«Ազդակ»ի Խմբագրական. Պատերազմներու Փոխանցած Դասերը

(Վարդանանց Տօնին Առիթով)

Վարդանանց պատերազմի հիմնական դասը, անկախ գաղափարախօսական բարոյական ուսանելիութենէն, ռազմագիտական առումով կռուելաձեւի փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնն էր:

Ճակատային պատերազմէն դէպի փարթիզանական կռուելաձեւի անցումը, Վարդանանց պատերազմի փոխանցած ուղերձն էր: Եւ, ըստ էութեան, զուտ ռազմագիտական առումով վահանեանց փարթիզանական կռուելաձեւն էր, որ պարտադրեց Նուարսակի դաշնագիրը եւ հզօր Պարսկաստանին թելադրեց հաշուի նստիլ Հայաստանի հետ:

Եւ ինչպէս Վարդանանցը, այնպէս նաեւ իւրաքանչիւր պատերազմ կը փոխանցէ իր դասերը: Հաւանաբար նաեւ ո՛չ միայն արտաքին, այլ նաեւ ներքին առումով: Հայկական կողմը պիտի գիտակցէր, որ Վարդան-Վասակի կամ հերոս-դաւաճանի պիտակաւորումները ժողովրդային մակարդակի վրայ դիւրին ընկալում եւ տարածում գտնող, սակայն քաղաքականօրէն առաւել չբերող մօտեցումներ էին:

Թշնամիին հետ վարուելու պատերազմական ոճէն զատ այլ ուղի մատնացոյց ընողին նկատմամբ հայրենասիրութեան չափագրումներ կատարելը իբրեւ նախնական մօտեցում կ՛ընկալուի այսօր. միաժամանակ, սակայն, օրուան պայմանները նկատի առնելով, երբ հնչած է այլեւս մահ ու կենաց կռուի ահազանգը, գերակայ է համախմբուիլը, ազգ-բանակի վերածուիլը եւ հաւաքական ծառացումը: Այդ ահազանգէն ետք, այլեւս դասալքումը արտօնելի չ՛ըլլար: Մինչեւ ահազանգը սակայն քննարկումները, տարատեսակ տեսութիւններ յառաջ մղելը կը նկատուին օրինաչափ, հասկնալի:

Յամենայնդէպս, Վասակի ներկայացուցած տեսակէտները չէին, որ Վարդանանց պատերազմի փաստէն ետք ընդունելի կը դառնային: Բռնացողին դէմ կռիւ կար մղելիք, որովհետեւ դիւանագիտութիւնը սպառած էր ինքզինք, եւ պատերազմը` իբրեւ փրկութեան միակ երաշխիքը, կը մնար անշրջանցելի միջոց:

Կռուի եղանակի փոփոխութեան անհրաժեշտութեան մասին էր խօսքը: Կռուելաձեւի մարտավարական հիմնական փոփոխութիւն, որ թշնամին դէպի խորերը կը քաշէր` հարուած-նահանջ գործողութիւններու շարքի մը փայլուն կատարողականութիւնը արձանագրելով: Արդիւնքը` Նուարսակի դաշնագիրը:

Այո.՛ իւրաքանչիւր պատերազմ կը փոխանցէ իր դասերը: Ապրիլեան պատերազմը, անկախ գերյագեցած ռազմարհեստագիտութենէն ու հեռակառավարելիութենէն, եւ անոնց իբրեւ արդիւնք մարդկային գործօնի դերակատարութեան նուազումին իբրեւ հետեւանք թշնամիին ձեռք ձգած առաւելութիւններէն, փոխանցեց հիմնական դաս մը:

Թալիշը, անզէն բնակչութեան դէմ կիրարկուած հրթիռարձակումը, հայ ծերունիներու մարմնական անդամահատումները, հայ գերեվարուած, նոյնիսկ զոհուած զինուորներուն գլխատումները վերահամոզեցին, որ հայկական կողմը գործ ունի ահաբեկչական պետական միաւորումի մը զինեալ հրոսակախումբերու, ռազմական յանցագործներու հետ, որոնց հետ վարուիլը ունի մէկ միջոց: Անվերջ սանձահարում եւ պատժիչ ու ցաւոտ պատասխաններ, որոնք անդադար պիտի կիրարկուին թշնամիին դէմ: Միայն նոր տարածքներու կորուստի գնով եւ մեր պարագային նոր տարածքներու ազատագրման փաստին դիմաց է, որ Պաքուն համաձայն կ՛ըլլայ զինադադարի եւ այդ զինադադարի հիման վրայ կնքուելիք խաղաղութեան մեծ համաձայնութեան, առաջադրուած` 94-95-ի զինադադարային եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններուն:

Այս պայմաններուն մէջ ալ փոխզիջման մասին խօսիլը, բարձրաձայնելը մեր կողմէն Վասակի բնութագիրներով կրնայ յատկանշուիլ, երբ այլեւս պարզ է, որ գործ ունինք ահաբեկչական պետական միաւորի զինեալ հրոսակախումբերու հետ:

Վարդանանցը ուղերձ փոխանցեց Վահանեանց: Ապրիլի ուղերձներուն հետ հայկական զինեալ ուժերը հաշուի նստած են եւ անպայման կը պարտադրեն խաղաղութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել