Դաշնակցութեան առաջադրանքը, Դաշնակցութեան խոստումը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեր ժողովուրդին կը ներկայանայ յստակ առաջադրանքով եւ բիւրեղացած խոստումով։

Դաշնակցութիւնը կ՚առաջադրէ հայրենի ժողովուրդին հետ միասնաբար հիմնադրել նոր սկիզբ մը՝ դէպի իսկական ժողովրդավարութիւն. դէպի իրական հաւասարութիւն. դէպի բարգաւաճ տնտեսութիւն. դէպի արդիւնաւէտ իշխանութիւն. դէպի իրաւական պետութիւն։

Դաշնակցութիւնը կը խոստանայ հայրենի ժողովուրդին՝ հիմը դնել արդար Հայաստանի, ուր հայ ժողովուրդն է իրաւական տէրն ու վճռողը երկրի իշխանութեան. ուր իշխանաւորները ամբողջապէս համարատու են ժողովուրդին. ուր գործնապէս կը պաշտպանուին եւ կը կիրարկուին քաղաքացիին ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական իրաւունքները. ուր իւրաքանչիւրը հաւասար է օրէնքի առջեւ եւ օրէնքը ի զօրու է անխտիր իւրաքանչիւրին. ուր կը գործէ իրաւական պետութիւն՝ ժողովուրդին կամքով ու ժողովուրդին համար։

Այս առաջադրանքն ու խոստումը ընտրական քարոզչութիւն չեն։ Անոնք կը բխին Դաշնակցութեան գաղափարական էութենէն եւ փաստացի գործի կազմակերպական փորձառութենէն։ Իր հիմնադրութիւնէն ի վեր Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ մնացած է եւ մշտապէս հետեւողական եղած իր գաղափարական էութեան ու կազմակերպական կամքին, որոնք եղած են ու պիտի մնան միշտ ի սպաս մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին։ Այդպէս էր Դաշնակցութիւնը ազգային ազատագրական պայքարի եւ մեր առաջին անկախ հանրապետութեան օրերուն։ Այդպէս էր եւ է Դաշնակցութիւնը Սփիւռքի գաղթօճախներու տարածքին։ Այսպէս է եւ պիտի ըլլայ Դաշնակցութիւնը վերանկախացած Հայաստանի մէջ։

Սեդօ Պոյաճեան

Ապրիլի խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի գան վերջ տալու քառորդ դարեայ այն ազգային մսխումին, որուն ցմրուր կը տոկայ մեր ժողովուրդը վերանկախացումէն ի վեր։ Հայաստանի վերանկախացումը սրբազան խոստում մըն էր հայրենիքի մէջ ազատութեան, հաւասարութեան, իրաւականութեան եւ ժողովրդավարութեան վերադարձին։ Կարելի խոստում էր, որովհետեւ մենք կարողացած էինք զայն իրագործել եւ կիրարկել մեր առաջին անկախ հանրապետութեան մէջ։ Խոստումը աւանդ էր, որուն վերակենդանացումը պարտականութիւնն էր վերանկախացած հայրենիքի նոր իշխանաւորներուն։ Դժբախտաբար այդ խոստումը ցարդ կը մնայ անկատար։

Իբրեւ քաղաքական ուժ, իբրեւ գաղափարական շարժում եւ իբրեւ կազմակերպութիւն, Դաշակցութիւնը այսօր մեր ժողովուրդին կը ներկայանայ աւանդը վերադարձնելու եւ անկատար խոստումը իրագործելու յանձնառութեամբ։ Մեր ժողովուրդը հիմնաւորեալ պատճառներ ունի զօրակցելու Դաշնակցութեան յանձնառութեան եւ թիկունք կանգնելու, որպէսզի աւանդը կրկին կեանք ստանայ եւ խոստումը կատարուի։

Առաջին. Մեր ժողովուրդի հարազատ ծնունդն է Դաշնակցութիւնը։ Ան կը պատկանի ժողովուրդին եւ անոր տէրը ժողովուրդն է։

Երկրորդ. Դաշնակցութիւնը իր շարքերու եւ ժողովրդային համակիրներու համամտութեան արժանացած հաւաքական ղեկավարութիւն ներկայացնող կուսակցութիւն է։ Ընտրապայքարի մասնակցող միւս խմբաւորումները անհատ ղեկավարներու կամքը կատարողներ են, առանց գաղափարական հիմունքի ժամանակաւոր թիմակիցներ են։

Երրորդ. Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին կը ներկայանայ պետական աշխատանքի յստակ ծրագրով, որ հիմնուած է համակարգային ճիշդ փոփոխութեան սկզբունքներու վրայ։ Դաշնակցութեան համոզումն է, որ նոր սկիզբ ունենալու եւ արդար Հայաստան ստեղծելու համար մեկնակէտը պէտք է ըլլայ համակարգային փոփոխութիւնը։

Չորորդ. Դաշնակցութիւնը կը ներկայանայ ընտրական թեկնածուներու ամբողջական ցուցակով, որ բաղկացած է փորձառու, հմուտ, գործնապաշտ, կարող եւ երիտասարդ անհատներէ։ Անոնց մէջ գերակշռող է մասնագիտութիւնը, հանրային ծառայութեան գիտակցութիւնը եւ ժողովուրդին անսակարկ ծառայելու ոգին։ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու այս յատկութիւնները ի սկզբանէ վստահութիւն կը ներշնչեն Դաշնակցութեան հետապնդելիք վարքագծի հետեւողականութեան եւ հաստատակամութեան նկատմամբ։

Հինգերորդ. Դաշնակցութեան ներկայացուցած թեկնածուները սեփական ճակտի քրտինքով, սեփական բազուկի աշխատանքով եւ մտային կարողութեամբ գաղափարապաշտ ու նուիրուած հայորդիներ են։ Ի զուր է Դաշնակցութեան թեկնածուներու ցուցակին մէջ փնտռել անձնական շահ հետապնդողներ, քանի որ հոն չկան օլիկարգներ, գիւղապետ ջոջեր կամ ջոջագլուխ թաղապետեր։

Այս բոլորով, նաեւ պէտք է վստահ ըլլալ, թէ Դաշնակցութիւնը չէ դիմած եւ պիտի չդիմէ ընտրակաշառքի։ Թոյլատրելի չէ արատաւորել եւ նսեմացնել քաղաքացին ու իր ազատ ձայնը։ Դաշնակցութեան համար քաղաքացիին քուէն սուրբ է եւ անվաճառելի։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Տպել Տպել