որոնք ներկայացուած են յայտարարութեամբ, առաջնային կարեւորութիւն կը ներկայացնեն համապետական տարողութեամբ եւ որոնց լուծման ճիշդ ուղիներու որդեգրման նախանիշերը եւս ամրագրուած են այնտեղ:

Ընտրակաշառքն ու առհասարակ ընտրական համակարգի արատաւորուածութիւնը համակողմանիօրէն կ՛արծարծուին: Այստեղ կ՛առաջարկուի սրբագրութեան ուղին, որ կը հետապնդէ ժողովուրդի հարազատ կամարտայայտութեան առարկայացումը եւ կը յանգի խորհրդարանական համակարգի գոյառման անհրաժեշտութեան, որուն համար ալ կ՛առաջարկուի սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէ` գործադրութեան ժամկէտի նշումով:

Կառուցողականութիւնը գերակշիռ է այս պարագային: Կայ ախտը, որուն դիմաց շրջանցումի եւ սրբագրութեան անհրաժեշտութիւնը, ապա առաջարկուած եղանակը, նոյնիսկ` ժամկէտը:

Կամ` տարբեր օրինակ մը: Փտածութեան երեւոյթին դէմ անընդհատ յանկերգուող ողբերու եւ այդ պատճառով ախտահարուած համակարգի եւ հասարակութեան անհետեւանք անդրադարձը այստեղ բոլորովին այլ կերպով նշուած է: Կաշառքի դէմ պայքարին համար յստակ կ՛առաջարկուի ընդդիմութեան աշխուժ մասնակցութիւնը երեւոյթի վերացման պայքարին մէջ: Աւելի՛ն. կը պահանջուի ստեղծուելիք հակափտածութեան գործակալութեան ղեկավարումը վերապահել ընդդիմութեան` Վերահսկիչ պալատի խորհուրդին մէջ ընդդիմութեան չափաբաժինի ամրագրումով: Այստեղ եւս քննադատուած է խնդիրը, բայց կայ նաեւ խնդիրը արմատախիլ ընելու գործնական մեքենականութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան ամենահրատապ երկու համահայկական հիմնահարցեր եւս ներառուած են նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ յայտարարուած առաջադրանքային փաստաթուղթին մէջ:

Առաջինը` արցախեան հիմնահարցին մէջ կ՛առաջադրուի Հայաստանի Հանրապետութիւն – Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ռազմավարական դաշինքի կնքում, որ ճանաչումի իբրեւ նախաքայլ արարք կարելի է ընկալել: Եթէ այլոց պարագային Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ճանաչումի պահանջը Հայաստանի կողմէ` իրաւամբ կը մեկնաբանուի եւ կ՛ընկալուի իբրեւ ամբոխավարութիւն, այս պարագային ըմբռնելով ճանաչումի քայլը բանակցութիւններէն հրաժարելու համազօր արարք, Գերագոյն մարմինը այս հանգրուանին իրողական ճանաչումը հաստատող եղանակ կ՛առաջադրէ իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ այդ ճամբով ամբողջ Հայաստանի անվտանգութեան երաշխիք: Այստեղ եւս իւրայատուկ եւ դրական լիցք հաղորդող քաղաքական տրամաբանութիւնը կը բանի: Չի բաւեր պահանջել Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչում. պէտք է հաշուարկել հետեւանքները, որոնք կրնան բացասական հետեւանք ունենալ ոչ միայն գործող իշխանութիւններուն համար, այլ ամբողջ հանրապետութեան: Եւ այս նուրբ եզրագիծն է, որ միշտ յարգուած է Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան Գերագոյն մարմինին կողմէ:

Եւ վերջապէս հայ-թուրք յարաբերութիւններու ուղղութեան վրայ պահանջը չի սկսիր ու չի վերջանար տխրահռչակ արձանագրութիւններէն հայկական կողմի ստորագրութիւնը յետս կոչելով: Յայտարարութիւնը կ՛առաջադրէ հայ-թուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման վերամշակում` մեկնելով Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութենէն եւ առանց վտանգելու հայ ժողովուրդի նպատակներու իրականացման, պատմական արդարութեան վերականգնման հեռանկարը:

Ներքին արատաւոր երեւոյթները արմատախիլ ընելու եւ արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւններու վրայ արձանագրուած բացթողումները սրբագրելու առաջադրանքային նախանիշեր ամրագրած այս յայտարարութիւնը նախագահական ընտրութիւններէն առաջ կը խօսի նախագահական ընտրութիւններէն ետք` յառաջիկայ հինգ տարուան ընթացքին սրբագրելի հարցերու եւ իրականանալի առաջնահերթութիւններու մասին: Խնդիր-լուծման առաջադրանքի իրականացման եղանակ-ժամկէտ մեթոտաբանութիւնը եւս ներառելով:

Ահա այն կառուցողականութիւնը, որ հիմնովին կը նպաստէ պետականաշինարարութեան գործին եւ քաղաքացիական առողջ հասարակարգի ձեւաւորման: Ահա նաեւ քաղաքական մշակոյթի այն նորարարութիւնը, որուն որդեգրման համար ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը կը ձեռնարկէ համակողմանի քննարկումներու:

Նախագահական ընտրութիւններուն անձի թեկնածուի ճշդումէն առաջ իրականանալիք առաջադրանքներու թեկնածութեան ճշդումը աւելի քան անհրաժեշտութիւն է: Այս առաջադրանքներուն շուրջ ընդհանուր համաձայնութիւնը եւ մանաւանդ համաձայնութենէն ետք անոնց իրականացման համար յանձնառութեան ստանձնումը ճամբայ հարթած կ՛ըլլայ թեկնածուի անձին շուրջ համախմբուելու: Անձը կը դառնայ միջոց համընդհանուր ընկալելիութեան եւ զօրակցութեան արժանացած առաջադրանքներու իրականացման համար:

«ԱԶԴԱԿ»-ի խմբագրական

Տպել Տպել